ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԱԾ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ

Աստուծոյ գոյութիւնը հարցականի տակ դնող անհաւատի տրամադրութեամբ, կոյրի մը յուսահատ խարխափումով ազգովի կը փորձենք քաշկռտելով կանգուն պահել մեր դաւանած բոլոր այն ճշմարտութիւններն ու գաղափարականները, որոնք մեզի համար մի՛շտ ալ մնացած են ու կը շարունակեն մնալ լոկ անրջական սկզբունք: Ողորմութեան կարեւորութեան հաւատացող, սակայն կեանքին մէջ ողորմութիւն չընող հաւատացեալի մը օրինակով մե՛նք եւս կը հաւատանք մեր ընդգրկած ու դաւանած գաղափարականներուն, սակայն կը դատապարտենք զանոնք մնալու միա՛յն լոզունգի սահմաններուն մէջ:

Մեր գաղափարականները այսօր կը նմանին դրամատէր մարդու ա՛յն հարստութեան, որոնք երբեք լոյս աշխարհ դուրս չեն գար՝ ճոխութեան մէջ չքաւորութիւնը ապրեցնելով ժլատ մարդուն:

Աշխարհի վրայ ամէ՛ն ուղեւորութիւն, ամէ՛ն կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն, միութիւն ու ընկերութիւն իր երթը կ՚երաշխաւորէ նպատակակէտի մը հասնելու յանձնառութեամբ եւ տոկուն ու անխախտ քայլերով, ի գին ամէ՛ն դժուարութեան, իր ոտնաքայլը հաստատ կը շարունակէ դէպի սահմանուած նպատակակէտ: Հայերս, սակայն, յստակ ճանչնալով նպատակակէտը, դէպի այդ նպատակակէտը տանող ցուցանակները մեր ձեռքին հակոտնեայ ուղին կ՚ընտրենք:

Ինչքա՜ն տարօրինակ ենք հայերս. տարօրինակ մեր խառնուածքով, բարքով, մտածելակերպով: Արտասովոր ենք: Էմինի բառերով՝ «զարմանալի՜ հայ»:

 Մեր ցնորական գաղափարախօսութեանց կենդրոնը կը կազմէ մի՛շտ Հայրենիքը, որովհետեւ հայու դաստիարակութեան ցուցանիշերը մի՛շտ ուղղուած են դէպի Հայրենիք (թէեւ հայը ինք գործելէ դադրող գնացքի պէս կը շարունակէ մնալ իր տեղը): Պոռթկումս այսօր նոյնինքն դէպի Հայաստան առաջնորդող ցուցանիշի մեռելութիւնն է:

Սփիւռքի մէջ այսօր ամէ՛ն հայ իր հոգիին ու ներաշխարհին մէջ կ՚ապրի «Երկիր մ՚ունինք մենք Հայաստան, ինչո՞ւ ապրինք» օտարութեան համոզմամբ կ՚ապրի, ու հակառակ այդ նպատակը իրագործելու ի վիճակի ըլլալուն, կը շարունակէ շղթայուած մնալ օտարութեան: Հայը կ՚ուզէ վերադառնա՛լ  Հայաստան, ապրիլ Հայրենիքի մէջ, սակայն նոյնքան կ՚ուզէ ցմահ ապրիլ օտարութեան մէջ: Եւ հո՛ն է որ մեր ընթացքը կը դաւաճանէ մեր գաղափարականին: Աշխարհի վրայ դժուար գտնուի ազգութիւն մը, որուն գաղափարականներն ու համոզումները ամբողջութեամբ հակառակը ըլլան իր ընթացքին ու գործերուն:

Մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 17 դեկտեմբեր 1950-ին Հայաստանի մէջ Սովետական Ձայնասփիւռը Միջին Արեւելքի հայերուն կոչ մը կը հեռասփռէ, հրաւիրելով ուղղուելու Սովետական Հայաստան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը զօրացնելու, տնտեսապէս զարգացնելու եւ կառուցելու հզօր Հայաստան մը: Կոչը միաժամանակ կը բովանդակէր ըմբոստութեան կարեւոր հրաւէր մը ընդդէմ այն կառավարութեանց, որոնք կը մերժեն հայերուն ներգաղթը կամ կը դժկամին զայն դիւրացնել: Անդին, երբ ուսումնասիրենք 1946-1948 թուականներու «Մեծ Հայրենադարձութիւն»ը, պիտի տեսնենք Հայաստան հաստատուիլ ուզող հայորդիներու մեծ թիւը (աւելի քան 130 հազար հայորդի), որոնք անձնական կամքով կ՚ուզէին վերադառնալ Հայրենիք: Եւ այսպիսով նախատեսուած 25 հազարի փոխարէն Հայաստան կը տեղափոխուի աւելի քան 50 հազար հայորդի՝ 11 հազար ընտանիք:

Համեմատեցէ՛ք այսօրուայ հետ. պատկերը ամբողջութեամբ հակառակն է: Նախ այդ ներգաղթին դէմ ըմբոստացող, դժկամող կամ արգիլող պետութիւն գոյութիւն չունի, իսկ անդին այդ կամաւորութիւնն ու կամքը չկայ:

Ու վերոյիշեալ բոլոր ճշմարտութիւններու դիմաց արդարօրէն կ՚ուզեմ ես ինծի հարց տալ. նկատի ունենալով Սուիրոյ մինչեւ օրս շարունակուող տագնապն ու պատերազմական վիճակը, նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններն ու դժուարութիւնները ինչո՞ւ համար նման ներգաղթի ծրագիր մը չորդեգրեցինք. թէ՛ Հայաստանի պետութիւն եւ թէ սփիւռքի ղեկավարները (որոնք միա՛յն Հայրենիքի գաղափարականով ապրիլ կը ձեւացնեն) ինչո՞ւ բազմահազար հայութիւնը դէպի Հայաստան առաջնորդողը չեղան: Թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ Սուրիայէն բազմահազար հայորդիներ յաջողեցան մեկնիլ Եւրոպա, Ամերիկա, Գանատա եւ այլուր՝ յառաջիկայ հինգ-վեց սերունդներու մէջ խեղդելու համար իրենց հայութիւնն ու ազգութիւնը: Ու վստահ եմ մինչեւ օրս թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Սուրիոյ մէջ կարելի է գտնել հայորդիներ, որոնք պատրաստ են ներգաղթել, սակայն առաջնորդողներու պակասի հետեւանքով կը շարունակեն շղթայուած մնալ օտարութեան:

Մեր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որոնք ամէ՛ն բանէ վեր կը դասեն Հայրենիքն ու հայրենադարձութիւնը, ինչո՞ւ հաւատարիմ մնալով իրենց գաղափարախօսութեանց չե՛ն իրագործեր կենսական այդ առաքելութիւնը:

Սովետական Հայաստան մը՝ Ստալինի իշխանութեան տակ իր որդիները տո՛ւն կը կանչէր, իսկ այսօր՝ Ազատ Անկախ Հայաստան մը ունենալով հանդերձ որբացած կը շարունակենք մեր կեանքը:

Ո՞ւր է մեր հայրենիքը... թո՛ղ ամէն մարդ իր «հաւատացած» գաղափարականները անգամ մը եւս աչքէ անցընէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ
(1922-2000)

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 9 հոկտեմբեր 1922-ին Պուլկարիոյ մէջ ծնած է բանաստեղծ եւ արձակագիր Վահէ Օշական:

Վահէ Օշական ծնած է Պուլկարիոյ Ֆիլիպէ քաղաքին մէջ. որդին է արեւմտահայ յայտնի գրող, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշականի: Կրթութիւնը ստացած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1933 թուականին: Ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Երուսաղէմ՝ ուսանելու Սեն Ժորժ քոլէճին մէջ, ուրկէ մեկնած է Փարիզ, ստանալու համալսարանական կրթութիւնը:

Վահէ Օշական աւելի ուշ հաստատուած է Լիբանան եւ 1960-1975 թուականներուն միջեւ եղած է Պէյրութի Ամերիկայեան միջազգային քոլէճի եւ ապա Ամերիկեան համալսարանի դասախօս: Ուսուցչական պաշտօն վարած է նաեւ Հայկազեան քոլէճի մէջ, եղած է անոր հայագիտական բաժնի տնօրէն, իսկ 1976-1982 թուականներուն վարած է Ֆիլատելֆիայի Փենսիլվանիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնը: Վահէ Օշական երկար տարիներ եղած է «Բագին»ի խմբագրական կազմի անդամ: Հիմնած ու խմբագրած է «Լաստ» բանաստեղծական ու քննադատական անգլերէն տարեգիրքը՝ 1987-ին: Գրած է բանաստեղծութիւններ ու վիպակներ, որոնցմէ ծանօթ են «Քաղաքը», «Ահազանգը», «Ճամբորդը», «Թակարդին շուրջ» եւ ուրիշներ:

Օշական ստեղծագործութեան կողքին զբաղած է նաեւ խմբագրական աշխատանքով, խմբագրելով Քրիստափոր Միքայէլեանի ամբողջական երկերը, ինչպէս նաեւ իր հօր՝ Յակոբ Օշականի «Երեք թատերախաղերը», որ հրատարակուած է 1991 թուականին:

Բանաստեղծը մահացած է 30 յունիս 2000 թուականին, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021