Պիւտճէները եւ հարցեր

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան կա­րե­ւոր ո­րո­շու­մի մը։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խումբի ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղո­վէն վերջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ այս ո­րո­շու­մը։ Ու­րեմն, յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Պատ­րիար­քա­րա­նը պի­տի չհո­վա­նա­ւո­րէ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը կամ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը այն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, մա­նա­ւանդ վար­ժա­րան­նե­րուն, ո­րոնց պիւտ­ճէ­ները հաս­տա­տուած պի­տի չըլ­լան VADİP-ի Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ նոյ­նինքն Պատ­րիար­քա­րա­նին կող­մէ։  Սկզբուն­քա­յին ա­ռու­մով սա ան­վի­ճե­լիօ­րէն կա­րե­ւոր ո­րո­շում մըն է եւ անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ մը՝ թա­փան­ցիկ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու տե­սա­կէ­տէ։ Թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ան­յե­տաձ­գե­լի դար­ձած է ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան մա­կար­դա­կին բարձ­րա­ցու­մը։

Հա­ւա­քա­կան կեան­քէ ներս, ո­րե­ւէ ո­րոշ­ման ճիշդ սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ ըն­դու­նուած ըլ­լա­լը վերջ­նա­կա­նօ­րէն չ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեր ա­նոր ար­դիւ­նա­ւէտ ու նպա­տա­կաս­լաց գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ Մէկ կող­մէ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը, միւս կող­մէ ալ ա­ռողջ ան­ցու­մա­յին շըր-ջա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­մը՝ ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն կ­­՚ու­նե­նան նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ։ Այ­լա­պէս, ա­ռանց սկզբունք­նե­րու յստա­կեց­ման, ե­թէ ո­րո­շուին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը՝ ա­պա փա­կու­ղիի մը վտան­գը կը դառ­նայ ան­խու­սա­փե­լի։ Սա միան­շա­նա­կօ­րէն կ­­՚են­թադ­րէ կաղ դրու­թիւն մը, որ կը ծնի կրկնա­կի չա­փա­նիշ­ներ, ո­րոնք ալ, ի­րենց հեր­թին, կը ջլա­տեն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը։ Ո­րե­ւէ պատ­ժա­մի­ջոց չի կրնար ա­պա­հո­վել ա­ւե­լի բարձր ձգո­ղա­կա­նու­թիւն մը՝ քան ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծող, տուեալ ժա­մա­նա­կի ո­գիին ու կա­րիք­նե­րուն հա­մա­հունչ դրու­թեան մը խոս­տա­ցած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն հրա­պոյ­րը։

Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ մեր հա­մայն­քին մօտ զօ­րակ­ցու­թեան նա­խըն­թաց­նե­րը հետզ­հե­տէ կը տկա­րա­նան։ Հա­մայն­քա­յին բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը վե­րելք մը ու­նե­նա­լու, թռիչք մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար մեծ ջանք կը գոր­ծադ­րեն, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ան­կիւ­նը։ Բայց այդ բո­լո­րը բա­ւա­րար չեն ըլ­լար հա­ւա­քա­կան ար­դիւն­քը բարձ­րաց­նե­լու ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը հե­ռու են գոր­ծե­լէ՝ որ­պէս լիար­ժէք ցանց մը։ Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, ճիշդ է, որ ար­մա­տա­կան քայ­լեր պէտք է առ­նել, բայց նաեւ գոր­ծը պէտք չէ տա­նիլ ծայ­րա­յե­ղու­թեան։ Ներ­քին բնոյ­թով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր հար­թու­թեան մը վրայ դնե­լու տե­սան­կիւ­նէն մեր հա­մայն­քին հա­մար անհ­րա­ժեշտ է բե­կում­նա­յին պահ մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը, սկզբուն­քօ­րէն, միշտ կը խրա­խու­սէ այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։ Կա­րե­լի է վի­ճիլ, թէ ան սե­փա­կան օ­րի­նա­կով ինչ­քան կ­­՚ար­դա­րա­նայ, բայց գոր­ծե­լաո­ճի հար­ցե­րէն ան­դին, գո­նէ ա­նոր ա­ռար­կա­յա­կան շա­հե­րուն կը հա­մընկ­նի հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հնա­րա­ւո­րինս հա­մա­խումբ ըլ­լա­լը։

Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս սկզբուն­քա­յին հան­գա­ման­քով ա­ռաջ­նոր­դուե­լով է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը հա­ւա­նու­թիւն տուած է վե­րո­յի­շեալ ո­րոշ­ման։ Այ­լա­պէս, այս­տեղ լուրջ ռիս­քեր գո­յու­թիւն ու­նին Ա­թո­ռին տե­սա­կէ­տէ։ Այդ ռիս­քե­րը, ա­ռա­ջին հեր­թին, պայ­մա­նա­ւո­րուած են VADİP-ի՝ որ­պէս կա­ռոյց, խո­ցե­լի կէ­տե­րէն։  Նա՛խ, քիչ չէ թի­ւը մեր այն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք VADİP-ի հետ ո­րե­ւէ ա­ռըն­չու­թիւն չու­նին, բայց բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն կը պա­հեն Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ։ Ա­նոնց մի­ջեւ կան նաեւ այն­պի­սի մա­տա­կա­րար մար­մին­ներ, ո­րոնք վար­ժա­րան մը կը հո­վա­նա­ւո­րեն։ Հի­մա ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ։ Պատ­րիար­քա­րա­նը պի­տի վտան­գէ՞ իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­նոնց հետ։ Ե­թէ վտան­գէ, ա­պա այդ­պի­սի­նե­րը քիչ մը եւս պի­տի ա­ռանձ­նա­նան, քիչ մը եւս հա­կակ­շի­ռէ դուրս պի­տի մնան ու պի­տի ամ­րապն­դուին ի­րենց ինք­նագ­լուխ գոր­ծու­նէու­թեան մէջ։ Իսկ ե­թէ չվտան­գէ, ա­պա այս նո­րա­հաս­տատ հա­շուեքն­նու­թեան դրու­թիւ­նը բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով զբա­ղե­լու պի­տի դա­տա­պար­տուի ա­ռա­ջին իսկ քայ­լա­փո­խին։

Յե­տո՛յ, կան հար­ցեր, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին ընդ­հա­նուր առ­մամբ VADİP-ի գոր­ծու­նէու­թեան եւ կա­ռու­ցուած­քին։  Չենք փա­փա­քիր, ան­շուշտ, ստո­րագ­նա­հա­տել կամ ան­տե­սել դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը, սա­կայն խոր­քին մէջ VADİP-ի գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­հա­նուր ար­դիւնք­նե­րը բա­ւա­կան հա­մեստ են ներ­կայ դրու­թեամբ։ Մէկ կողմ թո­ղունք հե­ռու մնա­ցող­նե­րը, նոյ­նիսկ ա­նոր հո­վա­նիին ներ­քեւ հա­մախմ­բուած հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը այ­սօր ի զօ­րու չեն կամ ի վի­ճա­կի չեն գոր­ծե­լու՝ որ­պէս մէկ մար­մին։ Նուրբ հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար մը գտնե­լը յա­ճախ դիւ­րին չ­­՚ըլ­լար այն­տեղ։ Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր աշ­խա­տան­քա­յին կար­գին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն մա­սին։ Կ­­՚ե­րե­ւի ար­դէն այս բո­լո­րին բե­րու­մով է, որ VADİP-ն ալ նա­խընտ­րած է ո­րոշ­ման հրա­պա­րակ­ման փու­լին Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ ըլ­լալ ու մա­նա­ւանդ գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար սկիզ­բէն իսկ ներգ­րա­ւել զայն։

Վեր­ջա­պէս, թրքա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ճա­կա­տագ­րա­կան կրնայ դառ­նալ այս ո­րո­շու­մը։ Պատ­րիար­քա­րա­նը զերծ պէտք է պա­հուի կա­ղա­ցում­նե­րու հե­տե­ւան­քով մա­շե­լու վտան­գէն։ VADİP-ի Ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բը հե­ռու պէտք է մնայ կամք պար­տադ­րե­լէ։ Այն­պի­սի մթնո­լորտ մը պէտք է ստեղ­ծուի, որ բո­լո­րը լիի­րաւ մաս­նա­կից զգան այս նոր դրու­թեան նա­խըն­թաց­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։ Յա­ջո­ղու­թիւ­նը կա­խում ու­նի ինք­նա­բաւ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քէն։ Ե­թէ ա­նոնք, ո­րե­ւէ կա­րիք չու­նե­նա­լով հան­դերձ, յօ­ժար կամ­քով բաց վե­րա­բեր­մունք ու­նե­նան, ա­պա կը կան­խուի այս հա­շուեքն­նու­թիւն­նե­րուն ճնշու­մի մը վե­րա­ծուի­լը՝ զօ­րակ­ցու­թեան կա­րօտ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Պար­տադ­րանք­նե­րը, պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը միշտ ընդ­հա­նուր գոր­ծի ձա­խող­ման տե­ղի կրնան տալ։ Ի­րա­րու նկատ­մամբ հաս­կա­ցու­թիւ­նը եւ բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը ճա­նա­պարհ կրնան հար­թել յա­ջո­ղու­թեան առ­ջեւ։

Կարճ խօս­քով, նման ո­րո­շու­մի մը ըն­դու­նուած ըլ­լա­լը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ եւ այս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք չէ մսխել ան­հե­ռա­տես քայ­լե­րով։

Ա­ՐԱ ԳՕ­ՉՈՒ­ՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015