ԾՐԱԳԻՐ - ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ

«Ո՜վ իմ Տէրս եւ Աստուածս, պիտի փառաւորեմ քեզ, պիտի օրհներգեմ քու անունդ, որովհետեւ սքանչելի են գործերը որոնք կը կատարես սկիզբէն իսկ պատրաստած քու ճշմարիտ ծրագրիդ համաձայն». (ԵՍ. ԻԵ 1)։

Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը, բարութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Եւ արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածները իրենք իրենց։ Ան Արարիչ է՝ Ստեղծող, բայց նաեւ Նախախնամ, Երախտաւոր, Ան Պարգեւող է, նաեւ՝ Առատաձեռն։ Ան իր արարածին չի տար, չի պարգեւեր միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ, կը պահպանէ եւ կը խնամէ ամէն վայրկեան գոյութեանը մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին ապահովութեան մէջ։

Ահաւասիկ, ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան, ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։

«Այո՛, Դուն կը սիրես. ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ, եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քուկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։

Արդարեւ, արարչագործութիւնը ստեղծուեցաւ «ընթացողի վիճակ»ի մէջ, ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը, որուն սահմանած է զայն Աստուած։ Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը, մենք զայն կը կոչենք «աստուածային նախախնամութիւն»։

«Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է։ Զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ» (ԻՄԱՍՏ. Ը 1)։

Եւ Աստուած Իր ստեղծագործութիւնը կատարեց իմաստութեամբ եւ աստուածային ծրագրով։ Ուստի այս ծրագրին մէջ աստուածային նախախնամութեան հոգածութիւնը տեւական է՝ «շօշափելի» եւ «անմիջական»։ Ան հոգածու է ամէն բանի, սկսեալ փոքրագոյնէն մինչեւ մեծագոյն դէպքերը աշխարհի եւ պատմութեան։ Ուստի Սուրբ Գիրքը ուժգնօրէ՛ն կը հաստատէ Աստուծոյ բացարձակ տիրակալութիւնը դէպքերուն ընթացքին վրայ. «Մեր Աստուածը երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ կ՚ընէ այն ինչը որ հաճելի է Իրեն». (ՍԱՂՄ. ՃԺԴ 3)։

Քրիստոսի համար ալ ըսուած է. «Եթէ Ան բանայ, ո՛չ ոք պիտի փակէ, եթէ Ան փակէ, ո՛չ ոք պիտի բանայ». (ՅԱՅՏ. Գ 7)։

«Բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միայն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ». (ԱՌԱԿ. ԺԹ 21)։

Սուրբ Գիրքը, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա խորունկ միջոց մըն է յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ եւ այսպէսով մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։ Արդարեւ, սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրո՛ցն է այս վստահութեան։ (ՍԱՂՄ. ԻԱ, ԻԳ, ԼԱ, ԼԴ, ՃԲ, ՃԼԷ, եւ այլն գլուխներ օրինակներ են)։

Տեւական հարց մըն է եղած «ճակատագիր»ի գոյութիւնը մարդուս նկատմամբ։ Երբ Աստուած երբեք չի թողուր իր արարածը, եւ անշուշտ մարդը առանձին, միշտ հոգատար է անոր նկատմամբ, տեւապէս կը խնամէ, կը հոգայ զայն եւ թէ Ան աշխարհը ստեղծած է աստուածային ծրագրի մը համաձայն, ապա ուրեմն, ո՞րքան կարելի է մտածել «ճակատագիր»ի մը մասին։ Ճակատագիրը, թերեւս, այն իրողութիւնն է, որ Աստուած ամենատաս է եւ առաջուց կը տեսնէ եւ գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եւ այս իմաստով կարելի է հասկնալ «ճակատագիր»ը։ Արդէն երբ կայ «աստուածային ընդհանուր ծրագիր» մը, ապա ուրեմն անոր մէջ «ճակատագիր»ի գոյութիւնը տեսնել բանականութեան հակառակ է։ Իսկ «ճակատագիր»ը «ազատ կամք»ի հետ պատշաճեցնել շատ ալ կարելի չէ եւ ուրեմն ընդհանրապէս «ճակատագիր»ը այս տեսանկիւնէն պէտք է դիտել։

Եւ այս տեսանկիւնէն դիտուած «ճակատագիր» ըմբռնումը աւելի նպատակայարմար կը թուի Աստուծոյ կամքին եւ ընդհանուր «ծրագիր»ին…։

«Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Մարդը կրնայ մոռնալ զԱստուած, կրնայ ուրանալ կամ մերժել, սակայն Աստուած չի դադրիր կոչելէ մարդը, որ որոնէ՝ փնտռէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր «ուղիղ սիրտ»ը, միտքը եւ խիղճը, եւ նաեւ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։

Եւ քանի որ մարդ՝ ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ Անոր նմանութեամբ, օժտուած է բանականութեան զօրութեամբ, մտածելու, դատելու եւ որոշելու կարողութեամբ, որոնք կ՚ենթադրեն անոր «ազատ կամք»ը, կերպով մը պատկերագծելու եւ հետեւելու իր իսկ ընտրած ուղիով, ապա ուրեմն այս ճշմարտութեան մէջ ո՞ւր կարելի է խորհիլ «ճակատագիր»ը։

Մարդ, իմացական եւ ազատ արարած մը ըլլալով, ընթանալու է դէպի իր վերջնագոյն վախճանը, քանի օժտուած է «ազատ կամք»ի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։ Կարող է իբր այդ՝ նաեւ ճամբէն շեղիլ։ Բայց ասիկա ո՛չ թէ «ճակատագիր»ի, այլ «ազատ կամք»ի, բանականութիւնը գործածելու հետեւանք է։ Մարդ կրնայ նաեւ իր բանականութիւնը սխալ գործածել, ինչ որ իր իսկ ընտրութի՛ւնն է։ Արդարեւ, բանականութեան սխալ գործածութեան պատճառով, «բարոյական չարիք»ը՝ որ ֆիզիքական չարիքէն անբաղդատելիօրէն աւելի ծանր է, մտաւ աշխարհ։ Կարելի՞ է բացատրել ասիկա «ճակատագիր» ըմբռնումով։ Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ո՛չ ալ անուղղակի, պատճառն է բարոյական չարիքին։ Եթէ բարոյական չարիքը «ճակատագիր»ի հետեւանք ընդունինք, Աստուած ալ մասնակից պիտի համարենք անոր, ինչ որ անկարելի է եւ անընդունելի՛։

Սակայն Աստուած, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ բարոյական չարիքին իրականացման, բայց միանգամայն Ան գիտէ խորհրդաւոր կերպով անկէ բարիք քաղել։

Եւ մա՛հը՝ աշխարհ մտաւ մարդուն մեղքին պատճառով, ան մարդուն կարծուած «ճակատագիր»ը չէ՛, այլ՝ իր ազատ կամքով գործած մեղքին արդիւնքը, քանի որ Աստուած չէ՛ր սահմանած զինք մահուան…։

Եւ երբ խօսքը Աստուծոյ ընդհանուր ծրագրին մասին է, կ՚արժէ յիշել նաեւ Պօղոս Առաքեալի հետեւեալ վկայութիւնը. «Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան։ Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ Իր առաջադրած ծրագրին եւ կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ Իր փառքը գովերգելու, մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք», (ԵՓԵՍ. Ա 11-12)։

Պօղոս Առաքեալի այս վկայութիւնն ալ՝ «… Ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ ԻՐ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ ԾՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԿԱՄՔԻՆ…», բացայայտ կերպով ցոյց կու տայ՝ թէ ամէն ինչ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն կ՚ընթանայ եւ կը կատարուի։

Արդարեւ, ո՞րքան բանական է՝ բանաւոր էակը՝ մարդը սահմանափակել «ճակատագիր» ըմբռնումով, քանի որ ան «ազատ կամք»ով կը շարժի եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունի։

Աստուծոյ ծրագի՛րն է, որ մարդուս ընթացք կու տայ եւ ո՛չ՝ «ճակատագիր»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2020