Il est ici, Charles?(*)
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք երէկ յուղարկաւորուեցաւ Փարիզի մէջ։ Իր մարմնաւորած՝ քաղաքական գործիչի կերպարին, իր պաշտօնավարութեան շրջանին Ֆրանսայի ունեցած ձեռքբերումներուն, ընդհանրապէս Եւրոպայի հարթութեան վրայ բերած նպաստին մասին բազմակողմանիօրէն արտայայտուեցան միջազգային լրատուամիջոցները՝ Շիրաքի մահէն ի վեր անցած այս վերջին քանի մը օրերուն։
Անոնք, որոնք քիչ թէ շատ շփում մը կամ կապ մը ունին Ֆրանսայի հետ՝ գիտեն, որ այդ երկրի ղեկավարը կարելի չէ նկատել զուտ պետական գործիչ մը։ Սա աշխարհի կ՚երեւի միակ երկիրն է, որու առաջնորդի պարագային կան պահանջներ, որոնք խնդրոյ առարկայ չեն ըլլար այլ որեւէ երկրի մը առաջնորդի համար։ Կենցաղի մը, մշակոյթի մը կրողն է ան, վերադիտակը՝ ժառանգութեան մը, քաղաքակրթութեան մը, պահակը՝ արժեհամակարգի մը, լեզուի մը, որով ցոլացած փիլիսոփայութիւնը կը պայմանաւորէ անոր իսկ կշիռը։ Սա աշխարհի միակ երկիրն է, որու քաղաքացին օտար ֆրանսախօս մը դրուատելու համար կ՚ըսէ, թէ որքան լաւ կը խօսի ֆրանսերէն եւ այդ օտարը իսկապէս շոյուած կը զգայ՝ եթէ նոյնիսկ գիտնայ, թէ զուտ քաղաքավարական արտայայտութիւն մըն է այդ մէկը։ Աշխարհի ուրիշ ո՛ր երկրի լեզուն երգ է միթէ, եւ աշխարհի ուրիշ ո՛ր երկրի մայրաքաղաքը կրնայ ըլլալ Փարիզի նման հեքիաթ մը։ Փարիզը քիչ թէ շատ իւրացուցած անձ մը ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Ֆրանսայի նախագահը։ Ֆրանուսա Առաջինի պատկառանքէն, Լուի ԺԴ-ի արեւէն, Նափոլէոն Պոնափարթի հզօրութենէն եւ զօրավար Տը Կոլի վճռակամութենէն հով մը պէտք է ունենայ Ֆրանսայի ղեկավարը իր վրայ, ո՛վ որ ալ ըլլայ կամ ո՛ր կողմէ որ ալ ըլլայ։ Ֆրանսական ազդու քարոզչամեքենային ներգործութեամբ ստեղծուած կո՞ւռք մըն է միթէ Ֆրանսայի առաջնորդը։ Ինչ փոյթ, թող այդպէս ալ մնայ իր դերին մէջ...
Դպրոցական պատանի մըն էի, երբ առաջին անգամ Ֆրանսայի նախագահի մը ձեռքը սեղմեցի։ Նախագահ Միթերան եկած էր Կալաթասարայ եւ մեր լիսէի պարտէզին մէջ ձեռնուեցանք. իրեն համար ո՛վ գիտէ ի՛նչ մեծ ձանձրոյթ մըն էր, իսկ երիտասարդիս համար մեծ բան՝ քանի այդ տարիքին տակաւին լրիւ ձեւաւորուած չըլլար պատիւի ընկալումը։
Անցան տարիներ եւ Ժագ Շիրաքը եղաւ Ֆրանսայի այն առաջին նախագահը, զոր տեսայ իր իսկ երկրին մէջ, իր հողին վրայ ու տակաւին Էլիզէի պալատի երդիքին տակ։ Սեփական դաշտին վրայ, այնպէս, ինչպէս որ է ու կայ։ Տակաւին երիտասարդ խմբագիր, Փարիզ մեկնած էի՝ հետեւելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ. Տ. Գարեգին Բ.-ի այցելութեան։ Վեհափառին ալ գահակալութեան շրջանի սկիզբն էր։ Ուղեւորութեան իւրաքանչիւր փուլը իսկապէս հետաքրքրական էր, յագեցած ծրագրով, բայց կար նաեւ գագաթնային կէտ մը։ Նախագահ Շիրաք «Լեժիոն տոնէօր» պիտի շնորհէր Վեհափառին։ Անմոռանալի արարողութիւն մըն էր, որուն հետեւելու կարելիութիւնը անգնահատելի փորձառութիւն մը եղած էր երիտասարդ խմբագրիս համար։
*
10 դեկտեմբեր 2001 թուական... Եւ այդ օրէն վառ յիշատակ մը։ Վեհափառի պարգեւատրման փառաշուք հանդիսութեան հրաւիրուած են սահմանափակ թիւով մարդիկ։ Պաշտօնական հրաւէրները ուղարկուած են Էլիզէի պալատէն։ Ուրեմն, նոյն Էլիզէի պալատի մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ ենք։ Նախագահ Շիրաք, Վեհափառը, Փարիզի այդ ժամանակուան առաջնորդ Տ. Գիւտ Արք. Նագգաշեան եւ Առաջին տիկին Պեռնատէթ Շիրաք կը դիմաւորեն հիւրերը։ Ես նկարահանման համար լրագրողներուն յատկացուած բաժնին մէջ կը հետեւիմ իրադարձութեան։ Հիւրերը սրահ մտնելու ատեն իրենց պաշտօնական հրաւէրը կը ներկայացնեն պալատի հիւրընկալին, որ բարձրաձայն կը ներկայացնէ այն անձը կամ անձերը, որոնք յաջորդ քայլափոխին ձեռնուելով պիտի դիմաւորուին նախագահին կողմէ։ Անուններու այս բարձրաձայն ներկայացման մթնոլորտին մէջ հիւրընկալին կողմէ կ՚ազդարարուին տէր եւ տիկին Ազնաւուրեանները՝ մեզի անծանօթ, բայց մականունի, նմանութիւնը, անշուշտ, ուշագրաւ։ Ձայն մը յանկարծ կը ճնշէ հիւրընկալի կուռ ազդարարութիւնը. «Il est ici, Charles?» (Շա՞րլը այստեղ է): Շիրաք պահ մը ամէն ինչ մէկ կողմ թողած կը հետաքրքրուի, որ միթէ այնտե՞ղ էր Ազնաւուրը եւ ինք անտեղեա՞կ էր։ Շուտով իրեն կը բացատրուի անուան նմանութեան պարագան եւ արարողութիւնը կը շարունակուի։
*
Ժագ Շիրաք այսօր ինքնավստահ կրնայ կրկնել այդ նոյն հարցումը այնտե՛ղ, ուր որ կ՚ուղեւորուի։ Վստահաբար դիւրաւ կը գտնէ այնտեղ Շարլը։ Ու տակաւին այնտեղ կրնան վերյիշել նախագահ Շիրաքի պետական այցելութիւնը՝ դէպի Հայաստան։ Կրնան վերյիշել այդ առթիւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Շարլ Ազնաւուրի կողմէ տրուած անմոռանալի համերգը՝ գրեթէ հարիւր հազար հայու ներկայութեամբ։ Կրնան դէպի անցեալ նայելով համաձայն գտնուիլ, թէ այդ գեղարուեստական ձեռնարկը՝ «Ազնաւուրի եւ ընկերներուն» փառահեղ համերգը բազմապատկած էր Շիրաքի այցին նշանակութիւնը։ Այդ համերգին օրը Ազնաւուրի տարիքը արդէն յառաջացած էր եւ այդ համերգը եկած էր վերահաստատել Ազնաւուրի անմահութիւնը հայ ժողովուրդի սրտին մէջ։ Այդ համերգը նաեւ երախտագիտական վառ արտայայտութիւն մըն էր հայ ժողովուրդին կողմէ, հայ ժողովուրդին անունով՝ Ժագ Շիրաքին ու Ֆրանսային նկատմամբ։ Հայ ժողովուրդի հանճար զաւակներէն մին այդ օր այնքան արժանապատիւ ձեւով լուծած էր այդ հարցը՝ առանց արհեստականութեան եւ առանց քծնանքի։
*
Գուցէ օր մը, տեղ մը դարձեալ խաչաձեւուի իրենց ճանապարհը։ Էլիզէի ժամանակաւոր բնակիչներէն մին արդէն դարձած է անցեալ, իր յիշատակը կը խառնուի Սենի ջուրերուն։
Եւ այսօր Շարլ Ազնաւուրի ալ մահուան առաջին տարելիցն է։ Կեանքի զարմանալի զուգադիպութիւնները եւ անոնց իմաստը պայմանաւորած մարդիկ, որոնք կը կամրջեն ժամանակները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ