ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ, ՈՐ ՆԱԵՒ ՈՃՐԱԳՈՐԾ Է…

«…Եւ սիրտիս ցաւից յուսահատ, ես մի թաս օղի խմեցի»։

Վերոյիշեալ տողերը բանաստեղծ եւ գրող Եղիշէ Չարենցի խօսքերն են. բանաստեղծ՝ որ իր «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ով տակաւին երկար դարեր պիտի շարունակէ յիշուիլ՝ որպէս հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մին:

Սակայն, անգիր օրէնքին համաձայն, ամէ՛ն բանաստեղծ անպայմանօրէն վիշտ մը, թախիծ մը պէտք է որ ունենար իր սիրտին մէջ։ Ո՞ւր տեսնուած էր ուրախ բանաստեղծ. բանաստեղծ ըսուածը թախծոտ, մռայլ ու վշտահար գոյութիւն մը պէտք է ըլլար պարզապէս, պէտք է ունենար խոշտանգուած հոգի, տառապող սիրտ եւ պոռթկացող բանականութիւն, որոնց որպէս արդիւնք պիտի ծնէր բանաստեղծութիւնը։ Ե՛ւ այդպէս ալ էր Չարենց:

Փոթորկոտ էր Չարենց՝ իր յոյզերով, իր ապրումներով, իր սէրերով. հրայրք մը ունէր, որ հակասութիւն կը ստեղծէր գրական եւ հարազատ կեանքին միջեւ։ Հակասութիւններով լեցուն են նաեւ անոր բանաստեղծութիւնները, ուր կեանքը կը սիրէ, սակայն, նոյնքան հեռանալ ու չապրիլ կ՚ուզէ:

Չարենց տռփանքով ու կիրքով լեցուն երիտասարդ մը եղած է՝ պատրաստ սիրահարուելու անոր, որ իր աչքին առինքնող եւ դիւթիչ կ՚երեւի։ Այդ է պատճառը, որ պատանեկութենէ երիտասարդութիւն անցած Չարենց սիրահարուած է Արմենուհի Տիգրանեանին, Աստղիկ Ղոնդախճեանին, Կարինէ Քոթանճեանին, Լիւսի Թառայեանին, Փառանձեմ Սահակեանին, Մարիաննա Այվազեանին եւ ուրիշներուն, մինչե՛ւ իսկ հրեայ աղջկայ մը, որոնց նուիրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ ու սիրերգութիւններ, սակայն, հակառակ այս սիրոյ ելեւէջներուն, ամուսնացած էր Արփենիկին հետ, որ եղած է հրաշալի ասմունքող:

Ամուսնական կեանքը, սակայն, Չարենցի մէջ չէ կրցած սպաննել կիրքն ու տառփանքը, որուն որպէս հետեւանք իր ամուսնացած վիճակին սիրահարուած է տակաւին պատանի 17 տարեկան Մարիաննա Այվազեանին։ Վերջինս նկատի ունենալով տարիքը, հաւանաբար ամուսնացած ըլլալու հանգամանքը, մերժած է բանաստեղծին սէրը, ինչ որ հեղձուցիչ դեր ունեցած է Չարենցի ներաշխարհին վրայ։ Որպէս հետեւանք պատահած է անսպասելին. Չարենց Երեւանի փողոցներէն մէկուն մէջ, օր-ցերեկով զէնքի երկու զարկով ուզած է սպաննել Մարիաննա Այվազեանը, որ բարեբախտաբար փրկուած է պատահարէն:

Ոճրագործի՞ հոգեբանութեամբ գրած է արդեօք Չարենց սա տողերը. «Վարդե՜ր թափեմ արծաթէ, արծաթէ վարդեր դիակառքիդ, հոգո՜ւդ մէջ, դագաղի՛դ մէջ..…»։ Չարենց Մարիաննա Այվազեանը տեսած էր ընդամէնը դէպքէն ամիս մը առաջ. բանստեղծը Մարիաննայի հետ առաջին հանդիպումին համար կ՚ըսէ. «Նա ինձ վրայ թողեց անջնջելի տպաւորութիւն»։ Թէեւ Չարենց այդ սէրը կը կոչէ «զառանցանք»:

Այդ մէկ ամսուայ ընթացքին Չարենց կը փորձէ գրաւել Մարիաննայի սիրտը, սակայն Մարիաննա կը մնայ անյաղթահարելի, ինչ որ Չարենցի մօտ նսեմացման հոգեվիճակ մը կը ստեղծէ եւ բանաստեղծը ինքզինք ծիծաղելի դրութեան մը մէջ կը գտնէ։ Ոստիկանութեան տուած խոստովանանքին մէջ Ան կ՚ըսէ. «Յետոյ ես հասկը-ցայ, թէ ի՜նչ ծիծաղելի կացութեան մէջ եմ։ Ինծի համար պարզ դարձաւ, որ պէտք է դիմեմ ծայրայեղ քայլերու. որոշեցի տուն երթալ, ատրճանակս վերցնել եւ սպաննել զինք, չնայած որ երկու անգամ կրակեցի՝ ձեռքս վրիպեցաւ եւ ան անվնաս վէրք ստացաւ»:

Չարենց այս պատահարը կը վերագրէ հոգեկան խանգարումներու։ Ոստիկանութեան տուած իր ցուցմունքին մէջ կը պատմէ, թէ ինք կը վախնայ մինակութենէն եւ մութէն, հետեւաբար կնոջ Լենինկրատ մեկնելէն ետք կ՚ուզէ իր առանձնութիւնը լեցնել։ Չարենց ոստիկաններուն կ՚ըսէ. «Կինս Լենինկրատ մեկնելէ ետք հոգեկան ծայր աստիճան գրգռուած վիճակի մէջ էի. սկսայ տառապիլ անքնութեամբ: Ապրած բնակարանիս մէջ ելեկտրականութիւն չըլլալուն պատճառով ստիպուած էի մութին մէջ քնանալ. բան մը, որ ինձ շատ կը վախցնէ: Հաւանաբար նման վախ մը իմ մէջս մինակութեան պատճառով առաջ եկաւ. կը վախնայի մինակ մնալէ եւ նոյնիսկ ընկերներէս կը խնդրէի, որ տունս քնանան, որպէսզի մինակ չզգամ: Ամէն գիշեր պարբերաբար նոյն երազը կը տեսնէի։ Հազիւ աչքերս կը փակէի, կը զգայի, որ մէկը ինձ կը խեղդէ։ Այդ բոլորէն ելք մը գնտելու համար խմել սկսայ. ամէն օր մէկ շիշ օղի կը խմէի…»:

Յօդուածին սկիզբը յիշուած օղին հաւանաբար այս օղին էր, որ ծնունդն էր սիրտի յուսահատ ցաւին: Մենակութեան եւ գիշերուան հանդէպ վախը յաճախ Չարենցի բանաստեղծութիւններուն մէջ ալ կը տեսնենք։ Ան իր ստեղծագործութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ես վախենում եմ, ինչպէս նեկրոման, կէս գիշերային ժամից»:

Այս բոլորը իր ներաշխարհին մէջ ունենալով 5 սեպտեմբեր 1926-ին, Չարենց Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ կը փորձէ սպաննել իր հօրը հետ տուն վերադարձող 17-ամեայ Մարիաննա Այվազեանը: Սակայն Չարենց կը զղջայ։ Ոստիկաններէն կը խնդրէ «դատել ինձ որքան կարելի է խիստ եւ եթէ կարելի է մահուան դատապարտել. այդ մէկը լաւագոյն ելքը կ՚ըլլայ ինծի համար…»:

ԾԱՆՕԹ.- Եղիշէ Չարենցի ոստիկանութեան տուած բացատրութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ՝ «Բանբեր Երեւանի Համալսարանի», 1987 թուական, թիւ 2, էջ 77-82:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -13-

Դպրեվանքի օրէնքին համաձայն պէտք էր բոլորս ժամը 10:00-ին անկողին մտնէինք ու քնանայինք՝ յաջորդ առտու կանուխէն արթննալու եւ ժամերգութեան մասնակցելու համար:

Այդ օր կէսգիշերին Լիբանանի մէջ ժամացոյցը պէտք է ժամ մը առջեւ առնուէր։ Անկողին չմտած բոլորս ժամերը փոխեցինք բացի Յովիկէն, որ համոզուած էր, թէ ժամը ճի՛շդ 12:00-ին պէտք է ժամացոյցը փոխէ, այլապէս սխալ կ՚ըլլայ: Ժամերով փորձեցինք բացատրել, որ եթէ հիմա ժամը փոխես, առտուն արդէն փոխուած կ՚ըլլայ եւ նոյնին կու գայ:

Յովիկը մնաց անդրդուելի. բոլորս գնացանք եւ ինք արթուն մնաց մինչեւ ժամը 12:00-ը, որպէսզի ժամը 1 դարձնէ։ Մինչեւ օրս չկրցանք համոզել, թէ ժամը 10:00-ին եթէ ժամը փոխէ մէկ ժամ դէպի առջեւ, նոյն արդիւնքը կը ստանայ:

***

Ամավերջի քննութեան բախտով մեր ձեռքը անցաւ հայերէն լեզուի քննութեան հարցարանը։ Աշակերտական հոգեբանութեամբ ամբողջ դասարանով որոշեցինք նախապէս քննութեան թուղթ մը պատրաստել եւ քննութեան ընթացքին առանց ուսուցիչի ուշադրութիւնը գրաւելու փոխել՝ լաւ նիշ ապահովելու համար:

Որպէսզի չզգացուի, որոշեցինք թուղթին վրայ գրուածը նոյնութեամբ չգրել։ Պէտք է ամէն մարդ կարդար հարցումներուն պատասխանը եւ իր հասկցածին պէս շարադրէր, ուսուցիչին ուշադրութիւնը չգրաւելու համար: Այդպէս ալ ըրինք... բացի՛ Յովիկէն:

Յովիկ նոյնութեամբ ընդօրինակած էր գիրքին մէջինը, ինչ որ կրնար զգացուիլ։ Պաշտպանողականը պատրաստ էր.

-Ո՛չ, նոյնութեամբ գրած չե՛մ… բոլոր «ու»երը վերածած եմ «եւ»ի, իսկ «եւ»երը՝ «ու»ի…

Ուսուցիչը ուրկէ՜ պիտի զգար: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2022