Մամուլի ծանուցումները կաշառք չեն…
Արդի փորձագիտութիւններով պայմանաւորուած հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները մարդկային կեանքը կ՚առաջնորդեն նոր հարթութեան մը։ Կենցաղի եւ մտածելակերպի՝ յեղափոխութեան համազօր նորութիւններու մասին է խօսքը։ Մարդիկ կը դառնան շատ աւելի եսակեդրոն եւ կարելիութիւն ունին ընկերային ցանցերու միջոցաւ իրենց այդ «ես»ը առաջ քշելու անհակակշիռ ձեւով եւ անսահմանափակ։ Սա լաւ է մէկ կողմէ՝ ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւններու խրախուսման տեսակէտէ, իսկ միւս կողմէ նաեւ վատ՝ քաոսային վիճակներ յառաջացնելու տեսակէտէ։ Անհատականութեան վերելքը նոր աշխարհի մեծագոյն ստորոգելիներէն մին է եւ անկարելի է հաշուի չնստիլ անոր հետ։ Ազատութիւններու երաշխաւորման տեսակէտէ սա ողջունելի է միանշանակ։ Իսկ հաւաքական կամք դրսեւորելու, հաւաքական նպատակներու հասնելու, այդ ճանապարհին զոհողութիւններ ապահովելու տեսակէտէ կը ծագին դժուարութիւններ կամ աւելի մեղմ խօսքով՝ յաւելեալ ջանքեր անհրաժեշտ կը դառնան։
Այս համայնապատկերին վրայ շատ հետաքրքրական տեսք մը կը պարզեն նաեւ փոքր հաւաքականութիւնները՝ ինչպիսին է թրքահայութիւնը։ Մեր համայնքը մէկ կողմէ նոր ժամանակներուն քայլ յարմարցնելու խնդիր ունի՝ ձուլումի դէմ դիմադրունակութիւն ձեռք բերելու համար, իսկ միւս կողմէ աւելի արդիւնաւէտ հաւաքական կեանք մը կազմակերպելու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի։ Այս հակասութեան դիմագրաւման կիզակէտին է թրքահայ մամուլը։ Առանց անհատականութեան սահմանները խախտելու՝ հաւաքական կամք ձեւաւորելու եւ հաւաքական նպատակներու նպատակասլաց քայլերով ընթանալու ճանապարհին շատ էական է հաւաքական մտքի պատրաստութիւնը։ Արհեստավարժ որակով հասարակութեան մատուցուած լրատուութեան կամ տեղեկատուութեան հիման վրայ՝ առողջ քննարկումներու հարթակներ ունենալը թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ապագայ կենսունակութեան գրաւականներէն մին է, անտարակոյս։ Մեր մամուլի առաքելութիւնը աստիճանաբար պիտի երանգաւորուի այս ուղղութեամբ։ Սա մեր լրատուամիջոցներուն առջեւ կը ծառացնէ առանց ժամանակ կորսնցնելու նոր ապագայ մը պատրաստելու մարտահրաւէրը։
Պատրիարքարանի՝ մամլոյ հարցերուն վերաբերեալ նախընթաց օրուան խորհրդակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունէր այս բոլորի լոյսին տակ։ Ճիշդ է, որ մեր մամլոյ հաստատութիւնները պաշտօնական հաստատութեան կարգավիճակ չունին՝ ընդհանրացած իմաստով, սակայն, խնդիրը այդքան մակերեսային չէ իր էութեամբ։ Մեր հաստատութիւնները կը կաղան առանց մամուլի եւ, անշուշտ, փոխադարձաբար։ Պոլսահայութիւնը կանգուն կը պահէ համայնքային հաստատութիւններու ցանց մը, որ իրականութեան մէջ ստեղծուած է այսօրուան բաղդատմամբ եռապատիկ մարդուժով զանգուածի մը կարիքներու դիմագրաւման համար։ Բազմապատկիչ գործօններ անհրաժեշտ են շնչասպառ չմնալու համար եւ այդ գործօններու շարքին առանցքային է մեր մամուլը։ Ուստի, այս համայնքի ապագան ծրագրաւորելու ատեն անկարելի է անտեսել մամուլը։ Սա կը պարտադրէ իրերու դրուածքը։
Թէկուզ շատեր սկզբունքօրէն համամիտ ըլլան այս բոլորին, սակայն, գործնական գետնի վրայ վիճակը բոլորովին տարբեր է։ Ներկայիս անհաղորդ կացութիւն մը ստեղծուած է մեր մամուլին եւ համայնքային կառոյցներուն միջեւ։ Այսօր կան բազում վարիչներ, որոնք համայնքի՝ պապերէ ժառանգուած հարստութիւնը տնօրինելու հնարաւորութիւնը ձեռք անցուցած են, սակայն, այս համայնքի բարենպատակ հաստատութիւններու կարիքները սկսած են բեռ համարել եւ կը յանդգնին բարձրաձայնել այդ բեռը «թօթափելու» մասին։ Այդ նոյն տխուր շրջանակներու աչքին փուշ դարձած է նաեւ մեր մամուլը, որու դէմ մաշեցման արշաւ մը յառաջ կը տարուի անխնայօրէն։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) առցանց հարթակներուն վրայ մարդիկ սկսած են խօսիլ մամլոյ պարագային «nafakalarını keseriz»ի ոճով։ Այդ ոճը թէեւ միայն ու միայն կը մատնէ հեղինակի մակարդակը, սակայն, մետայլի միւս երեսակին այնտեղէն բխած մտայնութիւնը կը խցանէ համայնքի ապագայի պատրաստութեան ճանապարհը։ Համայնքային վարիչները հետզհետէ աւելի թիւր պատկերացումներէ կը տարուին մեր մամուլի նկատմամբ վերաբերմունքի առումով։ Անոնք մամուլին հետ չեն աշխատիր մեր հաւաքական կեանքէն ներս առողջ տեղեկատուութեան հոսք մը ապահովելու ձգտումով։ Մարդիկ սկսած են լրջօրէն կարծել, թէ համայնքի միջոցներով տրուած ծանուցումներով կրնան մամուլը կաշառել։ Այս մտայնութիւնը կազմաքանդուելու վտանգ կը ստեղծէ այս համայնքին տեսակէտէ։ Եթէ ողջամիտ մարդոց պաղարիւն համբերութիւնը չըլլայ, ապա պայթիւնավտանգ իրադրութիւն մը կրնայ յառաջանալ։ Իւրաքանչիւր քայլափոխին կը վերահաստատուի այն իրողութիւնը, թէ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին փութով լուծուիլը միակ ճանապարհն է, որպէսզի որոշ մարդիկ զրկուին մեր հաւաքական կեանքը թունաւորելու հնարաւորութենէն։ Բեւեռացումները, առճակատումները, իրարու դէմ թշնամութեան հրահրումը աններելի հետեւանքներ կրնան ունենալ։ Մեր համայնքի խնդիրները կրնան լուծուիլ առանց հրաժարելու հայեացքներու զանազանութենէ եւ առանց պառակտումի։
Հուսկ, Գումգաբուի՝ մամլոյ հարցերուն վերաբերեալ նախընթաց օրուան խորհրդակցութիւնը կազմակերպուած էր շատ ճիշդ ժամկէտով։ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերմունքը այս հարցին շուրջ կրնայ իրադրութեան փոփոխութիւն ապահովել։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ