ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԲ.)
Մամուլի մէջ լեզուի աղաւաղումը վերջին տասնամեակին յատուկ երեւոյթ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան իննսուն տարի առաջ այնպէս ինչպէս պոլսահայ մամուլը թրքերէն, նոյնպէս ալ արեւելահայ մամուլը ռուսերէն բառեր կը գործածէր. այս երեւոյթին դէմ կը բողոքէր խմբագիր-գրող մը՝ Շաւարշ Միսաքեան, որ իր գրութիւններուն մէջ յաճախ տեղ կու տար թրքերէն բառերու: Շաւարշ Միսաքեան 1935 թուականին գրած իր մէկ յօդուածին մէջ կը մէջբերէ հայկական մամուլէն տող մը. «Յերկաթուղային տրանսպորտի լրտեսական դիվերսիոն կազմակերպության դատավարությունը»։ Եթէ անցեալին վեց բառէն երկուքը միայն օտար էր, կրնանք վստահ ըլլալ, որ այսօր անոնց թիւը նուազագոյնը երեք է, որովհետեւ անցեալին եղածներուն տեղն ալ գրաւած են ուրիշներ:
Արեւմտահայը կը քննադատէր արեւելահայը ռուսերէն բառեր գործածելու համար, սակայն միւս կողմէ արեւելահայը իր կարգին կը քննադատէ պոլսահայը՝ թուրքերէն բառեր գործածելու համար: Արեւմտահային համար տարօրինակ կը թուի «պոեզիա» բառը, սակայն թրքերէն ճամի բառը՝ բնական. նոյնն է պարագան նաեւ հակառակ կողմը: Շաւարշ Միսաքեան հեգնական ոճով մը խօսելով արեւելահայ մամուլին մասին կ՚ըսէ. «Ստիպուած ենք խմբագիր մը յատկացնել, որպէսզի հայերէնէ հայերէն թարգմանէ խորհրդային հրատարակութիւնները»:
Չենք մեղադրեր Շաւարշ Միսաքեանը, որովհետեւ ո՛չ արեւմտահայուն համար թրքերէնը եւ ոչ ալ արեւելահային համար ռուսերէնը օտար լեզու կը թուի, որովհետեւ այն լեզուն որով ժողովուրդը կը խօսի՝ իրեն հարազատ կը մնայ, այդ է ճշգրիտ լեզուն: Այնպէս ինչպէս անցեալին, այնպէս ինչպէս ներկային, նոյնպէս ալ ապագային անվերջ ձեւով պիտի շարունակուի այս պայքարը՝ մինչեւ օր մը օրանց լեզուն ամբողջութեամբ դադրի գործածուելէ. ամերիկահայը առանց անդրադառնալու իր գործածած անգլերէն բառերուն պիտի մեղադրէ արեւելահայուն ռուսերէն բառերը եւ քննադատէ. իսկ արեւելահայը առանց նկատի առնելու իր ռուսերէն բառերը պիտի քննադատէ ամերիկահայը՝ անգլերէն բառեր գործածելու համար եւ այդպէս անվերջ նոյն ցեխին մէջ գտնուող արեւմտահայն ու արեւելահայը զիրար պիտի քննադատեն, առանց լուծումի եւ առանց գիտակցութեան:
Արեւմտահայը պէտք է գիտակցի, որ իրաւունք չունի քննադատել արեւելահայը՝ այնքան ատեն որ ինք եւս իր հայերէնին կը խառնէ արաբերէնը, թրքերէնը, ֆրանսերէնը եւ կամ անգլերէնը։ Նոյնպէս արեւելահայը չի կրնար քննադատել միւսները, սակայն թէ՛ արեւմտահայը եւ թէ՛ արեւելահայը միասնաբար կրնան քննադատել պետութիւնը՝ որովհետեւ պետութեան մը մեծագոյն պարտաւորութիւններէն մէկն է լեզուի անաղարտ պահպանումը՝ որպէս սրբազան ու ազգային արժէք:
Սխալ նկատելով հանդերձ այնքան չենք քննադատեր հայորդիներու օտար բառերու գործածութիւնը՝ ինչքան պետական պաշտօնեաներու կողմէ, ինչպէս նաեւ պետական յայտարարութիւններու մէջ օգտագործուած օտար բառերը:
Լեզուէն վեր ելլելով սակայն, ցաւ ի սիրտ, ունինք այն համոզումը, որ լեզուի անհասկացողութենէն անդին իրարու հանդէպ ատելութիւն մը ունին արեւմտահայն ու արեւելահայը եւ այդ ատելութեան պատճառով շատ ալ իրար հասկնալ չեն ուզեր. իրականութեան մէջ «ձեզ եմ բերում» եւ «ձեզի կը բերեմ»ին մէջ մեծ եւ անհասկնալի տարբերութիւն մը չկայ. նոյնն է պարագան գրաբարին. շատեր այսօր եկեղեցիէն հեռու կը մնան պատճառաբանելով լեզուի անհասկացողութիւնը, սակայն եթէ լաւապէս լսեն, պիտի տեսնեն որ այնքան ալ անհասկանալի լեզու մը չէ ո՛չ գրաբարը, ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ոչ ալ արեւելահայերէնը:
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան լուծումի մասին. մենք տակաւին մեր լեզուական խնդիրները լուծելու կարող չենք, որովհետեւ լեզուի խնդիրը լուծելու համար (ինչպէս նաեւ առկայ բոլոր միւս խնդիրները) պէտք է նախ սկսինք զիրար սիրել. պէտք է սկսինք սիրել մեր ազգը, մեր ինքնութիւնը, մեր պետականութիւնը, մեր անկախութիւնն ու մեր եկեղեցին. այլ խօսքով այն ամէնը՝ որ կ՚օգնէ մեզի շարունակել հայ մնալ: Այդ սէրն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ միասնական ըլլալու եւ միասնական ըլլալով է որ կարելի է լուծել լեզուական հարցերը՝ հեռու քննադատութիւններէ:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ԿԴ.- ՄԱՀԱՆԱ
Այս բառը կարելի է հայերէն նկատել, որովհետեւ թէ՛ արեւմտահայերը եւ թէ արեւելահայերը հայացուցած են այս բառը եւ իրենց առօրեային մէջ անդադար կը գործածեն: Այս նոյն բառին գործածութեան մասին «ՅԱՆՈՒՆ ԼԵԶՈՒԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ» յօդուածին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը բողոքէր, սխալ նկատելով նման բառերու գործածութիւնը: Նման տարածուած գործածութիւն մը վստահաբար տեղ պիտի գտնէր մեր գրականութեան մէջ։
Հայ դասական մատենագիտութեան մէջ կը հանդիպինք մահանա բառին. հին հայերէն բանաստեղծութեան մը մէջ կը կարդանք.
«Ճանփիկս մահանա արի,
Կանչեցի տարպիկ մի նորա»:
Այլ բանաստեղծութեան մը մէջ դարձեալ կը հանդիպինք այս բառին.
«-Մարդու հոգին կառնուս
Ու գրողն եղեր մահանա»:
Եղիա Կարնեցի եւս իր նամակներուն մէջ յաճախ գործած է այս բառը:
Բաբգէն Կիւլէսէրեան իր «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ» աշխատութեան մէջ «բաղայք» բառը բացատրելու համար կը գործածէ մահանա բառը:
Յովսէփ Մալէզեան մահանա բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ պատճառանք բառը, թէեւ շատ մը գրութիւններու մէջ յիշուած է առիթ իմաստով:
ԿԵ.- ՄԱՀՐՈՒՄ
Թէեւ խօսակցականին մէջ շատ օգտագործուող բառ մը չէ մահրումը, սակայն մեր գրականութեան մէջ տեղ կը գտնեն. կարելի է հանդիպիլ այս բառին առաւելաբար բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու մէջ։
Օրինակի համար, անանուն հեղինակի կողմէ մեզի հասած հին տաղի մը մէջ կը կարդանք. «Մահրում մի՛ պահեր, քո գերին եմ ես»: Գուցէ այս բանաստեղծութեան հեղինակը ըլլայ Ղազար Սեբաստացի, որովհետեւ անոր տաղերէն մէկուն մէջ վերոյիշեալ այս տողին մօտիկ կը կարդանք. «Մահրում մի՛ հաներ, քո գերին եմ ես»:
Այս բառը իր երգերուն մէջ կը գործածէ նաեւ Նահապետ Քուչակ. օրինակի համար, անոր «Վեցերորդ տաղաշարք»ին մէջ կը կարդանք. «Կու վախեմ թողուս ելնես ու ծոցէդ մահրում մընամ ես»:
Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան եւս իր «Գանձեր եւ ողբեր» աշխատութեան վեցերորդ աշխատութեան մէջ կը յիշէ այս բառը ըսելով. «Աւա՜ղ հազար որ մահրում մնացի»:
Այս բառի գործածութիւնը կը տեսնենք նաեւ գրաբար գրութիւններու մէջ. օրինակի համար, Սիմէոն Լեհացի իր ուղեգրութեան մէջ կը գրէ. «Զամէնն մահրում թողուլ չեն. տան Ժ, Ի, Լ, Խ, Ծ ղուռուշ»:
Թլկատինցի եւս իր «Կտակը» թատրերգութեան մէջ կը գործածէ այս բառը. «դուն անշուշտ գիտես թէ ես քեզ ըլ մահրում չի հանեցի, ալ ի՞նչ էր ուզածդ»:
Յովսէփ Մալէզեան մահրում բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել զուրկ բառը:
ԿԶ.- ՄԱՅՄՈՒՆ
Այս բառը նոյնպէս կարելի է գտնել արեւմտահայերուն եւ արեւելահայերուն մօտ՝ որպէս ածական: Նման բառ մը վստահաբար տեղ պիտի գտնէր մեր գրականութեան մէջ:
Օրինակի համար, Զահրատի բանաստեղծութիւններէն մին կը կրէ «Մայմուն» խորագիրը, որ սկիզբ կ՚առնէ «Մայմուն որ կ՚ըսեմ կապիկ չկարծէք» նախադասութեամբ:
Զապէլ Եսայեան եւ իր «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան. ան Արթին Ամուճան նկարագրած ատեն կը գրէ. «Ան երբեք չէ ուզած հագնիլ եւրոպական հագուստ ըսելով թէ ինքը մարդ է, մայմուն չէ»:
Յայտնենք, որ հայոց պատմութեան մէջ յիշուած է Մայմուն անունով մարդ մը, որ կը կարծենք կապիկի հետ կապ չունի եւ կամ պարզապէս որպէս ածական պատմիչներ զինք յիշած են որպէս Մայմուն:
Յովսէփ Մալէզեան բնականաբար մայմուն բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել կապիկ բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -338-
Ժամանակին Լիբանանի «Վանաձայն» ձայնասփիւռի ալիքը կը ներկայացնէր «Ճիշդ խօսինք» խորագրեալ յայտագիր մը. երիտասարդ մը ամենայն լրջութեամբ կը կարդար աղաւաղուած հայերէն նախադասութիւն մը... որմէ ետք աղջնակ մը տխուր ձայնով «ճի՛շդ չէ, այդպէս չեն ըսեր» մը կ՚ըսէր՝ տալով յիշուած նախադասութեան հայերէն տարբերակը:
Նախադասութիւններէն մին կ՚ըսէր. «Էճէլէ էճէլէ հոս կանչեցիր, պէլլէմքի ռումբ պայթաւ»: Ցաւ ի սիրտ, այս մէկը սփիւռքեան առօրեայ խօսակցութիւն մըն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 01/30/2025
- 01/30/2025