ԼՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ
Ականջի առողջութեան ու լսողութեան պահպանման միջազգային օրը երէկ նշուեցաւ նաեւ քաղաքիս մէջ։ Այս առթիւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ սարքուեցաւ ձեռնարկ մը, զոր միասնաբար կազմակերպած էին Շիշլիի քաղաքապետութիւնն ու Մանկանց դաստիարակութեան միութիւնը։
Ներկայ էին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, վերջինիս խորհրդականն ու ձեռնարկի գլխաւոր կազմակերպիչը՝ Ինճի Էօզմեսթճի, ընդհանուր քաղտուղար Մելիքէ Արկիշ, որ ստանձնած էր նաեւ հանդիսավարի պարտականութիւնը։ Մեր համայնքէն եւս դէմքեր ներկայ էին այս ձեռնարկին․ Ֆէրիգիւղի Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր վարչային ընկերները, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն Նուրհան Փալաքօղլու, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ մարզիկներ, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, յարակից մարմիններէ ներկայացուցիչներ։
Շահեկան ձեռնարկի ժամանակ ելոյթներ ունեցան Հայրի Ինէօնիւ, «Պողազիչի» համալսարանէն Փրոֆ․ Տքթ․ Սումրու Էօզսօյ, Տոց․ Տքթ․ Հանտէ Սարթ, «Պահչէշէհիր» համալսարանէն Փրոֆ․ Տքթ․ Ֆիլիզ Փոլատ, վիրահատ Տքթ․ Էօմէր Ճենքէր Ըլըճալը եւ այլ անհատներ, որոնք անդրադարձան օրուան նշանակութեան։ Ելոյթները կը թարգմանուէին մատնախօսութեամբ կամ նշաններու այբուբենով։
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ համր մանկանց երգչախումբը։