Նոր հարթութիւն (4)

Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ տագնապալի կացութիւն մը յառաջացուցած է՝ կարմիր գիծի մը խախտումին պատճառով։ Իւրաքանչիւր երկիր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ունի կամ կ՚ունենայ կարմիր գիծեր։ Ըստ էութեան, անոնք պայմանաւորուած կ՚ըլլան շարք մը հիմնական հանգամանքներով. օրինակ՝ տարածքային ամբողջականութիւն, ազգային գերագոյն շահեր, տուեալ երկրի կենսական բնապաշարներ, առեւտրատնտեսական մենաշնորհներ կամ առանցքային ուղղութիւններու երաշխաւորում եւ այլն։ Հայկական հարցը Թուրքիոյ տեսակէտէ կարմիր գիծ մըն է, սակայն, ընդհանրացած ընկալումներուն բաղդատմամբ ունի որոշ տարբերութիւն մը։ Արդարեւ, քոնժոնքթիւրել հանգամանքներէ անդին՝ սա առաջին հերթին պատմութեան վերաբերեալ խնդիր մըն է։ Այս կէտը ուրոյն նրբութիւն մը կը վերագրէ հարցին։

Այս տեսանկիւնէն հայկական հարցի վերաբերեալ Թուրքիոյ կարմիր գիծը ունի հետաքրքրական «ներքին» չափումներ։ Այս հարցին շուրջ լայնախարիսխ միասնականութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ Թուրքիոյ մէջ, ապահովուած է քոնսենսիւս մը։ Այս խնդիրը, իր պարփակած բոլոր զգայնութիւններով, կը համարուի Թուրքիոյ հասարակութեան տեսակէտէ շաղախ մը։ Համազգային նշանակութիւն կը վերագրուի հայկական հարցին։ Քաղաքական ամենատարբեր հոսանքներ, նոյնիսկ իրերամերժ բեւեռներ այս կէտին վրայ կու գան հասարակաց յայտարարի մը։

Խնդիրը առաջին հերթին թէեւ պատմութեան կը վերագրուի, սակայն, թրքական կողմի ընկալումներով՝ այդ պատմութիւնը կ՚երթայ կը հասնի մերօրեայ հանրապետութեան ակունքներուն։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան շրջանին հայկական հարցի յաղթահարումը ունեցած է չափազանց մեծ նշանակութիւն, հետեւաբար վրայէն որքան որ ալ ժամանակ անցնի՝ անոր իւրաքանչիւր դրսեւորումը նոյն սաստկութեամբ, բուռն հակազդեցութիւն կը յառաջացնէ։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան շրջանին Թուրքիոյ արեւելեան սահմանները երաշխաւորուած են հայկական հարցի յաղթահարումով եւ մանաւանդ՝ Ռուսաստանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով։ Տարբեր հարց, որ այդ ժամանակաշրջանին Մոսկուայի մէջ իրերայաջորդ իշխանափոխութիւններ, նոյնիսկ արմատական վարչակարգային փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենային, սակայն, Անգարայի հետ միշտ փոխադարձ ըմբռնում մը ապահովել հնարաւոր կ՚ըլլար, ինչ որ լուրջ գործօն մըն էր հայկական հարցի յաղթահարման, շրջանցման տեսակէտէ։ Արեւմտեան աշխարհը այս խնդրին մէջ քայլ մը ետ էր որոշ չափով։ Ճիշդ է, որ արեւմուտքի բոլոր երկիրները նոյն դիրքորոշումը չունէին, սակայն, Թուրքիա այդ ճակատին վրայ չէ, որ կրցած էր այս առումով հարիւր տոկոս ապահով ու ինքնավստահ զգալ։

Ժամանակներու ընթացքին մեկնարկային այդ դրուածքը իր հետ բերաւ որոշ հակասութիւններ։ Թէեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը արեւմուտքէ երկիրներու դէմ մղուած պայքարէ մը վերջ հիմնուեցաւ, սակայն, երկիրը որդեգրած արժեհամակարգով, ձգտումներով ուղղուած էր դէպի արեւմուտք։ Արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ առջեւ միշտ կային այլընտրանքներ՝ աշխարհագրական դիրքով պայմանաւորուած, սակայն, որպէս արժեհամակարգ ուղղուածութիւնը դէպի արեւմուտք էր։ Թրքական կողմին համար նպաստաւոր էր յաչս արեւմուտքի ամենաարեւելեանը ըլլալ, իսկ յաչս արեւելքի՝ ամենաարեւմտեանը։ Այս համադրութեան կրողը ըլլալու հնարաւորութիւնները լիուլի ունէր Անգարան եւ տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ ան միշտ արդարացաւ։

Հայկական հարցը այս ամբողջին մէջ միշտ խնդրայարոյց եղաւ։ Արդարեւ, մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւնով Թուրքիոյ պատկանելիութիւնը արեւմտեան պլոքին ա՛լ աւելի հաստատուեցաւ, թէեւ Ռուսաստանի կամ Սովետական Միութեան հետ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը միշտ վերահսկելի, կառավարելի հունի մը մէջ էին։ Այսօրուընէ յետադարձ հայեացքով մը արդէն ի յայտ կու գայ, որ արեւմտեան աշխարհէ դուրս երկիրներու կողմէ հայկական հարցի պարագային որդեգրուած դիրքորոշումը երբեք այդքան տագնապեցուցիչ չեղաւ Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ռուսական կողմն ալ կը պատկանի այն երկիրներու շարքին, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ճիշդ է, որ թրքական կողմը անտարբեր չէ եղած այդ կտրուածքով ալ, սակայն, միշտ տարբեր եղած է վերաբերմունքը արեւմտեան պլոքէ երկիրներու պարագային։

Ըստ երեւոյթին, հիմնական պատճառը այն է, որ նոյն անվտանգութեան համակարգին պատկանելով՝ Թուրքիա տարբեր վերաբերմունք մը ընկալած է «իր ճամբարի» երկիրներէն։ Հայկական հարցի սկզբնակէտին արեւմուտքի երկիրներուն հետ յառաջացած խնդիրները ժամանակներու հոլովոյթին մէջ բաւական մեղմացած են, սակայն, միշտ մնացած են ըլլալ անհանգստացուցիչ գործօն մը, որ վտանգ կը սպառնար թունաւորել Թուրքիոյ եւ դաշնակիցներու յարաբերութիւնները։ Եւրոպայի կտրուածքով, ընդհանուր գիծերու մէջ, նման ընթացք մը նկատուեցաւ։ Եթէ սկիզբին Եւրոմիութեան երկիրներէն միայն Յունաստան իւրացուցած էր հայկական կողմի մօտեցումները, ապա ժամանակի ընթացքին նոյն յաճախականութեան վրայ եկան բազմաթիւ երկիրներ, նոյնիսկ յառաջատարներէն Ֆրանսա եւ Գերմանիա։ Եւրոպական երկիրներու կամ կառոյցներու կողմէ ճանաչումներուն դէմ Թուրքիա բոլոր հարթութիւններու վրայ մեծ բողոք ցոյց տուաւ։ Թէեւ առաջին հայեացքով Եւրոպայի կտրուածքով յաջողութեան մը մասին խօսիլ դժուար ըլլալ կը թուի, սակայն, այդ ճակատին վրայ Թուրքիա կը զգայ, որ ունի նուազագոյնը, տարրականը։ Հասարակական ընկալումներէ անդին, Անգարա ներկայիս հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի կարգ մը դատավճիռներուն վրայ, որոնք կը լուծեն իր հարցերը՝ ժխտողականութեան քրէականացումը կասեցնելու ճանապարհին։ Բայց եւ այնպէս, Եւրոմիութեան երկիրներու կարեւոր տոկոսը Թուրքիոյ հետ նոյն հարթութեան վրայ չէ 1915-ի դէպքերու բնորոշման առումով։

Ահա այս կէտին վրայ աւելի կը բիւրեղանայ Ուաշինկթընի նրբութիւնը։ Եւրոպայի երկիրներու պարագային յառաջացած տարակարծութիւնները յաչս Թուրքիոյ կը հաւասարակշռուէին ԱՄՆ-ի վերաբերմունքով։ Արդարեւ, ի վերջոյ, ԱՄՆ յառաջատարն է արեւմտեան պլոքի եւ հայկական հարցի վերաբերեալ անոր դիրքորոշումը ձեւով մը կը համարուէր աւելի առաջնահերթ եւ Թուրքիոյ տեսակէտէ անցանկալի հաւանականութիւններու առումով զսպող գործօն։ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը եկած է իրերու այս դրուածքին վերջ տալ։ Ուաշինկթըն գրեթէ շաբաթ մըն է միշտ կը յայտնէ, որ Պայտընի պատգամը հետամուտ չէ Թուրքիան մեղադրելու, բովանդակութիւնը շատ նրբանկատօրէն ձեւաւորուած է այս տեսանկիւնէն եւ հիմնական շեշտը ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի մեծարման վրայ է։ Ըստ երեւոյթին, յառաջիկայ շրջանին Անգարա Ուաշինկթընի կտրուածքով ալ պիտի սկսի աշխատիլ Եւրոպայի ուղղութեան նման։ Այսինքն, դէպքերու բնորոշման վերաբերեալ տարակարծութիւնները պիտի շարունակուին, սակայն թրքական կողմը յամառօրէն պիտի ձգտի ԱՄՆ-ի պարագային ալ ապահովել նուազագոյնը, տարրականը։ Հասարակական ընկալումներու վրայ ազդելու համար տարուած ամբողջ պայքարով հանդերձ, պետականօրէն առաջնահերթութիւնը կը մնայ իրաւական հետեւանքներէ զերծ մնալը։ Ըստ երեւոյթին, իր ներուժով Թուրքիա կրնայ հասնիլ այդ նպատակին։ Յամենայնդէպս, նոր գլխացաւանքներու, անբաղձալի հաւանականութիւններու դէմ երաշխիքներ գտնելը բաւարար պիտի չըլլայ առկայ համայնապատկերը խորաթափանց ընկալելու տեսակէտէ։ Որովհետեւ ուրիշ գործօններ ալ կան, որոնք թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ հայկական հարցի գործօնին հնչեղութիւն տուած են եւ այդ գործօնները յառաջիկայ շրջանին թէ՛ Անգարայի եւ թէ Ուաշինկթընի տեսակէտէ որդեգրուած առաջնահերթութիւններուն հետ ուղղակիօրէն առընչութիւն ունին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021