ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ ԹԱՂՈՒԻԼ
«Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ Անոր հետ թաղուեցանք մկրտուելով մահուան համար…». (ՀՌՈՄ. Զ 3-4)։
«Քրիստոսով, Մովսէսով, կամ Պօղոսով մկրտուիլ» կը նշանակէ նուիրուիլ Քրիստոսի, Մովսէսի կամ Պօղոսի իբր առաջնորդի կամ ուսուցչի. (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19-20), (Ա ԿՈՐ. Ա 13, Ժ 2)։ Քրիստոսի մահուանը մկրտուելով մեր անձերը կը նուիրենք Քրիստոսի, իբրեւ Փրկչի, որ մեզ մեղքէն ազատելու համար մեռաւ, եւ կը դաւանինք, թէ ինչպէս որ Քրիստոս մեղքի համար խաչուեցաւ՝ մեռաւ, նոյնպէս մենք «մեղքին մեռնելով» կ՚ազատինք մեղքերու ազդեցութենէն. (ՓԻԼ. Գ 10)։
«Քրիստոսի հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ մահուան համար». կը նշանակէ, թէ մեր մեռնիլը մեղքին այնպիսի կատարեալ մա՛հ է, որ կարելի է ըսել, թէ «թաղուեցանք»։ Ուստի եւ Քրիստոսի հետ մեղքին կատարելապէս մեռած եւ թաղուած, այսինքն մեղքերու ազդեցութենէն բոլորովին փրկուած ըլլալով, Քրիստոսի նման կը հասնինք «յարութեան» մը՝ որ կը տանի մեզ կեանքի նորոգութեան, կամ այնպիսի կեանքի մը՝ որ մեղքերու կեանքէն բոլորովին տարբեր է։
«Մենք». այս բառով կ՚ակնարկուին անոնք, որոնք չափահաս ըլլալէն ետքը մկրտուեցան, իրենց հաւատը առ Քրիստոս դաւանելով, եւ զիրենք Քրիստոսի նուիրելով իբրեւ Անոր աշակերտները. (ԿՈՂ. Բ 12), (ԳՈՐԾՔ. Թ 18, Ժ 47, ԺԵ 9, ԺԶ 14-15, եւ այլն)։
Մկրտութեամբ յայտնուած հաւատքին եւ անոր հոգեւոր նշանակութեան նայելով, մկրտութիւնը կոչուած է «նորէն ծնանելու աւազան». (ՏԻՏ. Գ 5). «Եւ մեզ փրկեց, ո՛չ թէ մեր կատարած արդար գործերուն համար, այլ՝ պարզապէս ողորմած ըլլալուն համար։ Մեզի նոր ծնունդ տուաւ մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց։ Աստուած Սուրբ Հոգին առատօրէն մեր վրայ թափեց՝ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի Քրիստոսի շնորհքովը արդարացած՝ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը, որուն կը յուսանք»։
Ըսուած է նաեւ որ մկրտութիւնը մեղքերը կը լուայ. (ԳՈՐԾՔ. ԻԲ 16, Բ 38), եւ «կ՚ապրեցնէ». (Ա ՊԵՏ. Գ 21)։ Այլ թէ մաքրելու, մեղքերու թողութիւն տալու, քաւելու եւ ապրեցնելու զօրութիւնը բուն իսկ մկրտութեան մէջ չէ, այլ այն բառերուն մէջ միայն, որոնք մկրտութեամբ ցոյց տրուած կամ նշանակուած են, կ՚ապացուցուի սա իրողութենէն, որ Քրիստոսի նախնի ճշմարիտ աշակերտները, դեռ չմկրտուած, կ՚ընդունէին Սուրբ Հոգին, մեղքերու թողութիւն կ՚առնէին, եւ կը մաքրուէին։ Կ՚ապացուցուի նաեւ սա իրողութենէն, որ երբ մէկը առանց փրկարար հաւատք ունենալու կը մկրտուէր, ինչպէս եւ Սիմոն մոգ, այնպիսի մէկուն մկրտութիւնը անօգուտ եւ ապարդիւն էր. (ԳՈՐԾՔ. Ը 13, 20-23)։ Ուստի, մկրտութիւնը հաւատքի դաւանութիւն մը, արտաքին նշան մը եւ Քրիստոսի հետ հանդիսաւոր ուրախութիւն մը ըլլալով, պէտք է զայն, իբրեւ շատ կարեւոր արարողութիւն մը, զգուշութեամբ մատակարարել միայն այն չափահասներու, որոնք ապացոյց կու տան, թէ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ նորոգուած են սրտով եւ վարքով։ Տղոց պէտք է մկրտութիւն մատակարարել այն ատեն միայն, երբ անոնց ծնողներուն կամ խնամածուներուն մէջ հաւատք եւ անձի ճշմարիտ նուիրման ոգի կայ։ Եւ այս պարագան մեզի ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ է մանուկի մը համար որ կը մկրտուի, կնքահօր սրտով եւ հոգւով ճշմարտապէս «հաւատացեալ» անձ մը ըլլալը։ Ուստի, կնքահայր ըլլալ ո՛չ թէ որպէս արտաքին ձեւակերպութիւն մը, պարզ պաշտօն մը կատարած ըլլալու մտադրութեամբ, այլ եւ մանաւա՛նդ գիտակցաբար, հոգւով եւ մտքով հաւատալով եւ կատարեալ անկեղծութեամբ…։
Շատ մեկնիչներ կը կարծեն, թէ հոս, «թաղուեցանք մկրտութիւնով» բառերը, մկրտութեան ընկղմամբ ըլլալը կ՚ակնարկեն։ Այս մեկնաբանութիւնը անհաւանական չէ թէեւ, բայց կարելի չէ ստուգուիլ։ Երկրորդ դարէն ետքը հին եկեղեցիներու մէջ մկրտութեան կերպը ընկղմամբ էր, թէեւ սրսկմամբ ալ կ՚ըլլար հիւանդներու վրայ։ Թերեւս առաքեալներու օրովն ալ ընկղմումը մկրտութեան սովորական կերպն էր փոխանակ սրսկմամբ կատարելու։ Սակայն շատ հաւանական կ՚երեւի, թէ Պենտէկոստէի օրուան 3000-ը եւ Փիլիպպէի բանտապետը, եւ ուրիշներ. (ԳՈՐԾՔ. Բ 41, ԺԶ 33) ընկղմամբ մկրտուած չէին…։
Թէեւ կարելի է խորհիլ եւ ըսել, թէ ընկղմումը յարմարութիւն ունի «Քրիստոսի հետ թաղուիլ եւ յարութիւն առնել» խօսքերուն, սակայն եւ այնպէս սրսկումն աւելի յարմարութիւն ունի Սուրբ Հոգիով մաքրուելուն, որու համար ըսուած է թէ «պիտի թափուի, ինչպէս ցօղը կամ անձրեւը կը թափի, կը տեղայ երկինքէն (ԳՈՐԾՔ. Բ 17-18), (ԵՍ. ԽԴ 3-5), (ՈՎՍ. ԺԴ 5), կամ պիտի սրսկուի. (ԵԶԵԿ. ԼԶ 25-26, եւ այլն)։
Մկրտութեան ազդեցութիւնը գործածուած ջուրին քանակութենէն չէ, ոչ ալ գործածելու կերպէն, այսինքն մարմինը ջուրին մէջ ընկղմելէն, կամ մարմնոյն վրայ ջուրը սրսկելէն։
Քրիստոսի մկրտութեան ամենէն հին նկարներուն, սրբապատկերներուն նայելով, որոնց օրինակները յաճախ Թուրքիոյ մէջ յունաց եւ հայոց եկեղեցիներուն ոմանց մէջ կարելի է տեսնել, Յիսուս Քրիստոս Յորդանան գետին մէջ ոտքի կանգնած կը կենայ, եւ Յովհաննէս Մկրտիչ կը մկրտէ զԱյն՝ գլխուն վրայ գաւաթով կամ խեցւով ջուր թափելով…։
«Մինչեւ որ, որովհետեւ եթէ մենք տնկակից եղանք Անոր մահուանը նմանութեամբ…». (ՀՌՈՄ. Զ 5), հոս «Տնկակից» բառը «Թաղուիլ» բառին հետ նման իմաստ մը ունի՝ մերձիմաստ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 3 2022, Իսթանպուլ