ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Հայոց Եկեղեցին չէ մասնակցած Քաղկեդոնի ժողովին եւ Բաբգէն Կաթողիկոսի ժողովէն սկսեալ չէ ընդունած զայն եւ Լեւոնի Տոմարը՝ հետեւեալ գլխաւոր պատճառներով։
ա) Երբ յոյները Քաղկեդոնի մէջ կրօնական վէճերով տարուած էին՝ հայեր զբաղուած էին իրենց կրօնը պաշտպանելով Պարսիկ կառավարութեան դէմ։ Վարդանանց պատերազմը տեղի ունեցած է 451-ին, Քաղկեդոնի ժողովի տարին։
բ) Երբ Վահան Մամիկոնեան մարզպան ըլլալով Հայաստան խաղաղեցաւ եւ հայերը կրնային զբաղիլ դաւանական հարցերով. այդ միջոցներուն Զենոնի հռչակաւոր Հենոտիկոնը կը մերժէր Քաղկեդոնի ժողովը եւ անոր որոշումները։
Հետեւաբար հայերը չէին կրնար յայտնապէս մէկ կամ միւս կողմը անցնիլ եւ կամ յոյներուն գումարած եւ անոնց չընդուած ժողովը իբրեւ «Տիեզերական ժողով» ընդունիլ։
գ) Եւտիքէսի մոլորութիւնը տեղական էր եւ չէր շահագրգռեր հայերը։
դ) Հայերը ընդուած էին արդէն տիեզերական երեք ժողովները. (Նիկիոյ 325, Կ.Պոլսոյ 381, Եփեսոսի 431) որոնք հիմ կազմած եւ ծառայած էին Քաղկեդոնի ժողովին։
ե) Քաղկեդոնի վէճերուն բուն շարժառիթը գերագահութեան ձգտումը եւ աթոռի կռիւն էին աւելի, քան թէ Եկեղեցիի ընդհանուր շահը։
զ) Քաղկեդոնի ժողովին հանդէպ հայոց «ատելութիւն»ը երթալով աւելի՛ շեշտուած է անոր համար, որ յոյն եւ ուրիշ քաղկեդոնիկ եկեղեցիներէն հալածուած է իբրեւ եւտիքական կամ «միաբնակ», այսինքն՝ մէկ բնութիւն դաւանող, ի՛նչ որ սխալ է։
Երբ Դուինի ժողովը տեղի կ՚ունենար (506), Պարսկաստանէն Բաբգէն Կաթողիկոսի եկան մի քանի ասորի եկեղեցականներ՝ որոնք եկած էին գանգատելու, թէ Նեստորական քարոզիչներ կը նեղեն զիրենք։ Այդ Նեստորականները ըսեր էին նաեւ թէ՝ հայերը իրենց դաւանութիւնը ունին։
Դուինի ժողովը գրեց նամակ մը Պարսկաստանի Ուղղափառներուն՝ քաջալերելով, որ հաստատուն մնան անոնք իրենց դաւանութեան մէջ։ Բաբգէն Կաթողիկոս երկրորդ նամակ մըն ալ գրեց Պարսկաստան յայտնելով, թէ վրացիները, աղուանները եւ յոյները, հայերուն հետ, միեւնոյն հաւատքը ունին. կը նզովեն Նեստորը եւ անոր հետեւողները, կ՚ընդունին Զենոնի Հենոտիկոնը եւ կը մերժեն Քաղկեդոնի ժողովը եւ այլն։
Արդարեւ, Բաբգէն Կաթողիկոսի եւ անոր ժողովին շուրջ երկար վիճաբանութիւններ եւ տարակարծութիւններ եղած են, այդ պատճառով կ՚արժէ ամփոփում մը ընել եւ թուել զանոնք։
ա) Բաբգէն հաւանաբար կաթողիկոս եղած է 25 տարի եւ ո՛չ թէ 5 տարի։ Բաբգէնի նամակներուն վրայ հիմնուելով, 25 տարի պէտք է տալ անոր. (490-515)։
բ) Ժողովի տեղը եւ ժամանակը վէճի տակ է. ոմանք կը նկատեն Վաղարշապատ, ուրիշներ՝ Դուին։ Ե՞րբ գումարուած է. ոմանք 506, ուրիշներ՝ 510 կամ 508 եւ այլն։
գ) Շատեր կը պնդեն, թէ Բաբգէնի օրով մէկէ աւելի ժողովներ գումար-ւած են՝ Դուինի կամ Վաղարշապատի մէջ։
դ) Հայոց Եկեղեցին մեծ ազդեցութիւն ունէր՝ առանձնայատուկ դիրք մը ունեցած է իր շրջակայ եկեղեցիներուն հանդէպ։ Մասնաւորաբար ասորիները եւ վրացիները, դաւանական խնդիրներու մէջ, միշտ ջանացած են Հայոց Եկեղեցիի շաւիղէն ընթանալ. ազդուած են անկէ։
Այս իրողութիւնը ունի բազմաթիւ պատճառներ՝ որոնց գլխաւորն է այն, որ Հայոց Եկեղեցին առաջամարտիկ ո՛ւժը եղած է, այդ ատեն, Պարսիկ հալածանքներուն դէմ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 8, 2024, Իսթանպուլ