ՅԻՍՈՒՍ ԵՒ ՊԻՂԾ ՈԳԻՈՎ ՄԱՐԴԸ

«Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, որը աղաղակեց ըսելով.- Թող տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար։ Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը։ Յիսուս սաստեց՝ ըսելով.- Պապանցէ ու ել ատկէ». (ՄԱՐԿ. Ա 23-25)։

Ամէն շաբաթ օր, առաւօտեան, ժողովարանին մէջ աղօթաժողով տեղի կ՚ունենար։ Յիսուս կ՚երթար այնտեղ քաղաքի մարդոց հետ։ Ան մանկութենէն իսկ սովորութիւն ունէր այդ բանին։

Ժողովարանի մէջ ժամասացութիւնը բաղկացած կ՚ըլլար աղօթքներէ եւ երգերէ՝ որոնք մեծ մասամբ փոխառութիւններ կ՚ըլլային Աստուածաշունչէն։ Այն կ՚ընդգրկէր նաեւ երկու ընթերցում. հատուած մը Օրէնքի Գիրքէն կամ «Թորայէն» (Աստուածշունչի առաջին հինգ գիրքերը) եւ քաղուածք մը մարգարէութիւններու գիրքէն, ընդհանրապէս՝ Եսայի մարգարէէն։

Այնուհետեւ ընթերցուած հատուածի շուրջ «քարոզ» մը կը խօսուէր՝ ներկայ մարդոցմէ մէկուն կողմէ՝ որը Աստուածաշունչին բաւականաչափ գիտակ անձնաւորութիւն մը կ՚ըլլար՝ քաղաքի բնակիչներէն մէկը կամ անցորդ հիւր մը։ Կրօնական համայնքի ղեկավարները աւելի յաճախ ուրիշ մէկը կը հրաւիրէին խօսելու, քան իրենք կը խօսէին։

Ահա այս շրջանին է, որ Յիսուս կը սկսի ուսուցանել։ Ներգործութիւնը կ՚ըլլայ անմիջական. Անոր խօսքը տարբեր է այն կռնչիւններէն, որոնք մարդիկ կը լսեն սովորաբար։ Այդ խօսքը կը պարտադրէ իր իսկ հեղինակութեամբ։

Սակայն Յիսուսի հեղինակութիւնը անով չի վերջանար. ան կը դրսեւորուի նաեւ այն հնազանդութեամբ, որ անոր հանդէպ ցոյց կու տան չար զօրութիւնները, որոնք բնակութիւն հաստատած էին ժողովարանի աղօթքին մասնակցող խեղճ մարդու մը մէջ՝ որ երեւի լսած էր Յիսուսի կողմէ արտասանուած քարոզը։

Արդարեւ, յայտնի չէ մեզի համար, թէ ինչպիսի մէկն էր այդ «դիւահար»ը եւ թէ այդ պահուն հոգեկան ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Անոր խօսքերը այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ ան մեծ շփոթութեան մատնուած է. կ՚ըսէ «մենք», կ՚ըսէ «ես», կասկածի մէջ է իր սեփական անձին։

Եւ սակայն Յիսուսի մասին ան այնպիսի յստակ պատկերացում ունի, որմէ զո՛ւրկ են միւսները։ Ան գիտէ, որ քիչ առաջ խօսող մարդը շատ մօտ է կանգնած Սրբութեան Աստուծոյ, որ այդ մարդը ա՛ն է, որուն Տէրը առանձնացուցած է բացառիկ առաքելութեան մը համար։

Դիւահարին յայտարարութիւնը, արդարեւ, կը միանայ այն խօսքերուն՝ որ Յիսուս լսեց երկինքէն Իր մկրտութեան օրը.

«Ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ՚ըսէր.- Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ». (ՄԱՐԿ. Ա 11), (ՄԱՏԹ. Գ 17) եւ (ՂՈՒԿ. Գ 22)։

Որոշ իմաստով, բնական է, որ «դեւ» մը, որ գերբնական աշխարհին կը պատկանի, Յիսուսի մասին գիտնայ եւ հասկնայ այնքան բան, որքան Ինքը՝ Աստուած։

Այսուհանդերձ, Յիսուսի աչքին ան շատ բան գիտէ, եւ Յիսուս լռութիւն կը պարտադրէ անոր։ Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս միշտ կը մերժէ իր անձին մասին կոպտօրէն, այսինքն՝ կոշտաբար եղած յայտարարութիւնները։

Հոգեպէս չպատրաստուած մարդոց առջեւ իր ինքնութեան բացայայտումը խորապէս չարաղէտ է եւ նոյնիսկ՝ դիւակա՛ն։

Հաւատքին հասնելու համար հարկաւոր է ժամանակ, հարկաւոր է անհատական եւ աստիճանական յայտնագործութիւն։

Յիսուս, հետեւաբար, կը վտարէ այդ ուժեղ ոգին՝ որ շատ բան գիտէ. ան ի վիճակի է այդ բանը ընելու, որովհետեւ անոնցմէ աւելի ուժեղ է։

Այս եղելութեան ներկայ գտնուողներու մէջ կը ստեղծուի կրկնակի զարմանք. անոնք կը լսեն նոր վարդապետութիւն մը՝ վկայ կ՚ըլլան չարի դիմաց հանդէս եկող արտասովոր զօրութեան մը։ Ուստի, հետեւեալ հարցումը կու տան իրենք իրենց, հարցում մը՝ որ գուցէ անոնց թոյլ կու տայ առաջ ընթանալ. «Ի՞նչ է այս»։

Ամէն յառաջդիմութեան հիմքի մէջ հարցադրում մը կայ, կասկածանք մը իր սեփական համոզմունքներուն նկատմամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024