1 Մարտի դէպքերու տասներորդ տարելիցը

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերուն տարելիցը։ Ցաւալի ու ողբերգական իրադարձութիւններէն տասն տարի անց հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան կը հետեւի տարելիցին եւ այդ առթիւ փոխանցուած պատգամներուն։

Հայաստանի նոր անկախութեան շրջանի զգայացունց դէպքերէն մին է Մարտի 1-ը։ Երիտասարդ պետականութեան բոլորած աւելի քան 25 տարիներու բեկումնային պահերէն մին սահմանած են այդ արիւնալի իրադարձութիւնները։ 1996 թուականի Սեպտեմբերի 26-ի դէպքերուն կամ 1999 թուականի Հոկտեմբերի 28-ի ահաբեկչութեան համազօր ցնցում պատճառած են Մարտի 1-ի իրադարձութիւնները։ Ինչպէս Հայաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչութիւնը, Մարտի 1-ի դէպքերն ալ տակաւին չեն պարզաբանուած բոլոր ծալքերով եւ առկայ հարցականները կը շարունակեն յուզել հանրային կարծիքը։ Այս բոլոր դէպքերը լուրջ փորձութիւններ եղած են Հայաստանի պետութեան համար։ Հայոց պետականութիւնը կանգնած է ամրութեան փորձաքարի առջեւ։ Թէեւ այդ փորձութիւնները յաղթահար-ւած են, պետութեան կայունութիւնը հնարաւորինս երաշխաւորուած է, սակայն տարակոյս չկայ, որ պատճառ դարձած են նաեւ վէրքերու եւ այդ վէրքերն ալ ցայսօր չեն սպիացած հարիւր տոկոսով։

Մարտ 1-ի դէպքերու ծանր ազդեցութիւնով ու թողած հետքերով հանդերձ անցնող տասն տարիներուն ընթացքին Հայաստան ունեցաւ ձեռքբերումներ։ Որքան որ ալ համարուի անբաւարար, երկիրը ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութեան ճանապարհին արձանագրեց յաջողութիւններ։

Ժողովրդավարութեան շարունակական գործընթացին մէջ ապահովուելիք թափը միակ երաշխիքն է՝ Հայաստանը ապագային խնայելու համար Մարտի 1-ի նման դէպքերէ։ Միայն այդ պարագային կրնան սպիանալ վէրքերը եւ տասն զոհեր խլած արիւնալի իրադարձութիւնները կրնան վերածուիլ գործօնի մը՝ հասարակութեան գիտակցութիւնը կենսունակ պահելու տեսակէտէ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018