ՏԱՐԲԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ

Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 1958 թուականին 18 ամեայ երիտասարդներ կը հիմնեն միութիւն մը, որուն հիմնական նպատակը կ՚ըլլայ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակումը, անոնց յիշատակին յուշարձանի մը կանգնումը, Արցախի եւ Նախիջեւանի վերադարձումը եւ ամենէ՛ն կարեւորը՝ Հայ լեզուի անաղարտ պահպանումը:

Այդ երիտասարդներու շնորհիւ է, որ առաջին եւ ամենամեծ ցոյցը կը կազմակերպուի Երեւանի մէջ, Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցին առիթով, որ իր տեսակին մէջ ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին առաջինն էր եւ այդ ցոյցէն ետք է, որ Մեծ Եղեռնը դուրս կու գայ «արգիլուած» նիւթ ըլլալու իրավիճակէն: Օրուայ մտաւորականները կը փորձեն համոզել երիտասարդները կասեցնելու հաւաքը, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան օրերուն նման արարք մը կրնար վերջ գտնել աքսորով, բանտարկութեամբ ու գուցէ մինչեւ իսկ մահապատիժով՝ ազգային արժէքի մը քարոզչութիւնը կատարելու մեղադրանքով:

Ի դէպ ըսենք, որ «Ժամանակ» թերթը առաջին բարձրաձայնողը եղած է, որ պէտք է Մեծ Եղեռնի զոհերը յիշատակուին. 25 փետրուար / 10 մարտ թիւին մէջ Ք. Էլմաեան «Ժողովուրդին Ձայնը» (ԺԱՄԱՆԱԿ) թերթին մէջ կը ստորագրէ «Ինչո՞ւ մեր միլիոն մը նահատակներուն յիշատակը մեր եկեղեցին դեռ չի տօներ» անունով յօդուած մը, ուր կ՚ըսէ. «Կ՚առաջարկեմ հետեւաբար որ մեր Եկեղեցին ընդունի միլիոն մը զոհուած Հայութեան արեան տօնը՝ իբր եկեղեցական ամենամեծ տօն մը եւ պահքով մըն ալ բարձրացնելով անոր կարեւորութիւնը, տարագրութեան սկիզբն եղող Ապրիլ ամսուն մէջ անպատճառ տօնախմբէ անոնց յիշատակը»:

Վերոյիշեալ 18 ամեայ երիտասարդները ամէ՛ն զոհողութիւն կատարած են կեանքի կոչելու իրենց գաղափարները. Խորհրդային Միութեան օրերուն իսկ ուզած են դպրոցներէն ու կրթական համակարգէն դուրս հանել ռուսերէնը եւ շեշտն ու ուժը տալ մայրենի լեզուին: Այսօր՝ երբ տասնամեակներ անցած է Խորհրդային Միութեան կործանումէն, կը շարունակենք գերին ու ստրուկը մնալ այդ լեզուին: Այդ երիտասարդներէն Վիգէն Բաբայեան աքսորուած ու բանտարկուած է իր «Կտակ հայ որդուն» խորագրեալ բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ գրած հետեւեալ քառատող գրուածքին համար.

«Քանզի սնուել ես մօրդ արգանդում որպէս հայ որդի,

«Երդուիր, սիրելիս, որ պիտի պաշտես սուրբ հողը նրա,

«Դու պիտի լինես դիւցազուն զինուոր քո ժողովուրդի,

«Մաշտոցեան լեզուն անաղարտ պահես շրթներիդ վրայ»:

Վիգէն, իր վեց միւս ընկերներուն հետ դատապարտուած է հինգ տարուայ ազատազրկման եւ պատմութեան մէջ յիշուած որպէս «Եօթ Հայրենասէրներ»:

Եւ այս բոլորը պահ մը կ՚ուզեմ համեմատել մերօրեայ 18-24 տարեկան երիտասարդներու հետաքրքրութիւններուն: Տարիներ շարունակ լուրջ վէճերու պատճառ եղած է «նոր սերունդ»ին ինչութիւնը. մարդիկ բաժնուած են երկու խումբի. առաջին խումբը յուսահատ նոր սերունդէն՝ ապարդիւն կը տեսնէ անոր ճիգերը, իսկ միւս խումբը լուսաւոր ակնկալութիւն ունի ապագայի նկատմամբ: Նոյնիսկ 88 տարիներ առաջ Շրջիկ գրչանունով գրող մը «Հայրենիք» թերթի շաբաթ, 5 օգոստոս 1933-ի (35-րդ տարի, թիւ 6462) մէջ կը գրէ «Նոր սերունդ կա՞յ թէ չկայ» անունով յօդուած մը, որուն մէջ մի քանի ընկեր կը վիճին.

- Նոր սերունդ մը կա՛յ, կը պնդէր կողմերէն մէկը. ապացոյց ա՛յն՝ որ երիտասարդութիւնը կը խլրտի ամէն կողմ, ու կ՚ուզէ ձեռք առնել հանրային աշխատանքներու ղեկը:

- Նոր սերունդ չկայ, կը պնդէր միւս կողմը, որովհետեւ սերունդ չէ՛ երիտասարդութիւնը, որ կը շնչէ գաղութներուն մէջ:

- Հինի ու նորի պայքարը միշտ ալ եղեր է, կը պնդէր առաջին կողմը, որդիները միշտ ալ պայքարեր են իրենց հօրը դէմ: Դիրքերը գրաւելու եւ դիրքերը չզիջելու կռիւ է, որ կը մղուի պատերազմէն ի վեր:

- Պայքար չկայ կը պնդէր միշտ միւս կողմը: Որովհետեւ դէմ դիմաց սերունդներ չկան: Սերունդները կը ճշդուին իրենց հաւաքական դիմագծութեամբ՝ մինչ նոր սերունդը հաւաքական դիմագծութիւն չունի. սերունդները կը բացատրուին իրենց հաւաքական իտէալով՝ մինչդեռ նոր սերունդը զո՛ւրկ է հաւաքական իտէալէ ալ. սերունդները արժէք կը ստանան նաեւ իրենց հաւաքական ճիգովը՝ մինչդեռ նոր սերունդը տքնութենէ կը փախի:

Եթէ 88 տարիներ առաջ «նոր սերունդը հաւաքական դիմագծութիւն» չունէր... այսօ՞ր. պատասխանը բոլորս ալ գիտենք:

Այսօրուայ նոր սերունդը ինչպէ՞ս եղած է պիտի չարծարծեմ, սակայն բացայայտ է, որ եղած է ժամանակ մը, որ ունեցած ենք այնպիսի սերունդ մը, որ անկարելի ու անհնարին պայմաններուն մէջ կատարած են այնպիսի բաներ՝ որ այսօր ընելու ամէ՛ն կարելիութիւն ու ազատութիւն ունինք՝ սակայն չենք ըներ: Այդ սերունդը վտանգելով իր կեանքը, աչքի առնելով ազատազրկումն ու հալածանքը՝ գործած են ի գին իրենց գաղափարականին ու տեսլականին:

Արթննալ է պէտք թմբիրէն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ
(1899-1971)

Մեր թուականէն 122 տարիներ առաջ՝ 9 նոյեմբեր 1899-ին Թիֆլիզի մէջ ծնած է ճարտարապետ եւ Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Միքայէլ Մազմանեան:

Մազմանեան կրթութիւնը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1918 թուականին, որմէ մի քանի տարիներ ետք՝ 1921-ին ընդունուած է Մոսկուայի Վուխտեմաս ուսումնական հաստատութիւնը, ուսանելով մինչեւ 1929 թուականը: Մազմանեան 17 տարեկանին՝ 1916 թուականին Անիի մէջ հայագէտ ու լեզուաբան վրացի արեւելագէտ Նիկողայոս Մառի ցուցմունքներով պատճէնահանած է Տիգրան Հոնեցիի եկեղեցւոյ որմանկարները:  Ճարտարապետը փոքր տարիքէն իր մասնակցութիւնը բերած է Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած Հայ արուեստագէտներու միութեան առաջին եւ երկրորդ ցուցահանդէսներուն՝ 1917 եւ 1919 թուականներուն:

Նախքան ճարտարապետութեամբ զբաղիլը՝ Մազմանեան զբաղած է թատրերգութեամբ եւ թարգմանական աշխատանքով. 1924 թուականին Կարօ Հալապեանի հետ միասին Երեւանի մէջ բեմադրած է «Կարմիր դիմակ»ը, «Քաջ Նազար»ն ու այլ թատրերգութիւններ, որոնք ներկայացուած են Հայաստանի առաջին պանթէոնին մէջ: Ետքը որոշ ժամանակ զբաղած է թարգմանութեամբ, հայերէնի վերածելով Պլեխանովի «Գեղարուեստը եւ հասարակական կեանքը» աշխատութիւնը:

Մազմանեան 1930-1935 թուականներուն եղած է Երեւանի Շինարարական հիմնարկի առաջին տնօրէնը, միաժամանակ վարելով «գիպրոգոր» նախագծային ճարտարապետական արուեստանոցի ղեկավարի պաշտօնը՝ 1932-1937 թուականներուն: Եղած է նաեւ «Երքաղխորհուրդի գործկոմ»ի եւ Երեւան նախագիծ հիմնարկի ճարտարապետական արուեստանոցի ղեկավար, իսկ 1957-1971 թուականներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ճարտարապետական-շինարարական յանձնախումբի նախագահ: Մազմանեանի նախագիծերով Երեւանի մէջ կառուցուած է բազմաթիւ շինութիւններ. ինչպէս՝ Աջափնեակ բնակելի թաղամասը, Գիրքի պալատի շէնքը, Կառուցողներու ակումբը, Պետապի տունը, Մանկական աշխարհ հանրախանութը եւ այլ կառոյցներ:

Մազմանեանի կարեւորագոյն գործերէն մէկն է քանդակագործ Երուանդ Քոչարի հետ միասին պատրաստած 1959 թուականին Երեւանի Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ տեղադրուած Սասունցի Դաւիթի արձանը, որ անցած է մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին, Մազմանեան 1968-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր ճարտարապետ կոչման: 

Մազմանեան մահացած է 29 հոկտեմբեր 1971-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021