ՄԵՌԱԾ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անցեալին արժէք նկատուող շատ մը իրողութիւններ այսօր որպէս խելազուրկ ու անիմաստ կը դիտուին այսօրուան մարդուն կողմէ, որովհետեւ ներկայ ժամանակներու մէջ անցեալի այդ արժէքներով շարունակել ապրիլը ապուշութիւն կրնայ նկատուիլ:

Օրինակի համար, կրնա՞ք պատկերացնել  ներկայ ժամանակներուն մայր մը իր զաւակին սորվեցնէ, որ եթէ «մէկը աջ երեսիդ ապտակ տայ՝ ձախն ալ դարձուր»։ Կրնա՞ք պատկերացնել, որ աշխարհի վրայ նոր սերունդներ շարունակեն հասակ առնել «բարիով յաղթել» ըսուած կատակերգութեամբ՝ որ ներկայ օրերուն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ տկարութիւն ու պարտութիւն:

Յստակ է, որ անցնող տասնամեակներուն աշխարհի երեսէն կամաց կամաց սկսած է վերանալ բարութիւնը՝ որ այնքան ալ փայլուն ու յուսալի վիճակ մը չէր պարզեր:

Այսօր աշխարհի երեսին բարութիւնը կը դիտուի որպէս տկարութիւն, այդ իսկ պատճառով ամէն ծնող իր զաւակին մէջ սրբազան արժէքներ սերմանելու փոխարէն քիչ մը չարութիւն կը փորձեն սերմանել, որովհետեւ ներկայ աշխարհին մէջ բարի ըլլալ՝ պարտուած դուրս գալ կը նշանակէ: Այսօրուան պատանին պարտաւոր է իր աջ երեսին ապտակ տուողին ապտակ մըն ալ փոխադարձ ի՛նք տալ, որովհետեւ աջէն ետք ձախը երբ ցոյց տայ, անկասկած ապտակ մըն ալ ձախին պիտի տրուի՝ առանց շինիչ ազդեցութիւն մը ունենալու:

Այսօր ծնողներու կողմէ բարութեան քարոզչութիւնը իրենց զաւակներուն համար ուրիշ բան չէ եթէ ո՛չ վնաս, որովհետեւ քայլերուն մէջ ոչխար մնալը կամաւոր զոհ ըլլալէ տարբեր բան մը չէ եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր ծնողք կը գիտակցի, որ քիչ մը ամէ՛ն մարդ պարտի քայլ ըլլալ՝ միւս քայլերուն կողմէ ոտնակոխ չդառնալու համար:

Այսօր բարութիւնը լոկ վերացական բառ մըն է, թանգարանացած անկենդան բառ մը պարզապէս, որ գոյութիւն է գիրքերուն եւ հէքիաթներուն մէջ, սակայն ոչ աշխարհին: Բարութեան ոչնչացումն է որ երիտասարդ սերունդին մէջ վերացուցած է յարգանքը մեծին հանդէպ։ Անցեալին ծեր ըլլալը բարութեան ու անկարողութեան խորհրդանիշ էր, որ ինքնաբերաբար կարեկցանք կը յառաջացնէր երիտասարդներուն մօտ, սակայն այսօր ո՛չ ծերը բարի եւ ո՛չ ալ երիտասարդը կարեկիր է, որովհետեւ մարդը մարդուն մարդ ըլլալը տեսնելէ աւելի, սկսած է տեսնել որպէս մրցակից, որպէս նախանձ ու թշնամի:

Անցեալին հաւանաբար զարմանք պատճառէր երիտասարդ մը, որ անտարբեր կը մնար տարեցի մը իյնալուն դիմաց, սակայն արժեչափերու փոփոխութիւնը պատճառ դարձաւ, որ այսօր զարմանանք ու հիացմունքով նայինք այն մարդոց, որոնք տակաւին կը փութան օգնել տարեցին, որովհետեւ եթէ անցեալին չօգնելը, ապա այսօր օգնելն է որ զարմանք կը պատճառէ:

Անցեալի յիշատակութիւններուն մէջ կը կարդանք, որ օտարական մը եթէ վանք այցելէր վանականներ պարտաւոր էին որպէս «Աստուծոյ հիւր» տեղ տրամադրել եւ պատուել հիւրը. այսօր մեր վանքերէն ու եկեղեցիներէն ներս օտարականները դժուար թէ ներս մտնեն. իրենց հիւրասիրութեամբ յայտնի մեր հայրենակիցները եթէ անցելին օտարականին իրենց տան դուռը կը բանային, այսօր գաւաթ մը ջուր տալու կ՚երկմտի:

Այսօր գրեթէ ամէն ծնողք իր մանուկին մէջ կը սերմանէ այն համոզումը, որ այսօրուան աշխարհը չար է եւ պէտք չէ վստահիլ. այսօր մեծահասակները կը պատմեն, թէ անցեալին ինչպէս իրենց ժամանակն ու խաղերը փողոցներուն մէջ կ՚անցընէին, սակայն այսօրուան նոր սերունդը իրենց բոլոր խաղերը կ՚անցընեն տունին մէջ՝ հեռատեսիլներուն ու բջիջայիններուն դիմաց, որովհետեւ ներկայ ծնողներ գիտնալով հանդերձ որ համացանցը այդքան ալ առողջ միջավայր մը չէ, սակայն աւելի վստահելի կը նկատեն քան փողոցը՝ ուր մարդը մարդուն հանդէպ անմարդկութիւն կը գործէ:

 Այսօրուան մարդկութիւնը այնքան չարացած է, որ փոխանցուած բարեւի մը մէջ անգամ յետին միտք մը գտնել կը փորձէ, որովհետեւ ներկայ աշխարհի օրէնքն է յիշել մէկու մը՝ պարզապէս երբ օգնութեան մը կարիքը ունիս:

Շատեր պիտի պնդեն, որ աշխարհի մէջ մի՛շտ ալ եղած է չար՝ թէ՛ դարեր առաջ եւ թէ՛ այսօր. սակայն պէտք է ընդունիլ, որ մեր օրերուն շա՜տ աւելի չարացած են մարդիկ. այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ մայր մը կրնայ մինչեւ անգամ ոստիկանութեան յանձնել անձ մը, որ սիրտի ամենայն բարութեամբ իր զաւակը գրկել ու սիրել կը փորձէ, որովհետեւ տարածուած է այն համոզումը, որ բոլորը չա՛ր են:

Հակառակ այս բոլորին, կայ տակաւին բարութեամբ ապրիլ փորձող փոքրամասնութիւն մը՝ որ զարմանք ու հիացմունք կը պատճառէ բոլորին, որովհետեւ անարժէք կը դառնայ բան մը, որմէ շատ կայ. սակայն կեանքի այս պայքարին մէջ ինչքանո՞վ տրամաբանական է ըլլալ բարի, երբ գիտենք որ մի՛շտ չարն է որ պիտի յաղթէ:

Ամբողջ կեանքը մարդոց օգնած, սակայն իր կատարած օգնութեան դիմաց մի՛ միայն չարիք ու հալածանք գտած տարեց մը վերջերս որպէս խրատ կ՚ըսէր. «մէկու մը մի՛ օգներ. որքա՛ն օգնես՝ այդքան պիտի հարուածեն։ Ընդհակառակը, եթէ տեսնես անձ մը իր տկարութեան մէջ, հարուած մըն ալ դուն տուր, որովհետեւ երբ զօրանայ պիտի չի՛ վարանի քեզ հարուածել»:

Աշխարհի վրայ կայ երկու ճամբայ. կամ պէտք է ապրիլ որպէս չար ու աշխարհի պայքարին մասնակցիլ, եւ կամ պարտուածի հոգեբանութեամբ պիտի շարունակել ապրիլ բարութեամբ, յոյս ունենալով, որ Տէրը բարիք կ՚ընէ բարիներուն եւ սրտով ուղիղներուն։ (Սաղմոս 125.4):

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -40-

Մի քանի օրեր առաջ բժշկութեան համալսարանին դիմաց տարեց կին մը երիտասարդներէն օգնութիւն կը խնդրէ, ձեռքի ծանր ապրանքները հանրակառք դնելու։ Օգնութեան կանչին ո՛չ ոք կ՚ընդառաջէ:

Տարեց կինը նայելով անոնց կը բարձրաձայնէ.-

-Դուք բժշկական համալսարան բժշկութիւն ուսանելո՞ւ կու գաք... ինչպէ՞ս պիտի օգնեք հիւանդներուն, երբ տակաւին պարզ տարեցի մը օգտակար չէք կրնար դառնալ:

***

Եթէ անցեալին բժշկութիւնը որպէս մարդասիրական արհեստ կը դիտուէր, այսօր վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր է. այն երդումները որոնք որպէս «բեմականացում» կը կատարուին՝ ձեւակերպութիւն են պարզապէս. այսօր Միջին Արեւելքի շատ մը երկիրներու մէջ նոյնիսկ եթէ մահամերձ ըլլաս՝ մինչեւ դրամ չտաս հիւանդանոց չեն ընդունիր քեզ... որովհետեւ դրամը այսօր մարդու կեանքէն կարեւոր է:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022