ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Նիւ Եորք, ուր կը մէկ­տե­ղուի ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ելմ­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ներդ­րող­նե­րու եւ տնտե­սա­գէտ­նե­րու հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պան Քի Մու­նի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու կ՚անդ­րա­դառ­նայ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րին, Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ուք­րայ­նոյ խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ շարք մը հիմ­նա­հար­ցե­րու։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ 2016 թուա­կա­նին Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դու գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, վար­չա­պե­տը ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին հետ աչ­քէ կ՚ան­ցը­նէ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Կը քննար­կուի նաեւ Ան­գա­րա­յի եւ ՄԱԿ-ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րուն ըն­թաց­քը։ ՄԱԿ-է ներս նա­խա­տե­սուած է նաեւ Տա­վու­տօղ­լուի ե­լոյ­թը։

Նիւ Եոր­քի մէջ Տա­վու­տօղ­լու որ­պէս պա­տուոյ հիւր պի­տի մաս­նակ­ցի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դի տա­րե­կան հա­ւա­քոյ­թին եւ հան­դէս պի­տի գայ ե­լոյ­թով մը։ Հարկ է նշել, որ այս խոր­հուր­դը կը դա­սուի ԱՄՆ-ի յա­ռա­ջա­տար մտած­ման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շար­քին։ Տա­վու­տօղ­լու Նիւ Եոր­քի մէջ կը մէկ­տե­ղուի նաեւ թուրք-ա­մե­րի­կեան հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

ԼԻԶ­ՊՈ­ՆԻ ՄԷՋ

Միւս կող­մէ, Նիւ Եորք մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Տա­վուտօղ­լու վեր­ջին օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Փոր­թու­գալ։ Այս ծի­րէն ներս ան Լիզ­պո­նի մէջ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց նա­հա­տա­կեալ թուրք դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու յի­շա­տա­կին ձօ­նուած յու­շար­ձա­նին մօտ։ Այդ յու­շար­ձա­նը կանգ­նե­ցուած է 1982 թուա­կա­նին Ա­ՍԱ­ԼԱ-ի կող­մէ սպան­նուած դի­ւա­նա­գէտ­նե­րուն ի յի­շա­տակ։ «Կը յու­սանք, որ այս բո­լոր ցա­ւե­րէն վերջ, միաս­նա­բար կը ստեղ­ծենք նոր խա­ղա­ղու­թեան աշ­խարհ մը», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ յի­շեալ յու­շար­ձա­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Թուր­քիա-Փոր­թու­գալ բա­րե­կա­մու­թեան խորհր­դան­շանն է։ Ըստ Տա­վու­տօղ­լուի, 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լուի եւ Թուր­քիա այս նոյն շրջա­նին պի­տի չթոյ­լատ­րէ, որ իր դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու նուի­րա­կան յի­շա­տա­կը մո­ռա­ցու­թեան մատ­նուի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015