«ՔՆՆԵՑԷ՛Ք ԳԻՐՔԵՐԸ…»

«Քննեցէ՛ք Գիրքերը, քանի որ կը կարծէք թէ անոնցմէ յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք։ Բայց ասոնք իսկ են որ կը վկայեն ինծի համար, որովհետեւ դուք կը կարծէք կեանք ունենալ…». (ՅՈՎՀ. Ե 39)։ Քրիստոսի այս խօսքերը ցոյց կու տան, որ քրիստոնէական կրօնքը երբեք հրամայականոն (dogmatique, catégorique) վարդապետութիւն մը՝ ուսուցում մը չէ՛։ Արդարեւ, Քրիստոսի բոլոր խօսքերը բանականութեամբ եւ ճշմարտութեամբ զօրացած եւ ապացուցուած, վաւերացուծ են։

Արդէն, ճշմարտութիւնը փաստի չի կարօտիր, քանի որ ճշմարտութիւնը՝ ինք իր ապացոյցն է։ Եւ Յիսուսի բոլոր խօսքերը ճշմարտութիւնն իսկ է։

Ուստի, մարդուն արգիլել մտածումը, քննարկումը եւ ուսումնասիրումը, զայն թերահաւատութեան կ՚առաջնորդէ. կոյրզկուրայն հաւատալ բանաւոր մարդուն մտքին մէջ միշտ կասկած մը կ՚արթնցնէ։ Մինչդեռ մտքով զօրացած հաւատքը հաստատ, ամուր, անխախտ եւ անյողդողդ կը մնայ։ Ճշմարիտ հաւատացեալը՝ հոգւով ե՛ւ մտքո՛վ հաւատացողն է։ Ուստի, մարդ «ամբողջական մարդ» է՝ իր հոգւով եւ մտքով։ Այս պատճառով՝ հաւատքը հոգւով եւ մտքով կ՚ըլլայ։

Արդարեւ, շա՜տ փաստեր կան ճշմարիտ հաւատքի՝ Յիսուսի մասին, որոնք մեր կասկածները կրնան փարատել։ Զոր օրինակ, Իր մասին եղած եւ իրականացած մարգարէութիւնները, ինչպէս. «Եւ Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ Իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։ Բայց ասոնք գրուեցան որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուս Քրիստոսն է. Աստուծոյ Որդին, եւ որպէսզի հաւատալով կեանք ունենաք Անոր անունովը». (ՅՈՎՀ. Ի 30-31)։ Բայց, եւ դժբախտաբար, մարդիկ տակաւին չեն հաւատար եւ կասկածի մէջ են։

Արդարեւ, հարցը փաստին մէջ չէ՛. հապա անձին Ինքնահաւանութիւնը եւ հպարտութիւնն է, որ արգելք կ՚ըլլայ հաւատալու։

Բայց այն որ չի հաւատար եւ կամ ինք չ՚ուզեր հաւատալ, պէտք է գիտնայ, որ պատմութիւնը եւ պատմական իրողութիւնները եւ ո՛չ մէկը պիտի փոխուի։ Արդարեւ, աչազուրկ մէկը երբ չի տեսներ որեւէ բան մը, այդ չի նշանակեր որ այդ բանը գոյութիւն չունի։ Նոյնն է պարագան՝ հոգեւոր եւ մտային կոյրերու համար. անոնք որ չեն հաւատար եւ կ՚անտեսեն ճշմարտութիւնը, այդ չի նշանակեր որ ճշմարտութիւնը գոյութիւն չունի։ Ճշմարտութիւնը յարաբերական չէ՛, ան փոփոխութիւն չի կրեր զայն ըմբռնողներու եւ ըմբռնելու կարողութենէն զուրկ եղողներու նկատմամբ։ Ճշմարտութիւնը քմայական եւ կամայական արժէք մը չէ՛։

Ճշմարտութիւնը Ի՛նքն է՝ Յիսուս Քրիստոս, որ խաչուեցաւ, մեռաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդկութեան փրկութիւն տայ, որ է. կեանք, յաւիտենական կեանք։

Անշուշտ, այս իրականութիւնը պիտի չփոխուի. հաւատալով կամ չհաւատալով։ Բայց մարդուս կեանքը եւ յաւիտենականութիւնը կրնայ փոխուիլ հաւատքո՛վ։ Եւ մարդ ինք պիտի որոշէ իր «ճակատագիր»ը՝ թէ յաւիտենականութիւնը ո՛ւր կ՚ուզէ անցընել՝ երկինքի եւ Աստուծոյ ներկայութեա՞ն, թէ Սատանային մօտ՝ դժոխքի մէջ։

Ուստի, Աստուած գիտութեամբ սահմանափակուած չէ՛, քանի որ Ի՛նքն է գիտութիւնը ստեղծողը։

Ահաւասի՛կ, եթէ հաւատքի իրականութեան մօտենանք այս հասկացողութեամբ, կը հասնինք ճշմարիտ հաւատքի։ Հաւատքը, այս իմաստով, սիրելի՜ բարեկամներ, պէտք է ըլլայ անսակարկ, անշեղ, աներկբայ՝ հաստատուած մտքով եւ սրտով, եւ այն ատեն մարդ ինքզինք կը զգայ ազատ, ապահով եւ կը յանձնուի Անոր՝ ամենավստահելի՛ին։

Ուստի, պէտք չէ վարանինք հաւատքը քննելէ, քանի որ որքան քննեք եւ խորանանք՝ անիկա աւելի յստակ եւ զօրաւոր պիտի յայտնուի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 9, 2024