ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՎ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅ ԱԶԳԸ

Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու գծով յաճախ կը լսեմ մեղադրանքներ՝ ուղղուած ռուսին, Եւրոպային, ՄԱԿ-ին, Ամերիկային եւ այլոց: Տակաւին քանի՞ անգամ մեր ազգը պէտք է ջարդուի, որպէսզի հասկնայ, որ այս աշխարհին վրայ ո՛չ մէկ պետութիւն իր ձեռքը կը մեկնէ հայ ազգին՝ եթէ սեփական շահեր չունենայ:

Այս դժբախտ իրողութիւնը միայն այսօր օրերուն յատուկ բան մը չէ. մի՛շտ եղած է այդպէս եւ չես գիտեր ինչու, հայ ժողովուրդը երբեք ալ չէ կրցած սորվիլ այդ դասը։ Մեր թուականէն աւելի քան հարիւր տարի առաջ նոյն իրավիճակը կ՚ապրէր հայ ժողովուրդը. նոյն յուսախաբութիւնը կ՚ապրէր օտար պետութիւններու կողմէ անտեսուելով. մեր թուականէն 101 տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Ազատ Կարծիք» թերթի առաջին թիւին երրորդ էջին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողը. «Զգայուն հայ մը չի կայ այսօր՝ որ վերջին 18 ամսուայ միջոցին, անունով «մեծ» կոչուած ազգերու պատճառած յուսախաբութենէն (հայ ազգին ազատութեան խնդրոյ շուրջ) տեսակ մը անտարբերութեան քունին մատնուած չըլլայ»:

Մերօրեայ հայը մատնուած է նոյն քունին՝ ինչ որ դար մը առաջ, որովհետեւ հարիւր եւ աւելի տարիներու ընթացքին մեր ազգը չսորվեցաւ, որ ո՛չ ռուսը եւ ո՛չ ամերիկացին, ո՛չ եւրոպացին եւ ո՛չ ալ չինացին պատասխանատու է մեր անկախութեան՝ որուն արժէքը միայն մենք կրնանք զգալ ու գնահատել եւ ո՛չ ուրիշը: 

Խաղաղութիւն, Մարդու իրաւունքներ եւ նման սին բառեր «մեծ» պետութիւններու համար անբովանդակ լոզունգներ են պարզապէս՝ որովհետեւ թէ՛ խաղաղութեան եւ թէ՛ մարդկային իրաւունքը վերջ կը գտնէ այնտեղ՝ ուր սկիզբ կ՚առնէ սեփական շահը, ինչ որ ամէն բանէ վեր կը նկատուի ինչպէս անցեալին՝ նոյնպէս այսօր:

Կրօնք, սկզբունք, սրբութիւններ, արժէքներ բոլորն ալ տկար են շահ կոչուած սատանային դիմաց եւ այսօր նոյն այդ շահն է, որ կը յաջողի փակել աշխարհի բերանը Հայաստան աշխարհին մէջ կատարուած անմարդկային արարքներուն հանդէպ:

Վստահ եղէք, որ արցախահայութեան փոխարէն նոյն այս դժուարութիւնները ապրողը ըլլար ամերիկացի, գերամանացի կամ ֆրանսացի, աշխարհը տարբեր ձեւով պիտի բարձրաձայնէր ու պայքարէր, որովհետեւ անոնց համար մարդը մա՛րդ չէ. ազգութիւնը աւելի առաջնահերթ է՝ քան մարդկութիւնը:

Բժիշկ եւ քաղաքական գործիչ Վահան Փափազեան (ծանօթ Կոմս անունով) 1957 թուականին Գահիրէի մէջ հրատարակուած «Իմ Յուշերը» աշխատութեան 234-րդ էջին մէջ կը գրէ.

«Երկար, երկա՜ր տարիներ մեր դժբախտ դատը պտտցուցինք աշխարհի չորս անկիւնները:

«Բախեցինք գոց դուռները աշխարհի զօրեղներու: Ծով արիւն հոսեցաւ մեր սիրտերէն. դէզերով թուղթեր լեցուցինք բողոքի ու ցասումի արիւնով ու արցունքով ցօղուած:

«Որո՞ւ չդիմեցինք. դիմեցինք աղերսով եւ «մայր» Ռուսաստանի եւ Անգլիոյ եւ Գերմանիոյ եւ Ամերկայի ու սատանային։ Ստացանք միայն առատ, սնամէջ խոստումներ «դժբախտ հայերուն»...

«Ուզեցինք, «Մեծ Հայաստան» խոստացան, ուրախութեամբ ընդունեցինք, «վիլսընեան սահմանները», խոստացան: Բաւականացանք «Ալաշկերտի Հովիտով», տեղացիներէն իսկ խոստացած էին: Ապա ամրապէս եւ յամառօրէն կառչեցանք «Հայկական Օճախ»ին. Ան ալ խոստացան ու... այդ շրջմոլիկ Օճախը տեղէ տեղ փոխադրուելով, այդ ալ հանգաւ հովերէն. ի՞նչ մնաց՝ երազ միայն:

«... Գութ ու աղերս հայցեցինք դաժան պայքարներու մէջ, իսկ արիւնով ներկեցինք մեր սրբազան երկիրը. սպառեցանք: Ու այժմ, ձեռքերնիս միայն թուղթէ շերեփ մը, կը մօտենայինք «Հերիսայի կաթսային», որուն պղնձեայ խուփը ամրապէս եւ «վերջնականապէս» փակուեցաւ մեր առջեւ...:

«... Այսպէս վերջ գտաւ եւ հաշուեյարդարի ենթարկուեցաւ մեր հարցը, որուն շուրջ տասնեակ տարիներով կը դեգերէին շռայլ ու զարդարուն անվերջ խոստումներ»:

Մերօրեայ Վահան Փափազեան մը տարբեր բան պիտի չգրէ Հայաստանի վիճակին եւ դարձեալ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր տրուած «խոստումներուն» դիմաց:

Կը տեսնեմ, որ համացանցի մէջ կը տարածուի հետեւեալը.

«Լենինը յանձնեց պատմական Հայաստանը:

Ստալինը յանձնեց Ջաւախքն ու Նախիջեւանը:

Փութինը յանձնեց Արցախը»:

Կը զարմանամ, որ ինչո՞ւ համար այս ռուս մեծերը մեղաւոր դուրս կու գան, երբ հայը ի՛նք իրապէս ու արժանաւորապէս տէր չէ եղած իր հողին եւ իր իրաւունքներուն: Անոնք չյանձնեցին, այլ մենք պարզապէս վստահեցանք. գուցէ մեր այդ կոյր վստահութեան համար էր, որ տառապեցանք եւ տակաւին կը շարունակենք տառապիլ. այս հողը մե՛ր հողն է եւ երբեք անոր մեղաւորը Լենինը եւ կամ Ստալինը չի՛ կրնար ըլլալ:

Այսօր, ինչպէս անցեալին պիտի նստինք ու մեղադրենք ռուսը, ամերկիացին ու ցանկացած պետութիւն՝ գուցէ մեր մեղքը աւելի թեթեւցնելու համար, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ մեծագոյն մեղաւորները մենք ենք՝ հայերս, որովհետեւ եթէ տանտէրը իր տունին տէր չկանգնի, վարձկանն ու օտարը երբեք այդ տան տէր չեն կանգնիր:

Մերօրեայ մամուլները թող գրեն ու մեղադրեն ռուսը եւ կամ ամերիկացին, այն յոյսով որ, ապագայ սերունդը գուցէ սկսի մտածել ու հասկնալ, որ պատմութեան ընթացքին ե՛րբ որ վստահած ենք՝ յուսախաբութիւնը անբաժան եղած է:

Տակաւին կը շարունակնեք ունենալ այն յոյսը, որ հայ ազգը այս մէկը օր մը պիտի հասկնայ:

Երեւան

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -363-

Ինչ մեղքս պահեմ... երբ պատանի էի, մինչեւ որոշ ժամանակ կը կարծէի, որ Խրիմեան Հայրիկ իրապէս թուղթէ շերեփով մը մօտեցած էր կաթսայի մը, սակայն չէր կրցած անոր մէջէն իր բաժինը դուրս բերել. այդ մտածումէն տարուած տարբեր սէր մը ունէի շերեփներուն հանդէպ եւ զանոնք կարեւոր կը նկատէի՝ Խրիմեանի օրին չմատնուելու համար: Սակայն ժամանակ մը ետք սկսայ հասկնալ, թէ ինչն է շերեփը, ինչը՝ կաթսան, սակայն ինչքա՜ն պիտի ուզէի չհասկնալ, որովհետեւ նոյն թուղթը մեր ձեռքը նո՛յն կաթսային մէջ մտցնել կը փորձենք... առանց մտածելու որ նախապէս այդ թուղթը յուսախաբութիւն պատճառած էր բոլորիս՝ այնպէս ինչպէս այսօր եւս պիտի պատճառէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2023