Պէյօղլու…
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքի վիճարկման համար բացուած դատին ընթացքը մեծ աղմուկ ստեղծած է։ Ընտրութեան մէջ պարտուած, քուէարկութեամբ ժողովրդական հաւանութեան չարժանացած «կողմ»ին բացած դատը այժմ կը վերածուի հետաքրքրական դիպաշարի մը։ Ընտրութիւնը կորսնցուցած կողմը պահանջած է ընտրութեան արդիւնքին չեղեալ համարուիլը, իսկ առաջին ատեանի դատարանը մասամբ բաւարարած է այդ պահանջը։ Թրքահայ կեանքէն ներս այս դատավճիռը յանկարծ դարձած է թէժ օրակարգ։
Պէյօղլուի պարագային տասնամեակներ շարունակ կուտակուած խնդիրներու ահաւոր դրսեւորումներուն «թագն ու պսակը» եղած է՝ այս վերջին ընտրութեան անմիջապէս նախորդած ժամանակաշրջանը, որու ծանր հետեւանքներուն մասին այժմու թաղային խորհուրդի վերջին հաշուետուութեան ընթացքին ամէն ինչ ըսուեցաւ պատշաճութեան, քաղաքակրթութեան ու պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ։ Վերջին ընտրութեան արդիւնքը ունեցած է միանշանակ պատգամ մը, թէ համայքը երբեք չէ հաշտուած այդ բոլորին հետ եւ իր հաւաքական խղճին մօտ չեն արդարացած պատահածները։ Անշուշտ, դատավճիռը արձակած դատաւորներուն համար դժուար չէ ենթադրել, որ դատարան դիմած «կողմը» կրնար պահանջել քուէարկութիւնը կրկնել՝ մինչեւ իր յաղթանակը։ Բնականաբար, հասկնալի է, որ իրաւունքը բարդ ծալքերով, նեղ մասնագիտական ոլորտ մըն է, ուր կը բանի ուրոյն տրամաբանութիւն։
Պէյօղլուի ընտրութեան նախորդած վերջին շրջանը վաղուց տեղ գտած է թրքահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։ Սա ցաւալի փուլ մըն է, որ կը յիշեցնէ միակուսակցական վարչակարգի տարիներու «tek mütevelli»ի շրջանը։ Այդ էջին շրջուիլը համայնքի կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին է՝ ապահովուած հաւաքական կամքով։
Կեանքի օրինաչափութիւններէն մին ըլլար կարծես. արդարներուն կողմէ, արդարութեամբ ապահովուածը կրնայ յարատեւ պայքարի անհրաժեշտութիւն ստեղծել՝ երկարաժամկէտ երաշխաւորման համար։ Ժողովրդական իմաստութեամբ՝ համբերութիւնը կեանք է, որքան որ ալ աւելին ըլլայ տանջանք։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ