ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Թրքահայութեան օրակարգին վրայ 2019 թուականի տարեմուտի դրութեամբ կան բազում հարցականներ։ Ամէն տարի, Պատրիարքարանի տօնական ընդունելութեան ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը եւ արտասանուած ելոյթներու բովանդակութիւնը որոշ ազդանշաններ կու տան՝ համայնքի օրակարգի առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ։ Այս տարի ալ եղաւ այդպէս։ Գումգաբուի ընդունելութեան մթնոլորտը եւ այնտեղ փոխանցուած պատգամները որոշ բանալիներ մատուցեցին թրքահայութեան ընդհանուր երթը պատկերացնելու առումով։
Կանխաւ նշենք, որ այս տարի անցեալ տարուան բաղդատմամբ կար հիմնական տարբերութիւն մը։ Այս տարեմուտին լարուածութիւնը զգալիօրէն նուազած է համայնքէն ներս, ինչ որ ողջունելի երեւոյթ մըն է։ Տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ վէճերու, վիրաւորանքներու եւ անարգանքի չըլլալը, անշուշտ, դրական է, սակայն մետայլի միւս երեսակին խափուսիկ։ Արդարեւ, առ երեւոյթ համերաշխութեան մը տպաւորութիւնը ստեղծուած է թրքահայութեան մօտ։ Այլապէս, համայնքէն ներս պառակտումները կը մնան առկայ, բեւեռացումները կը շարունակուին, ցուրտ հովեր կը փչեն հակադիր հոսանքներու միջեւ եւ ամենակարեւորը՝ հասարակաց յայտարարի մը հասնելու ուղղութեամբ ընդհանուր համաձայնութիւնը, պատրաստակամութիւնը տակաւին շատ հեռու ըլլալ կը թուի։ Խորքային նշանակութեամբ այս ճշմարտութիւնը անկարելի է անտեսել, բնականաբար, աւելի լաւ պիտի չըլլար, եթէ կրկնուէին անցեալ տարուան վէճերու ամօթալի պատկերները. այս առումով ալ, ուրեմն, արձանագրենք դրականը։ Կարճ խօսքով, համայնքը խնդիրներ ունի եւ անոնց լուծման նախադրեալները առայժմ կը պակսին, որովհետեւ այնախարիսխ համաձայնութեան ու համապատասխան զօրաշարժի մը պայմանները չեն գոյացած։
Գումգաբուի վերջին ընդունելութիւնը ուշագրաւ էր որքան իր մասնակիցներով, այնքալ ալ բացականերով։ Այդ հաւասարակշռութեան մէջ արդէն կը բիւրեղանար պառակտման պատկերը։ Թէեւ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ համախմբուած ուժերը կը մնան գերակշիռ, սակայն անոր դէմ տրամադրուած շրջանակներն ալ կը խորանան իրենց որդեգրած արմատականութեան մէջ։ Լիարժէք ներդաշնակութեան եւ իսկական համագործակցութեան ոգիի հաստատման առումով յոյս չեն ներշնչեր այս բոլորը։ Մեղք, որ այս համայնքին մէջ բաւական թիւով մարդիկ, մասնաւորպէս վարչայիններ, առկայ խնդիրներուն լուծումը հաւաքական շահերու տեսանկիւնէն ըմբռնել կը դժուարանան եւ հակուած են հաւանական լուծման հեռանկարները ընկալել իրենց անձնական հեղինակութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններու մղումով։ Այստեղ խօսքը որքան որ ալ յարաբերաբար աւելի փոքր խմբակներու վերաբէր, ապա մեծամասնութիւնը պէտք է անպայման ջանքեր գործադրէ անհաղորդ կացութեան յաղթահարման ուղղութեամբ։ Դառնութիւնները մշտական պէտք չէ համարուին համայնքային կեանքէն ներս եւ բոլորը պէտք է հաւատարիմ ու նախանձախնդիր ըլլան հաւաքական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ։ Մեր կարծիքով, այս տեսանկիւնէն դրական էր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ակնարկութիւնը՝ ընդունելութենէն բացակայածներուն։ Արդարեւ, Պատրիարքարանը պէտք չէ հետեւի՝ միայն համախոհներու հետ ճանապարհը շարունակելու եզրին։ Այդ ձեւով Աթոռը չի կրնար երաշխաւորել այս համայնքի միասնականութիւնը։ Առողջ մօտեցումը այն է, որ մեր համայնքի բոլոր տարրերը համախումբ ըլլան Պատրիարքարանի շուրջ՝ գաղափարներու կամ հայեացքներու տարբերութիւնով հանդերձ։ Ընդհանուր փոխանորդը այս հարցին ակնարկեց նաեւ տիկնանց կազմերու տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ։ Ըսաւ, որ բացակաները իր ուշադրութենէն չեն սպրդած։ Ըստ երեւոյթին, սա մակերեսային գանգատ մը չէ, որովհետեւ Պատրիարքարանը կ՚անհանգստանայ, որ մեր համայնքէն կարգ մը լծակներ կը ջանան ինքզինքնին մեկուսացնել։ Արդարեւ, Պատրիարքարանը կրնայ մեր համայնքը միայն ու միայն իր կատարեալ ամբողջութեան մէջ ընկալել։
Գումգաբուէն բացակայութիւններու հարցը ունի նաեւ այլ ծալքեր, որովհետեւ այժմու վիճակով ո՛չ բացակայ հաստատութիւնները կրնան հարիւր տոկոս բացակայ համարուիլ, ո՛չ ալ ներկաները՝ հարիւր տոկոսով ներկայ։ Բացակայութիւններուն կամ ներկայութիւններուն վերագ-րըւած իմասստն ալ յարաբերական կը դառնայ։ Պատճառը թէեւ պարզ է, բայց ցաւալի։ Արդարեւ, մեր համայնքային հաստատութիւններու ղեկավար մարմիններէն ներս ալ ներկայիս առկայ են պառակտումներ եւ առճակատումներ։ Պատրիարքարանի նկատմամբ դիրքորոշումները միանշանակ չեն։ Աւելի՛ն, առկախեալ ընտրութիւններու հարցին բերումով համայնքային վարիչները կը դիմագրաւեն ժողովրդական յենարաններ ապահովելու առումով հարցեր։ Պաշտօնավարութեան անորոշութիւնը մաշեցուցած է նաեւ ղեկավար կազմերու անդամներու յարաբերութիւնները։ Ներքին միասնականութիւնը այնքան տկարացած է, որ դժուար, թէ առկայ համայնապատկերը կարելի ըլլայ վերագրել այլ խնդիրներու մասին դիրքորոշման։ Ծայրայեղութիւններու բերումով հեղինակազրկուած կարգ մը վարչայիններ ալ կը ջանան ամբոխավարութիւններով արդարանալ յաչս համայնքին։ Այս բարդ հաւասարակշռութիւններուն մէջ արդէն իմաստ ալ չունի հաշուարկել, թէ ո՛վ որո՛ւ հետ է կամ ո՛վ որո՛ւ, ի՛նչ բանի դէմ։ Անշուշտ, Պատրիարքարանն ալ կը դիտարկէ այս բոլորը՝ որքան որ ալ բարձրաձայնելը նպատակայարմար չգտնէ։ Վէճէ դուրս է, որ թրքահայութիւնը թափով կ՚ընթանայ դէպի անդամալուծութիւն։ Խորքին մէջ, առկախեալ ընտրութիւններու հարցը կը քօղարկէ մնացեալ հրատապ պարագաները։ Կառավարման ընդհանուր անարդիւնաւէտութեան, կրթական համակարգի ամլութեան եւ միջակութենէ ալ վար վարչայիններու ստեղծած գզուըրտուքի ճիրաններուն մէջ է այսօր համայնքը։ Այս իրավիճակին մէջ կայ հիմնական առաջնահերթութիւն մը. այս փակուղին յաղթահարել հնարաւորինս առանց անշրջադարձելի, անդարմանելի հետեւանքներու։ Մեղք, ափսոս, որ մեր համայնքը դատապարտուած է այսքանով գոհանալու։ Եւ սկզբունքօրէն Պատրիարքարանի շուրջ համախումբ մնալն ալ իմաստ մը ունի այս տեսանկիւնէն։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան տարեմուտի ընդունելութեան ընթացքին խօսեցան դրական շեշտով։ Սա լաւ էր, անշուշտ, սակայն, բաւարար չէր փարատելու համար այն մտահոգութիւնները, որոնք առկայ են հոգեւորականաց դասէն ներս առկայ պառակտումները։ Հոգեւորականաց դասը ենթակայ է ուղիղ նուիրապետութեան մը, այս պատճառով աղմկայարոյց երեւոյթներ չեն գար համայնքի օրակարգին վրայ, սակայն բոլորը տեղեակ են, որ այդ հարթութեան վրայ եւս չկայ ամուր գործակցութեան գետին մը։ Քահանայից դասէն ալ, վեղարաւորներէն ալ կային բացականեր, որոնք նոյնպէս ուշագրաւ էին։ Իրականութեան մէջ, այդ բացակայութիւնները շատ աւելի լուրջ նշանակութիւն ունին՝ քան սա կամ նա խորհուրդինը, որովհետեւ այդ խորհուրդները շատ յաճախ յարափոփոխ ընթացքի մը կը հետեւին, իսկ հոգեւոր հայրերը այս պարագային կը դրսեւորեն անհատական կեց-ւածք մը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ջանացին ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ հոգեւորականաց դասը միասնական ու միահամուռ է։ Եկուր-տե՛ս, որ վերոյիշեալ պատկերը որոշ չափով խոցելի վիճակ մը ստեղծեց երկու իշխանաւորներուն տեսակէտէ։ Կրօնական ժողովի ատենապետը, ընդհանուր փոխանորդին բաղդատմամբ քիչ մը աւելի բաց խօսեցաւ տարեմուտի ընդունելութեան։ Ան կանգ առաւ եկեղեցին խնդիրներէ խնայելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Իր խօսքով՝ եկեղեցականները խղճմտօրէն կը կատարեն իրենց պաշտօնը՝ որպէս մեծ ընտանիք, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ։ «Մենք կրնանք մեր մէջ խնդիր ունենալ, բայց ո՞ր ընտանիքի մէջ խնդիր չ՚ըլլար։ Բայց մէկ ենք Պատրիարքարանի, համայնքի շահերուն համար, այս պատճառով ալ այսօր այստեղ ենք։ Արամ սրբազան եկեղեցին միութեան մէջ կը պահէ։ Եկեղեցականները խնդիր ունեցան, բայց երբեմն խնդիրները նոր հորիզոններ կը բանան», ըսաւ ան։
Երկու սրբազաններու ներդաշնակութիւնը շատ կարեւոր է, անտարակոյս։ Այս առումով շատ ողջունելի էր անոնց պարզած պատկերը համայնքի ներկայացուցիչներու առջեւ։ Բայց ո՞վ մոռցած կրնայ ըլլալ 2017 թուականի տարեմուտը, երբ նոյն աւանդական ընդունելութեան ժամանակ այսօրուան բաղդատմամբ շատ աւելի շեշտակի ոճով անոնք հիւսած էին իրարու դրուատիքը, սակայն անմիջապէս վերջ ծագած էր մեծ փոթորիկ մը։ Հետեւաբար, փայտին զարնենք, մաղթենք, թէ աչքի չգան մեր երկու սըր-բազանները, որովհետեւ անոնց համախոհութիւնը կայունութեան նախապայման մըն է մեր համայնքին համար։
Թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս տարեմուտին խօսեցան ընտրական հարցին շուրջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետը եղաւ այս մասին առաջին խօսողը, սակայն մնաց սկզբունքային հարթութեան վրայ։ Իսկ ընդհանուր փոխանորդը թէեւ աւելի ուշ խօսեցաւ այս մասին, սակայն աւելի համարձակ էր փակագիծեր բանալու առումով։ «Մեր համայնքը կը սպասէ պատրիարքական եւ թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն։ Հիմա ճամբան խցանուած է, պէտք է աղօթենք, որպէսզի բացուի։ Մենք ունինք պետութիւնը համոզելու խնդիր։ Սա եթէ չըլլայ, աշխարհի վերջը չէ, չենք թողուր, որ դրօշակը իյնայ։ Բայց այս բանը կ՚ըսենք, որովհետեւ մեր մաղթանքն է եւ այսօր բարեմաղթութիւններու օր է», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Իր կարգին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աւելի սուր բանաձեւումներով խօսեցաւ այս մասին։ Ըստ իրեն, ընտրութեան հարցի լուծումը խոչընդոտողներ կան, սակայն մեր համայնքի մեծամասնութիւնը կողմնակից է լուծման եւ այդ մեծամասնութիւնը ի վերջոյ յաղթանակ պիտի տանի։ Նորին սրբազնութիւնը մաղթեց, որ 2019 ըլլայ լաւ տարի մը եւ այդ մաղթանքին ածանցեց իր գնահատանքը համայնքային վարիչներուն նկատմամբ։ «Մենք պէտք ունինք ճշմարիտ գործիչներու, այս համայնքին նուիրուողներու եւ դուք մեր համայնքի թիւ մէկ սպասաւորներն էք», նշեց ընդհանուր փոխանորդը։
Երկու սրբազաններու խօսքերը տողատակերով յայտնի կը դարձնեն, որ պատրիարքական ընտրութեան առումով 2019 թուականին մեծ յոյսեր պէտք չէ փայփայուին, եթէ արմատական նորութիւններ չըլլան։ Կրօնական ժողովի ատենապետը ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, թէ ձեւով մը գործնականօրէն համակերպած է այժմու ընթացքին։ Ընդհանուր փոխանորդն ալ խոչընդոտողներուն ակնարկելով փորձեց յիշեցնել, որ առկայ վիճակի միակ պատասխանատուն ինքը չէ։ Ըստ երեւոյթին, երկուքն ալ ունին իրենց տրամաբանութիւնը եւ ինչ որ ալ ըլլան անոնց մօտեցումները, վերջին հաշուով, երկու սրբազաններն ալ առայժմ հակուած են ժամանակ շահելու պատրիարքական ընտրութեան հարցին մէջ։
Աշխարհական վարչային խորհուրդներու ընտրութեան հարցն ալ հրատապ է նոյնքան եւ աւելի։ Եթէ պատրիարքական ընտրութեան հարցը կը վերաբերի զուտ մեր համայնքին, ապա միւսը ընդհանրապէս ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն։ Այդ ճակատին վրայ ալ մէկ շունչով կարելի է թուարկել լեցուն չքմեղանք։ Այս հարթութեան վրայ ալ կան բազմաթիւ կնճռոտ հարցեր։
Կարճ խօսքով, այժմու ընթացքով ո՛չ աշխարհականները հոգեւոր իշխանութենէն կրնան ակնկալել պատրիարքական ընտրութեան ուղղութեամբ ըլլալ աւելի վճռակամ կամ արմատական, ո՛չ ալ հակառակը։ Բոլորն ալ այդ բարոյական իրաւունքէն զուրկ են այս պահուն եւ բոլորն ալ դատապարտուած են իրարու։
Հարցին լուծումը կը մնայ մեր ժողովուրդին, հակառակ բոլոր ապակողմնորոշման եւ ապատեղեկատուութեան արշաւներուն։ Մեր համայնքը կը դիմադրէ ծով համբերութեամբ եւ անաչառութեամբ՝ մինչեւ որ նուաճէ խնդիրը իր իմաստութեամբ վճռելու, իր դատողութեամբ լուծելու պահը։ Մինչ այդ, ո՛վ ի՛նչ որ ալ ըսէ՝ ի զուր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ