ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԻՆ. Տ.Տ. ԳԷՈՐԳ Ե. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԵՒ Տ.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ

«Մենք միանգամայն անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի ենք համարում Սիրիայի հայոց թեմերու շուտափոյթ կազմակերպումը, որպէսզի Հայաստանեայց Եկեղեցու զաւակները չընկնեն կաթոլիկ եւ բողոքական միսիոնարների որոգայթների մէջ»

ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԾՐԱԳԻՐԸ

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, թէեւ ազատած եւ Երուսաղէմէն ալ հիասթափ դուրս ելած Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկսոսը, մտահոգ էր իր անցեալի Սիսի Աթոռի ապագայով, որքան ատեն որ Սիս վերադառնալ չկար այլեւu։ Օսմանեան պետութիւնը պարտադրած էր զինք Երուսաղէմ «հաստատուիլ» եւ մոռնալ Սիսի հիմնական նստավայրը։ Այդ խառնակ եւ անորոշ կացութեան մէջ Սահակ Բ. Կաթողիկոս ամէն ճիգ կ՚ընէր 1916 թուականին իր Երուսաղէմէն շատ կարճատեւ կեցութենէն ետք, միայն տասնհինգ ամիս, յանակնկալս աքսորուելով դէպի Դամասկոս։ Ստիպուած օժանդակութիւնը կը խնդրէր Սիւրիոյ եւ Լիբանանի Երուսաղէմապատկան երեք թեմերը Կիլիկիոյ Աթոռին փոխանցելու։

Նոյն մտահոգութիւնը ունէր նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը, որ 1924 թուականին կը գրէր Սահակ Կաթողիկոսին՝ հասկնալու համար Սիւրիոյ թեմերու կացութեան մասին։ Թէեւ Կիլիկիոյ ամենէն հաստատ եւ կեդրոնական թեմը Բերիոյ (Հալէպ) թեմն էր, որ կը մնար միակ յենարանը պատմական Աթոռին, Կաթողիկոսը կարիքը ունէր յաւելեալ թեմերու, կարենալ վերականգնելու համար Կաթողիկոսական Աթոռը։ Տարի մը ետք, Գէորգ Ե. Կաթողիկոս կրկին կը գրէր Խապայեան Կաթողիկոսին. «Կիպրոսի հայոց թեմի շուրջ եղած տարաձայնութեանց մասին նրա իրաւասութեան խնդրի վերաբերեալ»։

Սահակ Կաթողիկոս Հալէպէն կը պատասխանէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին 1927 ապրիլ 12 թուակիր, առանձին նամակ մըն ալ գրելով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նախանդամ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Վարդազարեանին, երկուքին ալ աւաղելով՝ «մենք գլուխնիս հանգչեցնելու տեղ չունինք»։ Միայն երկրորդ նամակին մէջն էր, որ կը յայտնէր իր խնդրանքը «ձանձրութիւն չտալու համար Նորին Սրբութեան», տալով Բագրատ Արքեպիսկոպոսին հայոց մօտաւոր թիւը՝ 1500 անձ Լաթաքիոյ մէջ, եւ 3-4000 անձ Դամասկոսի մէջ, չթաքցնելով իր յետին միտքը, թէ «Կիլիկիոյ եւ Երուսաղէմի աթոռներու եղբայրական համագործակցութիւնը մի՛այն Սրբազան Հայրապետի օրհնալիր միջնորդութեամբ գլուխ կրնար ելնել»։

Սահակ Կաթողիկոս տակաւին չէր համարձակեր ուղղակի թեմերու փոխանցումի խնդրանքը գրաւոր կերպով յանձնելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին։ Ան նամակ մը եւս կը գրէր այս անգամ ուղղեալ ԳՀԽ-ի անդամ Մատթէոս Արքեպիսկոպոսին, ներփակելով օրինակ մը իր «ԿՏԱԿ»էն, զայն յանձնելու համար Նորին Սրբութեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

1928 թուականի դեկտեմբերի 25-ին Մայր Աթոռը առաջին անգամ կը միջնորդէր Երուսաղէմապատկան խնդրոյ առարկայ թեմերու հաւանական փոխանցումին ի նպաստ։ ԳՀԽ-ի նախանդամ եւ 1923 թուականէն Գէորգ Ե. Կաթողիկոսէն նշանակուած Մայր Աթոռի Տեղակալ Խորէն Արքեպտսկոպոս Մուրատբեկեան յանուն Կաթողիկոսին կը գրէր Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեանին, ներփակելով Տ.Տ. Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի 1928 թուականի պաշօնագիրը՝ զայն անձամբ մատուցանելու Ամենապատիւ Եղիշէ Դուրեան Երուսաղէմի Պատրիարքին «իմանալու նորա անձնական կարծիքը եւ զեկուցանել Վեհափառ Հայրապետին»։ Քայլ մը առաջ երթալով, տեղակալին նամակը կ՚ըսէր, թէ փոխանցման խնդիրը կը քննարկուէր «բազմակողմանի կերպով, լայն սկզբունքային տեսակէտով, ի նկատի ունենալով միայն Սիրիայի հայութեան ազգային-կրօնական, եկեղեցական ու վարչական գործերի կազմակերպումը ու վարչաձեւի միութիւնը»։

Նոյն հարցի շուրջ Մայր Աթոռի տեղակալը յանուն Գէորգ Ե. Կաթողիկոսին կը գրէր Եղիշէ Պատրիարքին, թէ՝ «Մենք միանգամայն անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի ենք համարում. Սիւրիոյ հայոց թեմերու շուտափոյթ կազմակերպումը, որպէսզի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ զաւակները չընկնեն կաթոլիկ եւ բողոքական միսիոնարների որոգայթների մէջ»։ Իր կարգին, Խապայեան Կաթողիկոս 1927 ապրիլ 27 թուակիր նամակով կը նախատեսէր «Լիբանանի եւ Սիւրիոյ երկու գլխաւոր թեմերու կազմութիւնը., եթէ իր խնդրանքին ընթացք տար Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը, «առժամաբար» իրեն յանձնելով Պէյրութի եւ Դամասկոսի եկեղեցիները իրենց յարակից տեսուչներու բնակարաններով։ Խապայեան գնահատանքի խօսք մըն ալ կ՚աւելցնէր Դուրեանի նկատմամբ, թէ՝ «Երուսաղէմի ներկայ գահակալը անձիս պէս կը սիրեմ եւ կը յարգեմ իբրեւ ազգապարծանք անձնաւորութիւն՝ իր բազմակողմանի հմտութեամբ»։

ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԸ

Այս կերպով յայտնի կը դառնար, որ Մայր Աթոռը կը հետաքրքրուէր Կիլիկիոյ Աթոռի թեմական կազմակեպութեամբ, երբ նոյնիսկ 1929 ապրիլ 30-ի Հայրապետական մասնաւոր յանձարարութեամբ Գահիրէէն Երուսաղէմ կը մեկնէր Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Գուշակեան «Դուրեան Պատրիարքին յանձնելու համար Աթոռին ուղղուած կարեւոր գրութիւններ եւ խորհրդակցելու համար անոր հետ»։ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի իսկ վկայութեամբ, արդէն խնդրոյ առարկայ թեմերու փոխանցումը կատարուած էր, երբ ինք Երուսաղէմ հասաւ, զայն վերագրելով եԵղիշէ Սրբազան Պատրիարք Հօր վեհանձն ողջմտութեան», նոյնիսկ Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի նամակը ստանալէն առաջ։

ԹԵՄԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ

Թեմերու փոխանցման առընչութեամբ Մայր Աթոռի եւ Կիլիկիոյ Աթոռի միջեւ փոխանակուած վերջին գրութիւնը կը կրէր 1929 օգոստոս 12 թուականը, որով Տեղակալ Խորէն Արքեպիսկոպոս Մուրատբեկեան կը գրէր Սահակ Բ. Կաթողիկոսին, թէ «դարերի ընթացքում հովանաւոր ու պաշտպան է հանդիսացել իւր շրջանակի մէջ մնացած հայութեան համար, իսկ այսօր, դժբախտ բերմունքների հետեւանքով իւր հօտը փոխադրուած է այլուր»։ Նամակը Խորէն Արքեպիսկոպոս կը փակէ «ի սրտէ բարեմաղթութեամբ եւ ցանկութեամբ որ Աթոռիդ յարատեւութիւնը ապահովէ միշտ օժանդակ գործակցութիւնը Ընդհանրական Հայրապետին հետ»։

ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՂԻՔ

Կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ այն բացառիկ հատորին՝ «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու Պատմութեան Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս 1891-1940» Ոսկան Երեւանցի Հրատարակչութեան, Երեւան 1997, Սանդրո Բեհբուդեան՝ խմբագիր-արխիւիստ։

Վաւերագիրներու սոյն հատորը կ՚ամփոփէ 590 էջերու մէջ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ անտիպ փաստաթուղթեր, որոնք կարեւոր նպաստ կը բերեն Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Կիլիկիոյ Աթոռին յատկապէս՝ հայոց պատմութեան դժուարին դարաշրջանի լուսաբանման համար։ Մեր վերեւի Կիլիկեան Աթոռի վերականգնումի հակիրճ տեղեկութիւնները հիմնաւորեցինք սոյն հատորի համապատասխան 10 վաւերագրական գլուխներէն քաղելով, նամակներ եւ կոնդակներ, որոնք են՝

ա) Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նամակը Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւասութեան տակ որոշ թեմեր դնելու առաջարկութիւնների մասին (25 դեկտեմբեր 1928)։

բ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Մատթէոս Արքեպիսկոպոս Մատթէոսեանին՝ իր «Կտակ»ից մէկ օրինակ ուղարկելու Ընդհանրական Հայրապետի դիտողութիւնները իմանալու ցանկութեամբ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պահելու եւ Հայ Եկեղեցին կաթոլիկների վտանգից փրկելու վերաբերեալ (22 հոկտեմբեր 1928)։

գ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Խորէն Արքեպիսկոպոս Մուրատբեկեանին՝ Էջմիածնից ուղարկուած նամակներն ու կոնդակները ստանալու Դամասկոսի, Պէյրութի եւ Լաւոդիկէի վիճակները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանը յատկացնելու հաւանութիւն խնդրելու մասին (22 մայիս 1928)։

դ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Մատթէոս արքեպիսկոպոսին՝ Սիրիայում եւ Լիբանանում հաստատուած կրօնական համայնքների, հայ եկեղեցու ընդարձակման, Երուսաղէմի միաբանութեանը միջնորդելու եւ կենսական այլ հարցերի մասին (17 օգոստոս 1928)։

ե) Գաբրիէլ Նորատունկեանի նամակը Սահակ Բ. Կաթողիկոսին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Աթոռի Սիրիայում վերահաստատման մասին (5 յունիս 1924)։

զ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Ազգային Պատուիրակութեան նախագահին՝ Սիրիայի հայութեան վարչակրօնական կազմակերպութեան հարցերի մասին (10 մայիս 1924)։

է) Գաբրիէլ Նորատունկեանի նամակը Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանին՝ Պէյրութում Սսի Կաթողիկոսական Աթոռի վերահաստատման անհրաժեշտութեան եւ տարուած աշխատանքների մասին, հարցը ուղղակի բանակցութիւնների միջոցով լուծելու խնդրանքի մասին (19 ապրիլ 1924)։

ը) Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի նամակը Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին՝ Կիլիկեան Աթոռի Լիբանան վերահաստատման ձեռնարկին հաւանութիւն տալու, երկու Աթոռների միջեւ մտերիմ յարաբերութեան ստեղծման, Էջմիածնի Ընդհանրական Հայրապետութեան եւ Հայաստանեայց Եկեղեցու նուիրապետական գլխաւորութեան պահպանման մասին (28 մարտ 1924)։

թ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանին՝ Սիրիա Լիբանան հաստատուած 100.000 հայերի ազգային-եկեղեցական կազմակերպութեան եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար ֆրանսական կառավարութեան հետ բանակցելու եւ Երուսաղէմի իրաւասութեան տակ գտնուող որոշ եկեղեցիներ ժամանակաւորապէս իրենց տրամադրութեան տակ դնելու խնդիրների վերաբերեալ (14 մարտ 1924)։

ժ) Սահակ Բ. Կաթողիկոսի նամակը Գ. Նորատունկեանին՝ Պէյրութում, Դամասկոսում եւ Հալէպում ազգային միութիւններ ստեղծելու, թաղային խորհուրդներ ընտրելու, ազգային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ դոկտոր Մելքոնեանի գործունէութեան թուլացման եւ քաղաքական կուսակցութիւնների նպատակների մասին (11 փետրուար 1924)։

Սոյն գրութիւնս կը փակեմ յուսալով, որ ատաղձ նիւթ հայթայթած կ՚ըլլամ Կիլիկեան Աթոռի յետեղեռնեան վերականգնումի կարեւոր հանգրուանին։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 9, 2021