ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (8)
Պարոյր Սեւակ կը խորշի գոռոզութենէն, սակայն կողմնակից կը մնայ հպարտութեան, այդ իսկ պատճառով բանաստեղծութեան շարունակութեան մէջ կը խօսի նաեւ ի՛նքն իր անձին մասին. կ՚ուզէ իր սեփական կեանքը որպէս օրինակ ցոյց տալ, ըսելով.
«Հօրըդ նման հպարտ զգայ, որ ոչ մէկի տուն չես քանդել».
Այս տողերը կարծես հաշուեյարդար մը ըլլայ բանաստեղծին եւ իր խիղճին միջեւ, հպարտանալով, որ երբեք մէկու տուն չէ՛ քանդած։ Կը տեսնենք, թէ հպարտութիւնը այստեղ եւս ազնուութեան կը վերաբերի: Կը հասկնանք, որ Պարոյր Սեւակի համար մեծ արժէք է կարեկցանքը, բարութիւնը. անձ՝ որ ամբողջ կեանք մը ո՛չ մէկուն վնաս պատճառած է. ընդհակառակը, իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը կարդանք «ես օգնեցի բոլորին» յայտնի խօսքերը, որուն կը կցէ ազնուութեան զոհողութեան օրինակ մը՝ «ես ինձ միայն չօգնեցի»: Այդ մէկը վստահաբար ցաւ կը պատճառէր բանաստեղծին, սակայն ինք հպարտ էր, որովհետեւ ինք մարդոց հաճոյ երեւելու համար չէ՛ որ կ՚ընէր այդ մէկը:
«Ոչ մի ազնիւ խօսք չես կտրել, ոչ մի ազնիւ միտք չես բանտել».
Այս մէկը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ աշխարհի անարդար երեսը, որովհետեւ մարդ արարած սովոր է կտրել ու բանտել ազնիւ խօսքը. Պարոյր Սեւակ կը զգայ հպարտութիւնը, որ նման արարքի մը մեղսակից չէ եղած: Մարդիկ կը փորձեն ազնիւ ու ճշմարիտ խօսքը բանտել, զանոնք հեռու պահելով, անտեսելով, անարգելով ու հարուածելով. շատ անգամ մարդոց համար ազնիւ ըլլալը մեղաւորութիւն մըն է:
«Որ շիտակ ես քայլել կեանքում եւ լռել ես եթէ յաճախ...».
Այստեղ Պարոյր Սեւակ կ՚ընդգծէ շատ կարեւոր նրբութիւն մը. ազնիւ ըլլալով բարձրաձայնել ճշմարտութիւնը, սակայն գիտնալ նաեւ լռել. իրարու հակառակ թուացող այս երկու գաղափարները իրականութեան մէջ հականիշներ չեն, որովհետեւ շատ անգամ շատ խօսիլը եւս անմտութիւն կրնայ ըլլալ. ազնիւ ու իմաստուն մարդը այն է, որ գիտէ նաեւ լռել, խոկալ ու քիչ խօսիլ: Այդ լռելը պարզապէս կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ լաւապէս գիտակցի իր յառաջիկայ քայլերը եւ ըստ այնմ շարունակէ բանաստեղծի բառերով՝ «շիտակ քայլել կեանքում»: Լռութիւնը եւ խոկումը այդ մշուշապատ ճամբան աւելի յստակ կը դարձնէ. բանաստեղծութեան շարունակութեան մէջ Պարոյր Սեւակ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ համար պէտք է լռել.
«Ապա միայն նրա համար, որ առեւտուրը մանրածախ
Յաճախ միայն զիզի-բիզի զանգուլակ է նետել շուկայ».
«Զիզի-բիզի»ին մարդոց իրենց կեանքի ընթացքին անիմաստ ձեւով զբաղուած մանրուքներն են, որոնք իմաստ չունենալով հանդերձ մեծ խնդիրներու պատճառ կը դառնան՝ վնասէ բացի ո՛չ մէկ բան տալով մարդուն: Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ, որպէսզի իր զաւակը հեռու մնայ այդ մանրուքներէն, որոնք շիտակ ճամբան կը պղտորեն. անիմաստ մանրուքներու վրայ վիճողները բանաստեղծը ապուշներ կը նկատէ եւ կը նմանեցնէ շուկայի վաճառականներու, որոնք փոքր ու աննշան մը բանի համար յաճախորդին հետ վիճակելու պատրաստ կ՚ըլլան: Սակայն ինչպէս Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ իր զաւկին.
«Իսկ դու զուրկ ես զիզի-բիզուց, կեղծ դրամ էլ մօտդ չկայ...».
Բանաստեղծը կ՚ուզէ իր զաւակը հեռու մնայ այդ «զիզի-բիզի»ներէն. այստեղ յիշուող «կեղծ դրամ»ը պէտք չէ բառացիօրէն հասկնալ. այդ մէկը աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող խաբէութիւնը կը խորհրդանշէ, որոնց համար մարդիկ կը կռուին, կը վիճին եւ նոյնիսկ զիրար կը սպաննեն։ Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ իր զաւակը ամբողջութեամբ հեռու մնայ այդ բոլորէն եւ նախընտրէ դժուարին՝ ազնուութեան ճամբան, որ աւելի գերիվեր է, քան այդ մանրուքներով լեցուն քաոսը:
Այս բոլորին մասին խօսելէ ետք, Պարոյր Սեւակ լաւապէս կը հասկնայ, որ իր զաւակը ամբողջութեամբ պիտի չըմբռնէ այդ բոլորը՝ մինչեւ իր սեփական փորձով չսորվի. այդ իսկ պատճառով կ՚ըսէ.
«Դու փոքր ես դեռ, դեռ չգիտես, թէ ոնց պիտի կեանքին նայել».
Պարոյր Սեւակ թէեւ կը խրատէ, սակայն գիտէ, որ իր «փոքր»իկը ժամանակի ընթացքին պիտի սորվի, թէ ինչպէս պէտք է նայիլ կեանքին. այսօր եթէ վերաքննութեան ենթարկենք մեր կեանքը պիտի տեսնենք, որ շատ բաներ որոնք չէինք գիտեր, մեր սեփական փորձով սորված ենք՝ նոյնիսկ եթէ անոնց հետեւանքը եղած է ծանր ու տխուր: Սակայն փորձառութիւնը տարիք չի՛ ճանչնար. մեր մարդկային կեանքի ո՛ր տարիքին ալ գտնուինք, իրականութեան մէջ կեանքին դիմաց «փոքր» ենք եւ ունինք սորվելիքներ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞րն է լաւագոյն խրատը, որ հայր մը կրնայ իր զաւակին տալ:
Պատասխան. Լաւագոյն խրատն ու օրինակը՝ որ հայր մը կրնայ իր զաւակին տալ, ազնուութեան եւ բարութեան կարեւորութիւնն է: Ազնուութեան, պատասխանատուութեան եւ կարեկցանքի արժէքը ուսուցանելով հայրը իր երեխան կը զինէ բարոյականութեամբ, կեանքի մարտահրաւէրները ճկնութեամբ յաղթահարելու եւ բարութեամբ նաւարկելու համար: Այս դասը կը խթանէ վստահութիւնը եւ կը ձեւաւորէ մարդու բնաւորութիւնը, խրախուսելով որ երեխան ըլլայ յարգանքով եւ կարեկցանք ունենայ ուրիշներու հանդէպ՝ որով կարելի է նպաստել աւելի արդար հասարակութիւն ունենալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան