ԲՈՅՍԵՐ՝ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ - Ա -

Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած են զանազան բոյսեր, որոնք գիտնալ օգտակար կը համարենք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան դիւրութեան նկատմամբ։ Ուստի բոյսերու ցանկը կը ներկայացնենք այբուբենի կարգով։

ԱԼՄՈՒԿ. Այս ծառը կը յիշուի (Գ ԹԱԳ. Ժ 11-12), (Բ ՄՆԱՑ. Բ 8, Թ 10-11)ի մէջ։

Կը կարծուի թէ դեղին կամ ճերմակ հոտաւէտ փայտ էր, որ հիմա ծանօթ է «Սանդալ» անունով, եւ Հնդկաստանի եւ Խաղաղական ովկիանոսի կղզիներուն մէջ գտնուելով կը գործածուի Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած կերպով։

ԱԽՈՐԺԱԿ. Ընդհանրապէս կը կարծուի թէ այս բառով, որ կը յիշուի (ԺՈՂ. ԺԲ 5)ի մէջ, կը հասկցուի «Կապպար» տունկը, որուն պտուղէն կը շինուի ախորժակ գրգռող բարկ քացխուտ (թուրշու) մը։

ԱՂԱՒՆԻՈՑ ԱՂԲ. Այս (Դ ԹԱԳ. Զ 25)ի մէջ կը նշանակէ հաւանաբար սիսեռը՝ որ հասարակ ունդ է արեւելքի մէջ։ Արաբերէնի մէջ «աղաւնիի աղբ» եւ «սիսեռ» կը նշանակուին նոյն բառով (Տոգ. Անկըսէ)։

Ոմանք կը կարծեն, թէ վերոյիշեալ համարին մէջ յիշուած քաղաքին պաշարման ժամանակ սովը այնպէս սաստիկ էր որ ժողովուրդը ստիպուեցաւ ուտել բուն աղաւնիի աղբ։

ԱՆԱՆՈՒԽ. Այս կը յիշուի (ՄԱՏԹ. ԻԳ 23)ի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ (ՂՈՒԿ. ԺԱ 42)ի մէջ։

Անուշահոտ խոտ է, որ կերակուրներու մէջ կը գործածուի իբրեւ համեմ։ (=նանէ. menthe)։

ԱՐՄԱՒԵՆԻ. Կը բուսնի Պաղեստին, գլխաւորաբար Յորդանանի ձորին մէջ։

Այս պատճառաւ «Արմաւենիներու քաղաք» կը կոչուէր Երիքով, որ կը գտնուի այն ձորին մէջ (Բ ՄՆԱՑ. ԻԸ 15). թէպէտ նոյն ծառը ուրիշ շատ տեղեր եւս կը գտնուէր։ «Բեթանիա» անունը, որ կը նշանակէ «Արմաւի Տուն», տրուած ըլլալով գիւղի մը, որ կը գտնուէր Երուսաղէմի մօտ Ձիթենեաց լերան վրայ, ցոյց կու տայ, թէ հոն առատութեամբ կը գտնուէր այս ծառը։

Ուստի եւ այն օրը երբ Քրիստոս իշու վրայ հեծնելով մտաւ Երուսաղէմ, անոր ընդառաջ գացող Երուսաղէմացիներ դիւրութեամբ կրցան գտնել այնչափ արմաւենիի ոստեր. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 13), (ՆԷԵՄ. Ը 15)։ (Արմաւենի=«փալմիյէ»)։

ԱՐՋՆԴԵՂ. (=չէօրէկ օթու. nigelle). Այս կը յիշուի (ԵՍ. ԻԸ 25-27)ի մէջ։

Արջնդեղը ունի սեւ սերմ, որ կը գործածուի համեմային եւ կծու համ մը տալու համար կերակուրներու։

ԲԱԿԼԱՅ. Կը յիշուի (Բ ԹԱԳ. ԺԷ 28), (ԵԶԵԿ. Դ 9)ի մէջ։ Շատ են ասոր տեսակները, բայց քիչ կը տարբերին իրարմէ։

ԲԵՒԵԿՆԻ. Յիշուած է (ԵՍ. Զ 13), (ՈՎՍ. Դ 13)ի մէջ։ Շատ կը մեծնայ եւ կու տայ տեսակ մը անուշահոտ իւղ, որ կը կոչուի «բեւեկնիի իւղ»։ (=Արտըճ)։

ԳԻՀԻ. Յիշուած է (Գ ԹԱԳ. ԺԹ 4-5), (ՅՈԲ. Լ 4), (ՍԱՂ. ՃԻ 4)ի համարներուն մէջ։

Այս ծառին փայտը կը վառի պայծառ բոցով, եւ կու տայ տաքութիւն։ Արմատը շատ դառն է, եւ կ՚ուտուի մարդոց յետին կարօտութեան ժամանակ միայն։ Գիհին ռետնային մշտադալար կոնաբեր ծառ մըն է։ (=Արտըճ աղաճը. «genièvre»)։

Արաբացիներ ածուխ շինելու համար յարգի կը համարեն այս արմատը։ Իսկ ոչխարներ կ՚ուտեն անոր պտուղը։

ԳԻՆՁ. Հովանաձեւ տունկ մըն է. կու տայ պղպեղի հատի չափ սերմ, բոլորշի եւ գորշագոյն։ Անուշարարներ եւ դեղագործներ կը գործածեն ասոր պտուղը, քանի որ ստամոքսի օգտակար կը համարուի։

Կը յիշուի (ԵԼ. ԺԶ 31), (ԹՈՒ. ԺԱ 7)ի մէջ։ (=քիշնիշ. «coriandre»)։

ԴԴՄԵՆԻ. Յիշուած է (ՅՈՎՀ. Դ 6-10)ի մէջ։ Լայն տերեւներով, արագ աճող, արեւելքի կողմերը ամէնուն ծանօթ տունկ մըն է այս մէկը։

Բայց ոմանք կը կարծեն, թէ Յովնանի Գիրքին մէջ յիշուած տունկն է այն բոյսը, որ արագ կ՚աճի դդմի նման եւ որուն սերմէն կը հանուի «Հնդկաիւղ»։ (Դդմենի=դդումի տունկը. «գապագ»)։ (Հնդկաիւղ=«հինդ եաղը»)։

ԵՂԵՒԻՆ. (Քէօքնար. «sapin», չամ. «armoise»)։

Եղեւինը կահագործութեան եւ ատաղձի համար շատ յարգի ծառ մըն է։ Ռետնային նիւթեր (ծառէն ծորած դիւրավառ եւ իւղոտ նիւթ) կը հանուին անկէ. զոր օրինակ, բեւեկնիի խէժ, ձիւթ, եւ այլն։ Իր պտկունքը բժշկութեան մէջ կը գործածուին իբր լնդագարութեան (=սկորփիթ. «scarbut», անջերմ հիւանդութիւն՝ որ կ՚ապականէ արեան ամբողջութիւնը)։

Հաւանական է թէ այս բառին Եբրայեցերէնը ունէր շատ ընդարձակ նշանակութիւն, եւ թէ (ՂԵՒՏ. ԺԴ 4-6) համարներուն մէջ յիշուած «եղեւնափայտ»ն է վերոյիշեալ «գիհի» կոչուած ծառը, որ շատ հասարակ է Սինայի անապատներուն մէջ։

«Լիբանանի եղեւին» կոչուածն էր եղեւնին ազնիւ եւ ընտիր մէկ տեսակը…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 6, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2020