ԴՐԱՄԸ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ՛…

Ներկայիս, հաւանաբար անցեալին եւս, մեծահարուստներու բերնէն կը լսենք մի՛շտ նոյն յանկերգը «ԴՐԱՄԸ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՉԻ՜ ԲԵՐԵՐ»: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, որ այդ խօսքը մի՜շտ ալ հարուստներու բերնէն դուրս կու գայ, որոնք գտած ըլլալով դրամը՝ չեն կրցած գտնել երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը:

Կ՚ապրինք առեղծուածային ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մեր լեզուները ուրիշ՝ մեր գործերը ամբողջութեամբ հակառակ ճշմարտութիւն կը պարզեն: Կ՚ըսենք, թէ մարդուն մէջ հոգիի գեղեցկութիւնն է կարեւորը, սակայն դարձեալ արտաքինով է, որ մարդը կը դատենք, կ՚ըսենք,  որ ճշմարիտ ընկերութիւնը ամէ՛ն բանէ վեր է, սակայն փոքր շահի մը դիմաց առաջինը կ՚ըլլանք դաւաճանողները. կ՚ըսենք, որ անձը պէտք է յարգել իր արժանիքներուն ու իր վաստակին համար, սակայն մեծատուն ունեւորի մը դիմաց կ՚ոտնակոխենք ամէ՛ն արժէք ու արժանիք:

Այսօր մեր կեանքը հակառակն է մեր խօսքերուն:

Դրամը ուրախութիւն չի՛ բերեր ըսողներն են այսօր այդ ուրախութիւնը վաճառողները, այդ յանկերգի հեղինակներն են, որ հոսող աղբիւրի ամբողջ ջուրը ամբարած՝ պապակածներուն «ծարաւութենէ չէ՛ք մեռնիր» կը պոռան:

Հակառակ կենալով բոլոր բարոյախօսական քաղցրալեզու խաբէութեանց կը յանդգնիմ ըսել. ԴՐԱՄԸ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ:

Փա՞ստ. նայեցէ՛ք ձեր շուրջ եւ պիտի ստանաք պատասխանը. պիտի տեսնէ՛ք դրամի համար թշնամացած հարազատ արիւնակիցներ, պիտի տեսնէք դրամի համար կատարուած ոճիրներ ու գողութիւններ ու պիտի տեսնէ՛ք այն բոլորը՝ ի՛նչ որ մենք լեզուով կը մերժենք:

Ինչպէ՞ս դրամը երջանկութիւն չի՛ բերեր. անցեալները կը կարդայի Դանիէլ Վարուժանի նամականին. մեծանուն գրողը 17 դեկտեմբեր, 1906 թուականին Ստեփան Սարեանին կը գրէր հետեւեալ նամակը.-

«...Բայց սաստիկ կը խնդրեմ՝ յամենայն դէպս ջանայիք ուղարկել։ Ամբողջ 15 օր է անհամբեր կը սպասեմ, բայց ի զուր. աչքիս մէջ մազ բուսաւ. եւ ես դրամը չստացայ։ Վերապատուելի Հայր. անծանօթ երկիր ըլլալուն՝ չէ կարելի ապառիկով ապրիլ. պարոն Գրիգորէն քիչ մը փոխ ըրած եմ. բայց ան ալ ինծի պէս ամիսը ամսուան ապրող մէկն է։ Կը խնդրեմ վերջ դնէիք տարտամ վիճակիս եւ մտատանջութիւններուս»:

Ինչո՞ւ համար տարտամ վիճակ ու մտատանջութիւններ... չէ՞ որ դրամը ուրախութիւն կամ երջանկութիւն չի՛ բերեր: Այսօր բոլորս ալ գիտե՛նք, որ եթէ դրամ չունենանք, մեր առօրեայ կեանքը կը ստանայ նոյն տարտամ վիճակը եւ մտատանջութեան բեռ մը կ՚աւելնայ մեր ուսերուն վրայ:

Տարիներ շարունակ լսեցինք, թէ դրամը հակառակ կողմէն կարդաս մարդ կը ստացուի, հետեւաբար մարդ եւ դրամ իրար հակառակ երեսներ են, սակայն երբ նայիս կեանքի իրողութեան, պիտի նկատես, որ մարդուն մարդ ըլլալը իր մարդկային արժանիքներով չէ՛ որ սկսած է չափուիլ. մա՛րդ ես այնքան՝ ինչքան դրամ ունիս: Անցեալին եթէ մարդը մարդ էր՝ մարդով, այսօր մարդը մարդ է իր ունեցուածքով: Լսուած խօսք է. «դրամը ձեռքի կեղտ է», սակայն տարօրինակօրէն բոլորս ալ կը վազենք այդ կեղտին ետեւէն... վա՜յ եթէ կեղտ չըլլար...:

Ողորմած հայրս կը պատմէր երբեմնի Աղա Կարապետի մը մասին. երբ բարերարութիւններ կ՚ընէր ու մարդոց կ՚օգնէր, հաւաքներու ընթացքին մի՛շտ առաջին աթոռը կը վերապահէին իրեն համար, սակայն երբ սնանկացաւ՝ երեսին նայող անգամ չեղաւ՝ նոյնիսկ անոնք որոնք օգտուած էին իր բարիքներէն:

Ինչքա՜ն այժմէական են Աւետիք Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի» երկարաշունչ բանաստեղծութեան տողերը.-

«Ապիրատ աշխարհ, ուր հզօր ոսկին դարձնում է գողին՝ ազնիւ, բարեյոյս,

Ապուշին՝ հանճար, վախկոտին՝ կտրիճ, տգեղին՝ չքնաղ եւ պոռնիկին կոյս»:

Ինչքա՜ն շատ են այսօր մեր շուրջ ուրիշը հարստահարելով, գողնալով հարստութեան տէր եղողները, որոնք դրամի շնորհած «արժէք»ին ճամբով կը մեծարուին ընկերութեան կողմէ: Ու գիտէ՞ք ինչն է զարմանալին. հարուստին կատարած հազար ու մէկ յանցանքները կը քօղարկուին ընկերութեան կողմէ, մինչ չքաւորի մը փոքր անմեղ մէկ սխալը այնքա՜ն կը մեծնայ, որ ոճրագործի մը վերապահուած ընթացքով կը դատուի:

Այսօր եկեղեցականներ նոյնիսկ կը խօսին դրամի անկարեւորութեան մասին. կը քարոզեն, թէ հարուստը Աստուծոյ Արքայութիւն պիտի չի՛ մտնէ, սակայն նոյն այդ հարուստները իրե՛նք իրենց ձեռքերով եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, ամենէ՛ն առջեւ կը նստեցնեն... դրախտէ մերժուածները եկեղեցւոյ առաջնակարգ աթոռներուն վրայ... ի՜նչ առեղծուած:

Սակայն հարուստին ալ, աղքատին ալ հասարակաց գիծը ծանօ՞թ է մեզի, չէ՞... երկուքն ալ հող էին եւ հո՛ղ պիտի դառնան, այն տարբերութեամբ որ առաջինին համար լացողներն ու սիրել ձեւացնողները աւելի պիտի ըլլան՝ քան երկրորդին:

Եւ վերջապէս ինչո՞ւ չի՛ հարստանալ, երբ կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ, որ մարդս այնչափ աւելի խելացի է որքան դրամ ունի:

Հակառակ այն ճշմարտութեան, որ դէ՛մ ենք դրամապաշտութեան, սակայն չենք կրնար ժխտել, որ այս օրերուս դրամով երջանկութի՛ւն կը փորձեն ծախել ամէ՛ն տեղ՝ «դրամը ուրախութիւն չի՛ բերեր» կեղծ կարգախօսով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԹԱՇՃԵԱՆ
(1841-1885)

Մեր թուականէն 136 տարիներ առաջ՝ 9 սեպտեմբեր 1885-ին Պոլսոյ մէջ մահացած է հայ երաժշտահան եւ երաժիշտ Նիկողայոս Թաշճեան:

Թաշճեան ծնած է 17 յունիս, 1841 թուականին՝ Պոլիս: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանին մէջ, աշակերտելով հայ երաժիշտ եւ երգահան Գաբրիէլ Երանեանին: Աւարտելով երաժշտական ուսումը երկար տարիներ նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարելով հայկական զանազան վարժարաններու մէջ: Որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է Սկիւտարի Մեզպուրեան եւ Սամաթիոյ Արամեան վարժարաններուն մէջ: Գէորգ Կաթողիկոսի կողմէ 1871 թուականին հրաւիրուած է Էջմիածին, Գէորգեան ճեմարանի մէջ երաժշտութիւն դասաւանդելու, ուր հրատարակած է «Դասագիրք եկեղեցական ձայնագրութեան» ձեռնարկը: Եղած է նաեւ Պոլսոյ Մայր եկեղեցւոյ երաժշտապետը:

Թաշճեան երաժշտութեան կողքին զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ. 1861 թուականին իր եղբօր՝ Յակոբ Թաշճեանի հետ միասին հրատարակած է «Նուագ Օսմանեան» կիսամեայ հանդէսը, իսկ իր ուսուցիչին՝ Գաբրիէլ Երանեանի հետ միասին հրատարակած է «Քնար հայկական» երաժշտական պարբերականը: Վարդան Փափազեանի եւ Տիգրան Չուխաճեանի հետ միասին հրատարակած է «Օսմանեան Երաժշտութիւն» հանդէսը:

Թաշճեանի մեծագոյն գործերէն է «Ձայնագրեալ երգեցողութիւն Ս. Պատարագի եւ ձայնագրեալ շարական» աշխատութիւնը, որ հազար էջէ աւելի աշխատութիւն մըն է:

Երաժիշտը Էջմիածնի մէջ եղած է ուսուցիչը երաժշտահան, խմբավար եւ երաժիշտ Մակար Եկմալեանին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2021