ԱՅՐՈՂ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող մարդկային մեծագոյն արժէքներէն մէկն է նախանձախնդրութիւնը՝ պատուի եւ սրբազան արժէքներու հանդէպ բծախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը, որ մարդուն կու տայ պատկանելիութիւն՝ բնորոշելու համար զինք ուրիշէն: Այդ նախանձախնդրութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ արժէքներու գոյատեւման եւ առանց առարկութեան անցեալէն մեզի հասնող ամէ՛ն բան՝ մշակոյթ, լեզու, արուեստ թէ՛ գրականութիւն արգասիքն են նախանձախնդրութեան:

Պահ մը պատկերացուցէք մեր նախահայրերը նախանձախնդիր չըլլային Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէ Պատմիչի, Ղազար Փարպեցիի, Գրիգոր Գանձակեցիի, Վարդան Արեւելցիի եւ անոնց նման տասնեակ մը այլ մատենագիրերու ձեռագիրերուն հանդէպ. աւելի՛ քան հազար տարի ընդօրինակել մէկ մագաղաթէ միւսը, զանոնք հասցնելու համար մինչեւ մեր օրերը եւ գուցէ մեզմէ ետք բազմաթիւ տասնամեակներ: Նոյն այդ նախանձախնդրութիւնն է, որ վտանգի եւ պատերազմի պահուն մահուան գաղափարին հետ հաշտուած հերոսները կ՚առաջնորդէ դէպի սահմանագիծ, նո՛յն այդ նախանձախնդրութիւնն է, որ վրէժ կը սերմանէ թշնամիի հանդէպ: Կասկածէ վե՛ր է, որ լեզուի ու գրականութեան հանդէպ մեր ունեցած նախանձախնդրութիւնն է, որ կը սատարէ թերթի հրատարակման:

Նախանձախնդրութիւնը ինչե՜ր փրկած է մեր պատմութեան ընթացքին: Պատմագիր ու մատենագիր Առաքել Դավրիժեցի (1590-1670) իր «Գիրք պատմութեանց»ի 28-րդ գլխուն մէջ կը յիշէ Նիկոլ Եպիսկոպոս մը, որ անառակ կեանքով ապրելով կը վաճառէ եկեղեցւոյ բոլոր աւանդները, արծաթ եւ ոսկի սպասները, գիրքերն ու ձեռագրերը. պատմիչը կը յիշէ, թէ հայ վաճառականներ այդ եկեղեցւոյ սպասներն ու գանձերը դուրսերը տեսնելով մեծամեծ գումարներ տալով կը գնեն ու կը վերադարձնեն եկեղեցւոյ: Նախանձախնդրութիւնը այդ սպասներու սրբազան արժէքներու գիտակցութեան մէջ է եւ նո՛յն այդ նախանձախնդրութիւնն է, որ ցեղասպանութեան տարիներուն փրկարարը դարձաւ բազմահազար սպասներու, գիրքերու, ձեռագրերու:

Այսօր երբ լեզուի, բարքի, արժէքներու նահանջ կ՚ահազանգուի ամէն կողմէ, նոյնինքն նախանձախնդրութեան նահանջը կը մատնանշուի, որովհետեւ այդ բոլորի պահպանումն ու անարատ պահպանումը նախանձախնդրութեան կը կարօտի:

Յետ Համաշխարհային առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն գաղթականներ՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքէն ապաստան գտան Ֆրանսայի մէջ. ներառեալ հայեր: Այդ տարիներուն Ֆրանսա լեցուեցաւ բազմաթիւ օտարներով եւ այս վիճակէն նեղացած ֆրանսացիներ սկսան իրենց խանութներուն, ժողովասրահներուն ճակատներուն գրել «Այստեղ ֆրանսերէն կը խօսուի»: Հակառակ բազմաթիւ ազգերու գոյութեան, ֆրանսերէնը երբեք աղաւաղումի ենթակայ չեղաւ. այդտեղ նախանձախնդրութեամբ միա՛յն ֆրանսերէն խօսուեցաւ:

Մարգարէն Աստուծոյ Որդիին համար ըսաւ. «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութիւնս զիս պիտի այրէ» եւ նոյն այդ նախանձախնդրութեամբ Յիսուս Քրիստոս չուանէ խարազան մը շինելով մուտք գործեց տաճար եւ սկսաւ դուրս հանել բոլորը իրենց ոչխարներով եւ արջառներով. լումայափոխներուն պղնձադրամները ցիրուցան ըրաւ եւ անոնց սեղանները շրջեց:

Մենք ե՞րբ Քրիստոսի՛ տաճարին եւ ֆրանսացիներուն իրենց լեզուին հանդէպ ունեցած նախանձախնդրութենէն վարակուելով պիտի զտենք ու մաքրագործենք մեր լեզուն ու մշակոյթը:

Այսօր մեր մշակոյթի եւ լեզուի տաճարը եւս վերածուած է վաճառատան, ուր վաճառքի հանուած է գրեթէ ամէ՛ն արժէք ու սրբութիւն: Այդտե՛ղ են նենգաւոր փարիսեցիները, որոնք պատրաստ են որեւէ մէկ շահի դիմաց դրժել եւ ուրանալ իրենց ազգութիւնն ու ինքնութիւնը: Այնպէս ինչպէս մօր նախանձախնդրութիւնն է, որ կը պահէ ու կը փրկէ իր զաւակը ամէ՛ն տեսակի վտանգէ ու աղէտէ, նոյնպէս մե՛ր նախանձախնդրութիւնն է, որ պիտի փրկէ մեր մշակոյթն ու լեզուն, երաշխաւորելով անոր գոյատեւումն ու փոխանցումը գալիք սերունդներուն:

Նախանձախնդիր ըլլալու համար, սակայն, պէտք է սիրել մշակոյթն ու լեզուն, սեփական, տոհմիկ ու անփոխարինելի սեպել զայն՝ աւելի գերադաս քան միւս բոլորը: Այսօր նորապսակ հայ ծնողը, դպրոցն ու ակումբը եւ գրեթէ ամէ՛ն հաստատութիւն այդ նախանձախնդրութեան բոցավառման թերացումը կ՚արձանագրէ ու այդ մէկը կը փոխուի «ժամանակի կարիք»ի, որովհետեւ մշակոյթի եւ լեզուի պղծութիւնը մենք որպէս աղաւաղում սկսած ենք չտեսնել, այլ՝ ժամանակի պէտք մը պարզապէս:

Նախանձախնդիր հայերու կարիքը ունինք այսօր, մեր բառապաշարէն դուրս վանելու համար ռուսականն ու թրքականը, ամերիկեանն ու արաբականը, որպէսզի լեզուն մնայ ջինջ ու անբիծ:

Թող Վարդաններու, Մեսրոպներու, Կորիւններու եւ բազմաթիւ ուրիշներու նախանձա-խընդրութիւնը բոցավառի իւրաքանչիւրիս մէջ, որովհետեւ նախանձախնդրութեամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ յաղթական ընթացք տալ մեր արժէքներու, մայրենի լեզուի ու մշակոյթի գոյամարտին:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՌՈՒԶԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
(1898-1957)

Մեր թուականէն 64 տարիներ առաջ՝ 9 դեկտեմբեր 1957-ին, Երեւանի մէջ մահացած է դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագէտ Ռուզան Վարդանեանը:

Վարդանեան քոյրն է բեմադրիչ եւ դերասան Վաւիկ Վարդանեանի եւ կինը գեղանկարիչ Խաչատուր Եսայեանի: Ան ծնած է 27 մայիս 1898-ին, Շամախի մէջ, սակայն փոքր տարիքէն փոխադրուած Տերպենտ՝ Ղազախիստան, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, տեղի ռուսական ուսումնարանէն ներս։ 1915 թուականին աւարտելէ ետք ուսումնարանը դարձած է ռուսերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի: Վարդանեանի դերասանական կեանքը սկիզբ առած է իր բեմադրիչ եղբօր շնորհիւ, որ սիրողական թատրոններ կը կազմակերպէր ու կը ներկայացնէր. եղբայրը բազմաթիւ պնդումներէ ետք յաջողած է համոզել Ռուզանը, որպէսզի ինք եւս մաս կազմէ թատրոնին: Այսպիսով Ռուզան առաջին անգամ բեմ բարձրացած է 1921 թուականին եւ ստանձնած փոքր դերեր:

Վարդանեան այնքան սիրած է թատրերգութիւնը, որ եղբօր ճամբորդութենէն ետք վեց տարի ինք ստանձնած է թատրոնի բեմադրութիւնը եւ ժամանակի ընթացքին դարձած է խումբի առաջնակարգ դերասանուհին:

Ռուզան Վարդանեանի դերասանութեան եւ ասմունքի կարողութեան գովքը այնքան կը մեծնայ, որ 1927 թուականին կը հրաւիրուի Երեւանի առաջին պետական թատրոն, ուր բեմ կը բարձրանայ Շիրվանզատէի «Նամուս» թատրերգութեան Սուսաննայի, «Պատուի համար» թատրերգութեան Մարգարիտայի, Պռոշեանի «Հացի խնդիր»ի՝ Հերքինայի, Շէյքսփիրի «Համլէթ»ի՝ Օֆելիայի եւ այլ բազմաթիւ դերերով:

Ռուզան Վարդանեան մահացած է բեմի վրայ, 9 դեկտեմբեր 1957 թուականին Սունդուկեանի անուան թատերասրահի բեմին վրայ Աւետիք Իսահակեանի «Բինգեոլ» բանաստեղծութիւնը արտասանած պահուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2021