ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԹ.)

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՆ ՈՒ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ

Մեր ծնողներուն խոցելի երեւոյթներէն մին իրենց պատանիներուն հետ ունեցած յարաբերութիւնն է, որովհետեւ անոնք չեն կրնար զանազանել մանուկն ու պատանին, ինչու չէ նաեւ շատ անգամ երիտասարդը եւ անոնց հետ կը վերաբերին այնպէս՝ ինչպէս մանուկի մը:

Ամէն ժամանակաշրջան ունի իր զգացումները, իր հոգեկան ապրումները, հետեւաբար պէտք է տարբերութիւն դնել մարդկային կեանքի ժամանակաշրջաններուն միջեւ եւ իւրաքանչիւրը տարբերել: Այդ բոլորը նոյնացնելը, նկատենք թէ ոչ, որոշ անբարենպաստ հետեւանքներ կը ստեղծէ եւ անոնց կեանքին մէջ որոշ սահմանափակումներ կը յառաջացնէ:

Նախապէս տեսանք, թէ ինչպէս մանուկը ինքնավարութեան կը ձգտի. այս ձգտումը մարդկային կեանքի որոշ հանգրուաններուն կը տեսնենք, սակայն ան առաւելաբար պատանիներուն մօտ ի յայտ կու գայ, որովհետեւ պատանեկութիւնը մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը զիրար կապող ամենէն կարեւոր հանգրուաններէն մէկն է, որ հիմնուած կ՚ըլլայ մանկութեան աշխարհին վրայ եւ կամաց կամաց կը մօտենայ երիտասարդութեան: Այս ժամանակաշրջանին է, որ անոնք կը ձգտին շուտով մեծնալու եւ իրենք զիրենք մեծի տեղ դնելով կը սպասեն յարգանք եւ որոշ պատասխանատուութիւն, ինչ որ իրենց ինքնավարութեան զգացումը կը շոյէ:

Այժմ միասնաբար խօսինք, թէ պատանիները մանուկի տեղ դնելը ինչպիսի վնասներ կրնայ պատճառել մեր զաւակներուն:

Առաջին հերթին անոնց մօտ կը յառաջացնէ վստահութեան անկում, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան խզում. իրենք զիրենք անտեսուած զգացող մանուկներու մօտ յաճախ կը նկատուի անվստահութիւն, ինչ որ պատանին հեռու կը պահէ շատ մը պարագաներ ծնողքին հետ քննարկելէ: Հիասթափութեան կողքին, այս մէկը անոնց մէջ կրնայ յառաջացնել ապստամբ ու ընդդիմադիր ըլլալու երեւոյթը: Երբ անոնց միտքերը, զգացումներն ու կարծիքները անընդհատ անտեսուին, անոնք կը սկսին հեռանալ ծնողքէն եւ շատ մը որոշումներու համար կարծիք չհարցնել ծնողներէն:

Այնպէս ինչպէս մանկութեան ժամանակ, նոյնպէս պատանեկութեան անոնք կ՚ուզեն ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալ եւ մեծահասակներու կողմէ մեծերու վերաբերմունքի արժանանալը անոնց եսը շոյելու կողքին ինքնավստահութեան հաստատման մէջ օգտակար կը դառնայ: Պէտք է հասկնալ, որ անոնց փորձառութիւնները, զգացումներն ու մտածումները անտեսելը կրնայ վնասել անոնց յուզական աշխարհը: Աւելին, մանկավարժութիւնը կը հաւատայ, որ պարզ թուացող այդ անտեսումը կրնայ նոյնիսկ հոգեկան բարդոյթներ յառաջացնել, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան աւելի վատ վիճակ մը ստանալ:

Պատանին մանուկի տեղ դնելը անոր մէջ կը խեղդէ անկախութեան եւ ազատ որոշում կայացնելու ինքնավստահութիւնը եւ որոշ սահմանափակումներ կը յառաջացնէ. արգելք կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնք ազատութեամբ արտայայտեն իրենց կարծիքներն ու որոշումները, ինչ որ ինքնավստահութեան մեծ բաց մը կարելի է նկատել:

Ցաւ ի սիրտ, այս մէկը մարդու «բնաւորութեան» մաս կը կազմէ եւ յաճախ ծնողներ այս մէկը ոչ թէ մի քանի անգամ, այլ մի՛շտ եւ շարունակաբար ի գործ կը դնեն. բոլորս ալ գիտենք, որ ծնողքը զաւակէն շատ աւելի փորձառութիւն ունի եւ աւելիով գիտէ զանազանել ճիշդը՝ սխալէն, սակայն պէտք չէ մեր զաւակները «դուն չես գիտեր»ի, «դուն գործիդ նայէ»ի եւ այլ արտայայտութիւններով մեծցնել, որովհետեւ անոնք մանկութենէն դուրս գալով որպէս պատանի ունին իրենց սեփական կարծիքը կազմելու իրաւունքը եւ այդ իրաւունքի խլումը երիտասարդութեան վրայ կ՚ազդէ եւ այդ առանց հետեւանքները մտածելու ծնողներու կողմէ ի գործ դրուած վերաբերմունքը անոնց երիտասարդական կեանքին վրայ եւս կրնայ ազդել, զաւակին եւ ծնողքին միջեւ ստեղծելով թոյլ յարաբերութիւն մը:

«Դուն չես գիտեր»ի հոգեբանութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի անոնք իրենց կեանքի որոշումներուն դիմաց տատամսին, որովհետեւ ձեր իրեն չվստահիլը, իր սեփական ինքնավստահութիւնը եւս կը վիրաւորէ. այդ վարքագիծը կ՚ազդէ նաեւ իրենց հասակակիցներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն եւ կ՚ունենանք հասակակիցներ՝ մին ինքնավստահ իսկ միւսը ոչ: Պէտք է ուշադիր ըլլալ մանաւանդ հասակակիցներու մօտ անոր հետ մեր ունեցած յարաբերութիւններուն, որովհետեւ հասակակիցներուն դիմաց մանուկի տեղ դրուիլը անոր եսասիրութիւնը կը վիրաւորէ:

Մեր առօրեան ինչքան ալ խճողուած ու ծանրաբեռնուած ըլլալ, պէտք է լսել, որովհետեւ ծնողքի մը ուշադրութիւնը պատանիին համար իրեն տրուած նիւթական նուէրներէն շատ շատ աւելի կ՚արժէ եւ ո՛չ միայն պատանին կ՚ուրախացնէ, այլ կ՚ազդէ նաեւ անոր թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին:

Յաճախ կը կարծենք, որ այս բոլորը կատարելով պարզապէս անոնց եսը կը շոյենք, սակայն իրականութեան մէջ շատ աւելին կը փոխանցենք անոնց. պատանիներուն մանուկի տեղ դնելու փոխարէն լրջութեամբ ընդունիլը անոնց մէջ կ՚ամրացնէ որոշում կայացնելու, պատասխանատուութիւն ստանձնելու երեւոյթները:

Բոլորս ալ գիտենք, որ մարդ կեանքի մէջ շատ մը բաներ փորձառութեամբ կը սորվի. պատանիները եւս կեանքը փորձով պիտի սորվին. ամէն վայրկեան զանոնք մանուկի տեղ դնել եւ իրենց սեփական որոշումները խափանելը վնաս պատճառելէ բացի ուրիշ բանի մը պիտի չծառայէ. պէտք է պատանին ինք որոշէ, քննէ, դատէ եւ սկսի փորձառութիւն ձեռք բերել, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ ծնողքը կեանքի բոլոր հանգրուաններուն կրնայ անոր մօտ չգտնուիլ, հետեւաբար պատանի տարիքէն փորձառութեան ուսումնասիրութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ անոնց ապագայ կեանքին համար:

Այսօր կը տեսնենք համարձակ պատանիներ՝ որոնք մեծի ազդեցութիւն կը թողուն մեր վրայ. իրականութեան մէջ այդ մէկը բնաւորութենէն անդին դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ այս բոլորի գիտակցումն է, որ ծնողք ըլլալը կը դարձնէ դժուար արուեստի մը: Ծնողքի դերը առաջնորդել է եւ ո՛չ հրամայել. ծնողքի մը դերը պատանիին Ա. կէտէն Բ. կէտ տանիլը չէ, այլ օգնելն ու սորվեցնելն է, թէ ինչպէ՛ս անոնք կրնան այդ մէկը կատարել: Պատանիին դիմացէն կեանքի դաժան քարերը վերցնողը չէ՛ որ բարիք կատարած կ՚ըլլայ. իսկական բարիքը այդ քարերը վերցնելը սորվեցնելն է, որովհետեւ միայն այդպիսով ան կրնայ առողջ պայքար մղել կեանքի դժուարութիւններուն դէմ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ինչպիսի՞ տեսք պիտի ունենայ աշխարհը հարիւր տարիներ ետք:

Պատասխան.- Ապագան կանխատեսելը՝ մանաւանդ հարիւր տարիներ ետք դժուար ու բարդ խնդիր է, սակայն ներկայի հիման վրայ կարելի է հաւանական փոփոխութիւններ սպասել, որոնք կրնան ձեւաւորել մեր դիմաց գտնուող հարիւր տարին:

Արհեստագիտութեան զարգացումը կը փոխէ մարդկային կեանքի առօրեան: Այս զարգացումը կը փոխէ տիեզերքի հետախուզման առաջընթացը եւ կրնայ յանգիլ կլիմայի փոփոխութեան լուծումին: Կրնան մեծ յաջողութիւններ արձանագրուիլ բժշկական ոլորտէն ներս, որու ճամբով կարելի կ՚ըլլայ բարձրացնել մարդկային կեանքի տեւողութիւնն ու լուծում տալ անբուժելի նկատուող շատ մը հիւանդութիւններու: Համաշխարհայնացումը կրնայ ազդեցութիւն ունենալ շատ մը ազգերու մշակոյթին վրայ:

Արհեստական բանականութեան, ինչպէս նաեւ ինքնակառավարուող մեքենաներու զարգացումը աշխատանքի նոր մարտահրաւէրներ կրնան ստեղծել: Վերջապէս նորարարութիւններու ճամբով կրնայ ամբողջութեամբ փոխուիլ նաեւ կրթական մեթոտներն ու համակարգը:

Այս փոփոխութիւնները կախեալ են բազմաթիւ գործօններէ սակայն կեանքի ներկայ ընթացքը այս մէկը ցոյց կու տայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2023