ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԵՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱԿՆԵՐ
Մարդուս զարգացման համար անհրաժե՛շտ է գործակցութիւնը ծնողներուն եւ դպրոցին։
Արդարեւ, կրթութիւնը կը սկսի մօր արգանդէն իսկ, կը զարգանայ ընտանիքին մէջ, կը կազմակերպուի դպրոցը՝ ուսուցիչներու առաջնորդութամբ եւ կը կատարելագործուի ընկերութեան մէջ։
Ընտանիքին փոխյարաբերութիւնները առաջ կը բերեն զգացումներու, գորովի եւ շահերու մտերմութիւն մը՝ որ կը բխի մանաւանդ անձերու փոխադարձ յարգանքէն։
Երեմիա մարգարէ կ՚ըսէ.
«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի…». (ԵՐԵՄ. Ա 5)։ Այս համարը ցոյց կու տայ, թէ մարդուս մտային եւ հոգեւոր կազմաւորումը արդէն կը սկսի մօր արգանդէն իսկ։
Այս իմաստով, ընտանիքը եւ անոր պատուական անդամը, մայրը առանձնաշնորհեալ միութիւն մըն են, կոչուած՝ ամոլներուն միջեւ իրականացնելու մտածումներու բաժնեկցութիւնը, ինչպէս նաեւ ուշադիր գործակցութիւնը ծնողներուն՝ զաւակներուն կրթութեան հարցով։
Ամուսնական սիրոյն բեղնաւորութիւնը կ՚ընդգրկէ բարոյական, հոգեւոր եւ գերբնական պտուղները կեանքին, զորս ծնողները դաստիարակութեամբ եւ կրթութեան միջոցով կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն։ Այս իմաստով, ամուսնութեան եւ ընտանիքին կատարելիք հիմնական նպատակը՝ կեանքին ծառայե՛լն է։
Պետութիւնը պատասխանատո՛ւ է քաղաքացիներուն բարօրութեան։ Օրինաւոր է, որ այս տիտղոսով, ան նախաձեռնութիւններ առնէ բնակչութեան աճումը եւ զարգացումը ուղղելու նպատակով։ Կրնայ ընել զայն առարկայական եւ յարգալիր տեղեկութեան մը միջոցով, սակայն ո՛չ երբեք հրամայական եւ ստիպողական պարտադրանքով։
Մինչ, ծնողներ առաջին պատասխանատուներն են կրթութեան իրենց զաւակներուն։
Այս առթիւ տղոց զարգացման հարցին՝ պէտք է զանազանել՝ «կրթութիւն»ը եւ «դաստիարակութիւն»ը։ Դաստիարակութեան թէեւ կը մասնակցին ծնողներ, բայց առաջնակարգ պատասխանատուն է՝ դպրո՛ցը, իր դաստիարակներով, ուսուցիչներով եւ կրթական մշակներով։
Կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը հիմնեն, կը կազմակերպեն եւ կը զարգացնեն մշակոյթը։
Արդարեւ, բարոյական առաքինութիւնները կ՚աճին դաստիարակութեա՛մբ։ Անոնք որ կոչուած են դաստիարակութեան բարձր պաշտօնին եւ կը վարեն այս պաշտօնը, պարտին հրահրել այն արժէքները՝ որոնք կը սիրաշահին վստահութիւնը խումբին անդամներուն եւ կը մղեն զանոնք իրենք զիրենք դնելու ի սպաս իրենց նմաններուն։ Մասնակցութիւնը սկիզբ կ՚առնէ կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ, անշուշտ, մշակո՛յթով։
Ուստի, կարելի է իրաւացիօրէն մտածել, թէ ապագան անո՛նց ձեռքերուն մէջ է, որոնք գիտցան վաղուան սերունդներուն ապրելու եւ յուսալու պատճառներ ներշնչել։
Այս իմաստով, դաստիարակութեան եւ կրթութեան նպատակը պէտք չէ՛ ըլլայ «մեծ եւ երեւելի մարդ» ըլլալ, այլ մարդոց օգտակար՝ հասարակաց բարիքին սատարող մարդ ըլլալ։
Դպրոցներու մէջ ուսանողներու նպատակը, ընդհանրապէս կ՚ըլլայ լաւ նիշեր առնել, դասարանները անցիլ դէպի բարձրագոյնը։ Բայց եթէ նկատի ունենանք դաստիարակութեան եւ կրթութեան էական նպատակը, անոնք պէտք է ջանան կարելի եղածին չափ շատ բան սորվիլ։ Անոնք պէտք է հաշուեյարդար ընեն՝ ո՛չ թէ ի՞նչ նիշ առին, այլ՝ որքան բան սորվեցան, քանի որ կեանքի մէջ պիտի յաջողին ո՛չ թէ նիշերով, այլ՝ իրենց գիտութեամբ…
Մարդկային ամէն անհատ եւ հասարակութիւն կարիքը ունի դաստիարակներու՝ ինքզինք կանգուն պահելու, զարգանալու եւ բարգաւաճելու համար։
Հասարակաց բարիքը մարդկային անձին արժանապատուութի՛ւնն է։ Եւ հասարակաց բարիքը կը բարելաւէ մարդկային պայմանները՝ որոնք մարդը «մա՛րդ» կ՚ընեն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 7, 2024, Իսթանպուլ