ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ՝ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱ՛Ն
Յաճախ կ՚ըսենք, թէ՝ եթէ անցեալը չըլլար, ներկան գոյութիւն պիտի չունենար։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ տարեցներ չըլլային, ներկայ սերունդ մը գոյութիւն չէր ունենար։ Ճի՛շդ է ասիկա։ Բայց պակաս է։ Պէտք է շարունակել նաեւ՝ եթէ երիտասարդներ չըլլային, մենք ապագայ մը չէինք կրնար ունենալ։
Արդարեւ, եթէ տարեցը ներկային կառուցանողն է, երիտասարդն ալ՝ ապագայի՛ն։ Եւ այս իմաստով, ներկան կը յանձնուի եւ կը վստահուի երիտասարդին, որպէսզի ապագան կառուցուի ապահով ձեռքերով։
Ուրեմն, երիտասարդը մեր ապագա՛ն է։
Կիկեռոնի «Քաթօ Մայոր»ը, որ գրուած է Ն. Ք. 44 թուականին, բաղդատութիւն մըն է տարեցներու եւ երիտասարդներու, ուր տարեցներու փափաքը եւ կարօտը կը ներկայացուի երիտասարդութեան եւ ցոյց կը տրուի օրինակներ տարեցներու կարողութեան եւ տարողութեան, թէ իրենք ալ կրնան մասամբ չափով ըլլալ երիտասարդներու նման։
Տարեցներու եւ երիտասարդներու այս բաղդատութիւնը եւ տարեցներու «կարօտ»ը բացայայտ փաստերն են երիտասարդներու արժէքին եւ անոնց կարեւորութեան՝ սերունդներու պահպանման եւ տեւականացման կարեւոր եւ կենսական գործին մէջ։
Երբ կը խօսինք տարեցներու եւ երիտասարդներու մասին, որ կը նշանակէ «կեանքին մասին խօսիլ», քանի որ տարեցներ եւ երիտասարդներ կեա՛նքն իսկ են, կը մտաբերենք Տքթ. Վարդ Շիկահերի «Կեանքին հետ նորէն պար կը բռնեմ» խորագրով շահեկան եւ ուսուցանող յօդուածը։
Ուստի, կը ներկայացնենք սոյն յօդուածը մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, մեծ հաճոյքով՝ միշտ հաւատարիմ մնալով յօդուածին բնատիպին։
«ԿԵԱՆՔԻՆ ՀԵՏ ՆՈՐԷՆ ՊԱՐ ԿԸ ԲՌՆԵՄ»
«Կեանքի մասին լայն հարցազրոյց մը՝ զոր կատարեր են հոգեբաններ, յանգեր է ուշագրաւ արդիւնքի։ Հազար հինգհարիւր անձերու մէջ, հարցփորձի մասնակից երիտասարդներու աւելի քան ութսուն առ հարիւր համեմատութիւնը պատասխաներ են, թէ մինչեւ հիմա չե՛ն կրցեր ըստ բաւականի ըմբռնել իմաստը կեանքին եւ թէ այսուհետեւ շատ բան ալ չե՛ն սպասեր անկէ։
«Կը հետեւի, թէ անոնք կեանքի ճանապարհին մէջ հիասթափ եւ յոռետես մնացեր են, կանուխ ու վաղաժամ։
«Իր կարգին, միջին կամ անկէ վեր տարիքներու տէր անձերու, տարեցներու բաժնին եօթանասուն առ հարիւր համեմատութիւնը յայտներ են, թէ կեանքը կատակերգական կը թուի իրենց, ունի իր լաւ կողմերը եւ իրենք կ՚ապրին գոհունակ, առա՛նց դժգոհանքի։ Երեւան կու գայ ուրեմն՝ թէ այս երկրորդ խումբը կը յաջողի պահել իր ամուր յեցարանները, սէրը՝ լոյսին եւ արեւուն, խրախոյսն ու յուսադրումը, լաւատես հոգին։
«Երիտասարդներ աշխարհի տարածքին ընդհանրաբար, երկա՜ր ճամբայ մը կը նկատեն կեանքը, իրենց առա՛ջին իսկ քայլերէն։ Շա՜տ բաներ կը սպասեն անկէ, արագ, անհանդարտ կը քալեն, ցնորքներու ետեւէն կը վազեն հե՜ւ ի հե՜ւ։ Երազներ կը հիւսեն, կ՚ուզեն ժա՛մ առաջ տիրանալ նիւթական բաւարարութեան, ճոխ ու բարօր կենցաղի։ Մրցանքի մէջ են անվերջ, կ՚ուզեն զիրար գերազանցել զուարճասիրութեան եւ վայելքներու դաշտերուն վրայ։ Փոթորկայոյզ, նիւթականացած աշխարհի մը յորձանուտին մէջ կը տուայտին։ Հիւլէական յանկարծահաս զինամարտի մը մղձաւանջը կ՚ապրին, կեանքը չվայելած՝ անշնչանալու խռովքն ունին։
«Անոնք այդ վրդովումին մէջ, ըստ խորհող մտքի մը.- շախով-շուխո՛վ կը չխկացնեն բաժակները, կեանքը ժաղկացնելու, ծաղկազարդ, վարդերանգ տեսնելու համար։ Բայց իրենց ստեղծած երեւոյթին ու իրականութեան բախումի գիծին վրայ, կ՚իյնան յուսալքուած ու կ՚ըսեն.- Կեանքի մէջ, մեր ուզած կեանքը չկայ։
«Մինչդեռ տարեց անձեր, ա՛ւելի իրատես են կեանքի նկատմամբ, նկատեր են, թէ կա՛րճ ճամբայ մըն է ան։ Ա՛ւելի հանդարտ կը դիմագրաւեն անոր դժուարութիւնները, դիւրաւ լուծումներ կը գտնեն։
«Տարիներու հոլովոյթով, կը բիւրեղանան բարեկամութիւնները, անոնց մէջ ճշմարիտը կը մնայ, սուտն ու կեղծը կը ջնջուին։ Տարեցներ որոշ հասունութեան տիրացած՝ գիտեն կանգ առնել առհասարակ, կեանքի մէկ կէտին վրայ, ուր հասեր են բարիով։ Ինքնագոհ են, բաւարարուած՝ այն բաներով, զորս քաղեր են կեանքէն, հեռո՛ւ այլեւս նիւթի եւ փառքի անչա՛փ հետամտութիւններէն։ Ժամանակի արժէքը գիտեն, գիտեն՝ թէ.- Ժամանակի կորուստէն չա՛ր կորուստ չկայ։ Կը պահեն կեանքի սէրը, վառ հետաքրքրութիւնը, շահագրգռութիւնը ա՛նոր նկատմամբ։ Իրենց հաճոյք պատճառող զբաղումներու, սովորոյթներու, պտոյտներու եւ հանգիստի ա՛ւելի ժամանակ յատկացնելու առիթը կը գտնեն։ Կը քաղցրանայ նա՛եւ ամուսնական յարկը, լծակիցներն իրարու ա՛ւելի նեցուկ կ՚ըլլան, կատարած՝ իրենց պարտականութիւնները զաւակներուն հանդէպ։
«Վ. Թէքէեան կ՚ըսէ.
«Ես պարտուած մը կեանքէն, վիրաւորուած մը անկէ, ես կը մոռնամ ա՛մէն վիշտ ու կեանքին հետ նորէն պար կը բռնեմ…»։
Այսպէս կ՚ըսէ Տքթ. Վարդ Շիկահեր եւ այս խօսքերով կը վերջացնէ իր յօդուածը ահաւասիկ։
Երիտասարդութեան եւ ծերութեան մասին ֆրանսացիներուն խօսքը շատ իմաստալից է, եւ ամփոփ բացատրութիւն մը՝ երիտասարդներու եւ ծերերու բաղդատման.
«Ծերերը կարենային, եւ երիտասարդները կամենային»։
Արդարեւ, երիտասարդները, ինչպէս ըսինք, մեր ապագան են՝ ապահով եւ վստահելի արժէքները մեր գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն։
Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ՝ մարդ կրնայ պահանջել մէկէ մը այն՝ ի՛նչ որ տուած է։ Եւ ուրեմն մենք՝ ծերեր, տարեցներ՝ պարտաւոր եւ պատասխանատու ենք տալու այն ամէն բարոյական արժէք երիտասարդներուն, որպէսզի կարենանք պահանջել անոնցմէ ամենամեծ արժէքը՝ մեր ապագային ապահովութիւնը։ Ուստի, եթէ կ՚ուզենք լաւ ապագայ մը, պէտք է լա՛ւ հասցնենք մեր երիտասարդները՝ մեզի պէս եւ մեզմէ աւելի՛ կորովամիտ, աւելի՛ խոհական, աւելի՛ ուժեղ, անհատականութեան տէ՛ր։
Ապագան՝ երիտասարդներուն ձե՛ռքն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 3, 2018, Իսթանպուլ