ԲՆԱՇՐՋՄԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Բնութեան մէջ ամէն բան յարատեւ փոփոխութեան մը ենթարկուած է, բայց այս փոփոխումը ջնջումի կամ անէացումի հանգամանք չունի երբեք, այլ մշտնջենական ձեւափոխումը՝ բարեփոխումը կը ներկայացնէ այդ փոփոխութիւնը՝ որ կը նշանակէ բնութիւնը կազմող սկզբնական եւ էական տարրերուն հետզհետէ կատարելագործո՛ւմը։

Այս իմաստով, կենդանական մարմնի մը փտումը, կը նշանակէ «կազմալուծում եւ վերադարձ զինք կազմող նախնական տարրերուն», որոնք իրենց կարգին պիտի երթան սնուցանե՛լ ուրիշ կենդանիներու՝ ապրող էակներու եւ կամ տունկերու ընդհանուր կազմը։ Արդարեւ, «տիեզերք» կոչուած այս մեծ «աշխատանոց»ին մէջ, բնալուծական գործողութիւններ են ուրեմն որ կը կատարուին շարունակ եւ «Կեա՛նք» կոչուած խորհրդաւոր եւ միշտ անծանօթ «Ք»ն ուրիշ բան չէ հետեւաբար, եթէ ոչ այդ նախնական պարզ տարրերուն, զանազան պայմաններու տակ, այլ եւ այլ ձեւերով իրարու ձուլումը եւ համախմբո՛ւմը։

Մշտնջենական կերպարանափոխութեան այս երեւոյթը, որ բնութեան ամենէն վսեմ եւ ամենէն սրբազան խորհուրդն է, ո՛չ միայն տիեզերական վիթխարի երեւոյթներու յատուկ է, այլ նաեւ՝ կենդանական, բուսային եւ հանքային մարմիններու, անկենդաններու, որոնք իրենց մասնաւոր կեանքին մէջ իսկ այս մեծ օրէնքին ենթարկուած են։ Այստեղ փոքր շեղում մը ընելով, անդրադառնանք «կեանք» ըմբռնումին, որ կարելի է գործածել ո՛չ միայն ապրող, կենդանի էակներու գոյութեան համար այլ նաեւ՝ անկենդան մարմիններու համար ալ, քանի որ անոնք ալ լայն առումով «ընթացք»ի մէջ կը գոյատեւեն, ինչպէս կենդանի էակները։ Ուրեմն «կեանք»ը այն ընթացքն է, որ տիեզերքի մէջ ամէն «մարմին» կ՚ենթարկուի իր գոյութիւնը տեւականացնող ժամանակամիջոցին մէջ։ Ուրեմն, կեանքը «ընթացք» մըն է՝ որ առընչուած չէ միայն կենդանութեան հետ՝ որ կ՚ենթադրէ ապրիլ, շնչել եւ սնանիլ, գոյատեւե՛լ։ Անկենդան մարմիններն ալ առանց շնչելու, առանց սնանելու կը գոյատեւեն իրենց էութիւնը եւ «կեանք» մը կը վայելեն…։

Այս շեղումէն ետք շարունակենք։

Կենդանին՝ որ բնութեան ամբողջութեան «բնութիւն» կոչուած ամբողջին մէկ մա՛սն է, երկրիս մակերեւոյթին վրայ, տարրական ձեւերու տակ երեւումէն ի վեր, բնաշրջման, կամ ըսենք, բարեփոխման այդ օրէնքին համաձայն, յարափոփոխ ձեւաշրջումով մը միայն կրցած է ապրիլ, յաւերժանալ եւ զարգանալ, որ կը համապատասխանէ՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն։

Տիեզերքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ տիրապետող բնաշրջման այս օրէնքին վրայ սոյն հակիրճ ակնարկը բաւական կարելի է համարել՝ ցոյց տալու համար թէ՝ մա՛րդն ալ, որպէս բնութեան մէկ մասը, անոր օրէնքներուն, կանոններուն եւ պայմաններուն համաձայն պարտաւոր է ապրիլ, եւ թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական կեանքի պահանջները պէտք է նոյն ուղղութեամբ վարէ եւ անոնք նոյն ուղղութիւնը եւ ընթացքը ստանան, քանի որ այդ բնական օրէնքներուն հետ համերաշխ ու ներդաշնակ ընթացքով մը միայն մարդկութիւնը իր բոլոր ստորաբաժանումներովը միասին, կրնայ յաջողիլ կատարելու իր կանոնաւոր եւ անդորր շրջանը՝ ճի՛շդ ինչպէս նոյն ազդեցութեամբ ներդաշնակօրէն կը թաւալին երկնային մարմինները անհուն անջրպետին մէջ։

Եւ թէ՛ երկրի վրայ, թէ՛ երկնի մէջ կատարուած այս «բնաշրջան»ը, մարդկային մտքի տարողութեան չափանիշով «հրա՛շք» մըն է։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ ամէն բանէ առաջ՝ մարդուն համար «կենսական խնդիր» մըն է բնութեան օրէնքներուն եւ պայմաններուն թափանցել եւ զանոնք իմաստասիրել, պատճառ եւ արդիւնք յարաբերութեան մէջ անոնց նպատակը հասկնալ, որպէսզի կարող ըլլայ նոյն ոճով սարքել իր կեանքը, ապրելու շրջանը, անհատական, հանրային, նիւթական-ֆիզիքական եւ ուրիշ կենսական կարգ մը տեսակէտներով։

Գիտութիւնը՝ բնութեան ուսո՛ւմն է, որուն գոյութիւնը աշխարհի վրայ շա՜տ հին, նախապատմական մարդն իսկ, իր կենդանիի -անասունի- բնազդովը, իր ապրած, այսինքն կեանքը վարած միջավայրին օդերեւութաբանական եւ սննդական գիտութեան թափանցել ջանացած ըլլալու է, իր անձնապահպանութեան՝ գոյապահպանման, մէկ խօսքով կեանքը ապահովելու համար եւ բնազդը, որ սխալ տրամաբանութենէ եւ թիւր խորհուրդէ մը աւելի նախապատիւ է, կենդանին առաջնորդած է սակայն Բնութեան օրէնքներուն համաձայն երջանիկ ապրիլ, կոյս անտառներու խորհրդաւոր մենութեանը մէջ, ապահովելով իր կեանքը։

«Վայրենի մարդ»ը, երբ անօթութեան մտրակին տակ՝ անոր ենթակայ՝ իր ակռաները սրած, որսին վրայ կը խոյանայ կեանքի պայքարը մղելու, ատով անգիտակցօրէն կը հետեւի «Բնաշրջման մեծ օրէնք»ին եւ ասով դարերու ընթացքին մէջ գոյութիւն կը ստանան հետզհետէ իրեն յաջորդ սերունդները՝ բարքով եւ զգացումով բոլորովին տարբեր իրմէ։

Այս նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, երկիրը՝ միլիոնաւոր սերունդներու առժամեայ օթեւանն է եղած, եւ իր ծոցին մէջ մղուած են կեանքի ամենէն սոսկալի կռիւները՝ տարբեր տարբեր ձեւերու տակ, բայց մայր բնութիւնը մի՛շտ միեւնոյն իմաստութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ, կարգապահ կերպով շարունակելով իր ընթացքը, աւլած սրբած է երկրի երեսէն, ի՛նչ որ հակառակ է իր օրէնքներուն, եւ յաւերժականութեան կնիքովը կնքած այն ամէն բաները, որոնք իր արտայայտութեան դրոշմը կը կրեն։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ ամէն օրէնք պէտք է համաձայն ըլլայ «բնական օրէնք»ին, քանի որ ան արդար է եւ անաչա՛ռ։

Այսուհանդերձ, բնութեան խորհուրդները կնճռոտ են եւ մարդուն բանականութիւնը եւ իմացականութիւնը կարող չէ մէկ հարուածով թափանցել անոր ծալքերուն մէջ, դարե՜րէ ի վեր ամբողջ սերունդներ խարխափելով, տատանելով հազիւ երբեմն ճշմարտութիւն մը կորզած են անոր գաղտնիքներու, խորհուրդներու բովէն։

Յաջորդաբար քաղուած այդ ճշմարտութիւններու հաւաքածոն է, որ կը կազմէ այսօր մարդկութեան գիտական մթերքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 3, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017