ԼԵԶՈՒՆ ՊԱ՞ՐԿԸ ԴՆԵՆՔ
Շատ անգամ այն մտածումը կ՚ունենամ, որ այլեւս չգրեմ... որ այլեւս չգրենք եւ անխօս ու անաղմուկ մեկուսանանք՝ ազգը հանգիստ ձգելով իր հոգեվարքին մէջ: Չգրենք՝ որպէսզի սին յոյսեր ունենալով աւելիով չհիասթափուինք, եւ այսպէս հեռուէն զննենք անոր դէպի անդունդ գացող յամառ քայլերը: Կ՚ուզեմ չգրենք, որովհետեւ գիրն ու գրականութիւնը շատո՜նց կորսնցուցած են իրենց վաղեմի վսեմութիւնն ու կարեւորը՝ յաղթուելով ի դէմ համաշխարհայնացում կոչուած սպառնալիքին:
Կ՚ուզեմ չգրենք, որովհետեւ մեր ընթացքը սկսած է նմանիլ անկենդան մարդուն դեղ տալով՝ դարման սպասելուն, միշտ ունենալով այն ակնկալութիւնը, որ ննջեցեալը ճիչ ու ծպտուն արձակէ: Շահնուր տասնամեակներ առաջ «յարութեան» աւետիսի ակնկալութիւնը խափանեց, յայտնելով «յարալէզներու դաւաճանութիւնը»... «Յարալէզները կը լզէին եւ գեղեցիկը պիտի արթննար, կ՚ըսուի, բայց ան այլեւս պիտի չելլէ ոտքի»: Եւ եթէ այդ ժամանակ «գեղեցիկ»ը դիակ էր, հիմա արդէն վերածուած է ոսկորի... ու հաստատ քայլերով կ՚ընթանայ դէպի «հող էիր հող դառնաս» կարգախօսին:
Վերոյիշեալ քաոսին ու ներքին թոհուբոհին դիմաց, ահաւասիկ այսօր դարձեալ կը հրատարակենք մամուլի նոր թիւ մը, որ հաւանօրէն պիտի ժառանգէ նախկիններուն նախասահմանուած նոյն ճակատագիրը. կարդացուի տասնեակ մը անհատներու կողմէ եւ յանձնուի պատմութեան գիրկը:
Անձնապէս, յօդուածներուս մէջ միշտ օրինակ կը բերեմ անցեալը (մանաւանդ 1800-ական թուականները), որովհետեւ կը տեսնենք, թէ դար մը առաջ մեր մտաւորականները կը բողոքէին, թէ լեզուն կը նահանջէ, մամուլն ու թերթը կը սկսին կորսնցնել իրենց արժանի տեղը, կամաց կամաց կ՚օտարանանք ու կը հայաթափուինք... եւ այսօր անցած է աւելի քան հարիւր տարի. կը մտածեմ. եթէ այսօր ապրած ըլլային նախնիները՝ ի՞նչ պիտի ըսէին...: Եւ հիմա ինչպէ՛ս երանի՜ կու տանք այդ ժամանակաշրջաններուն, ուր հայկականութիւնը համեմատած աւելի կայուն վիճակի մէջ էր, նոյնպէս ապագային մեր ներկային համար երանի պիտի տան գալիքները, որովհետեւ դէպի վիհ գացող նաւը ինքնավստահ քայլերով կը յառաջանայ:
Աւելի յստակ ըլլալու համար հետեւեալ մէջբերումը ընենք.- մեր թուականէն 67 տարիներ առաջ՝ 1954 թուականին հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան խօսելով 1800-ական թուականներու մասին կը գրէ. «Այն ատեն լրագրութիւնը ոչ ժամանց էր, ոչ ալ անտէր այգի, այլ ասպարէզ մը որ կարգ մը յատկութիւններ կը պահանջէր»: Այս տողերէն կը հասկնանք, որ 1800-ականներուն մամուլը ունէր լրջութիւն, իսկ հրապարակագիրի ժամանակաշրջանին վերածուած էր «ժամանց»ի: Իսկ այսօ՞ր... ո՛չ թէ «ժամանց», այլ՝ ժամանակի կորուստ: Ահաւասիկ երեք տարբեր ժամանակաշրջաններու իրավիճակ, որ տակաւ առ տակաւ վշտալի վիճակ կը ստանայ:
Խրիմեան Հայրիկ «Սիրաք Եւ Սամուէլ» աշխատութեան մէջ ըսաւ. «Այն երկաթէ հրաշալի Մամուլը թէ ոսկւով թէ լուսով միանգամայն փայլեցուց աշխարհ»: Թերեւս ոսկիի սղութեան պատճառով մենք այդ ոսկին մէկդի դնելով սկսանք գործածել ու սիրել կեղծերը, գիտնալով հանդերձ որ որքա՜ն ալ փայլին, չեն կրնար իսկականին տեղը անցնիլ: Մամուլը ծննդավայրն էր Պարոնեանին, Օտեանին, Արփիարեանին, Պարոյր Սեւակին, Շահնուրին եւ ինչքա՛ն մեծանուն գրող որ գիտէք: Եւ մենք մի՛շտ հինով կը հպարտանանք, որովհետեւ այլեւս ո՛չ առիթ եւ ո՛չ կարեւորութիւն կու տանք նորերուն: Պատկերացուցէք երգիչներ՝ որոնք չունին հանդիսատես, չունին ունկնդիր:
Անցեալի մթնոլորտը կարդանք Արփիարեանի բառերով. «Ժողովուրդը իր հաւատացած մամուլին վերածննդեանը կ՚ակնկալէր անձկակարօտ։ Կը սպասէր մարդու մը, կը սպասէր թերթի մը։ Մարդն ալ երեւցաւ, թերթն ալ։ Մարդը՝ Յովհաննէս Շահնազարը, թերթը՝ Հայրենիքը»: Մամուլի մը մահը՝ ցաւ էր այդ սերունդին համար եւ հանրութիւնը «անձկակարօտ» կը սպասէր անոր վերածնունդին: Իսկ այսօ՞ր... գիտե՞նք քանի՜ քանի՜ հայկական մամուլներ վերջին տասնամեակին լռեցին առյաւէտ:
Մեր աչքին առջեւ ունենանք ամբողջ դար մը. Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է 121 տարբեր օրաթերթեր, շաբաթաթերթեր ու ամսագիրներ. այսօր անոնցմէ հազիւ 6-7 հատը կենդանի են՝ հոգեվարքի վիճակով անշուշտ: Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է աւելի քան 220 թերթեր. այսօր անոնցմէ հազիւ մի քանին կրցած են գոյատեւել: Գահիրէ՝ 72, Փարիզ՝ 94, Աթէնք՝ 21, Լոնտոն՝ 18, Թեհրան՝ 28, Հալէպ՝ 36, Թիֆլիզ՝ 176 եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Անոնցմէ քանի՞ն կրցած է գոյատեւել: Եւ գիտէ՞ք... բոլորը միասնաբար աւելի՛ շատ բան գիտեն՝ քան մեր արդի «մամուլ»ը՝ Google-ը:
Ու այս բոլորին դիմաց կը տատամսիմ. կ՚արժէ՞ միտք մաշեցնել ու գրել... սակայն մէկ բանի կը գիտակցիմ. եթէ 113 տարիներ ետք լոյս կ՚ընծայուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը, ուրեմն տակաւին յոյսի պատրոյգը կը շարունակէ վառիլ: Հայկական մամուլը այսօր ինքնաբաւ չէ եւ եթէ այսօր լոյս կը տեսնէ, այդ մէկը կը պարտի կա՛մ կուսակցութեանց եւ կա՛մ խենթերու, որոնք տակաւին կը գիտակցին մամուլի կարեւորութեան:
Մաղթեմ, որ ձեր թոռներուն թոռները դար մը ետք իրենց թոռներուն չե՛ն ստիպուիր բացատրել, թէ ի՞նչ է թերթ, ի՞նչ է մամուլ:
Փա՜ռք մամուլի ճամբուն վրայ իրենց կեանքը մաշեցուցած անցեալի բոլո՛ր նուիրեալներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՍԱՐԳԻՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
(1886-1977)
Մեր թուականէն 135 տարիներ առաջ՝ 9 օգոստոս 1886 թուականին Մալաթիոյ մէջ ծնած է հայ նկարիչ Իտալիոյ արուեստագէտներու եւ Վիեննայի արուեստագէտներու միութեան անդամ Սարգիս Խաչատուրեան:
Խաչատուրեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Կարինի Սանասարեան վարժարանին մէջ. ուսումը կատարելագործելու համար մեկնած Հռոմ (1908-1911) եւ ապա Փարիզ (1912-1914): Փրկուելով Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն, անցած է Հարաւային Կովկաս, ականատես ըլլալով հայ ժողովուրդի տառապանքին, որոնց ազդեցութեան տակ ստեղծագործած է «Արարատը Երեւանից», «Գաղթական կանայք», «Հայ որբերն անապատում», «Հայ գաղթականներ» եւ այլ նկարներ:
Սարգիս Խաչատուրեան եղած է Խորհրդային Հայաստանի առաջին նամականիշներու հեղինակը: Վիեննայի մէջ, 1924 թուականին հրատարակած է «Արմենիա» ալպոմը։ Եղած է «Անի» հայ արուեստագէտներու ընկերութեան հիմնադիր անդամներէն մին ու անոր քարտուղարը: Իրանի կառավարութեան կողմէ հրաւէր ստացած ու մեկնած է Սպահան, 1931 թուականին, վերականգնելու համար Սէֆեան շրջանի որմնանկարներ: Սպահանի մէջ Խաչատուրեան հիմնած է Նոր Ջուղայի հայկական արուեստի թանգարանը:
Մեծ աշխատանք տարած է Հնդկաստանի եւ անոր շրջակայ երկիրներու մէջ գտնուող վիմափոր որմնանկարներու պատճէնահանման, որոնք ցուցադրուած են Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ: Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Երեւանի, Պոլսոյ, Փարիզի, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Անգլիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ:
Անոր գործերը ցայսօր կը պահուին Փարիզի, Լոնտոնի, Վիեննայի, Միացեալ Նահանգներու, Վրաստանի եւ Հայաստանի զանազան թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ: Մեր թուականէն հինգ տարիներ առաջ՝ 2016 թուականին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Խաչատուրեանի 130-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Հայոց մեծերէն Յովհաննէս Թումանեան եւ Անդրանիկ փաշա Սարգիս Խաչատուրեանը կոչած են «Հայոց վիշտի երգիչ»։
Մեծանուն նկարիչը մահացած է 28 դեկտեմբեր 1977 թուականին, Փարիզի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ