Հրաժեշտ՝ Նազարէթ Սրմաքէշին

Այսօր Ժընեւի մէջ կը յուղարկաւորուի նորոգ հանգուցեալ Նազարէթ Սրմաքէշ։ Հայկական սփիւռքի երէց սերունդէ երախտաշատ անուններէն մին եւս ցաւ ի սիրտ կ՚ուղեւորուի յաւիտենականութեան։ Նախկին պոլսահայ Նազարէթ Սրմաքէշ երկար տասնամեակներ առաջ հաստատուած էր Զուիցերիա եւ ընթացքին արդէն դարձած՝ խորհրդանշական անուն մը, որ նոյնացած էր զուիցերահայութեան հետ։ Շուրջ դար մը տեւած իր երկրաւոր կեանքը ապրած էր ճշմարիտ հայու մը նման, լիակատար թրծուած հայկական կեանքին։

Իր հրաժեշտի օրը կու գանք այս սիւնակէն մեր վկայութիւնը բերել հոգելոյս Նազարէթ Սրմաքէշի համար՝ բիւր յարգանքով ու խոր յուզումով։ Սա թող ընկալուի իր ծննդավայրէն ափ մը հող իր շիրիմին, թարմ ծաղիկ մը իր դագաղին վրայ։ Յիշատակը կ՚ըլլայ անթառամ ու քաղցր այս պատուական հայուն, որու բոլորած կեանքը կը պարփակէ վառ դրուագներ՝ սփիւռքեան սերունդներու դիմագրաւած պայքարին եւ ինքնութիւն պահպանելու յամառութեան շուրջ։

Սերնդակից չէինք Նազարէթ Սրմաքէշի հետ, բայց իրեն նկատմամբ կը տածէի մտերմութեան զգացում։ Իմ ներաշխարհիս մէջ թանկագին բարեկամ մըն էր։ Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, որ լաւագոյն բարեկամութիւնները կը խմորուին ճանապարհորդութեան ժամանակ։ Մեր յարաբերութիւնն ալ կ՚արդարացնէր այդ խօսքը։ Զինքը ճանչցած էի 1990-ին, երբ կեանքիս մէջ առաջին անգամ մեկնած էի արտասահման։ Դէպի Ժընեւ եւ Թարակոնա, ամրան արձակուրդի մը օրերն էին։ Բազմանդամ խումբ մըն էինք թէեւ, սակայն մենք առիթ կ՚ունենայինք յաճախ առանձին զրուցելու, բաւական երկար։ Առաւօտեան ծովու լոգանքէն վերջ պարտաւորուած էինք վերադառնալու այն բնակարանը, որ վարձուած էր մեր խումբին կողմէ։ Ինք նոր ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը եւ պէտք է խուսափէր կէսօրուան կիզիչ արեւէն։ Իսկ ես՝ վերաքննութեան մնացած լիսէական, պարտաւոր էի դաս աշխատելու։ Այս պարագաներով խաչաձեւուած էին մեր ճանապարհները։

Ցայսօր անմոռանալի կը մնան այդ զրոյցները յիշողութեանս մէջ։ Հայաստանի անկախութիւնը թէեւ տակաւին չէր հռչակուած, սակայն ուրուագծուած էր հորիզոնին վրայ։ Յանձին Նազարէթ Սրմաքէշի ունէի զրուցակից մը, որ կեանքին ողջ տեւողութեան փայփայած էր այդ անկախութեան յոյսը։ Ես դժուար թէ կարենայի հասկնալ այդ պահու դրութեամբ իր հոգեվիճակը։ Սակայն իր ոճը, փիլիսոփայութիւնը եւ յուզումը արդէն բաւարար էին կուլ տալու ինծի։ Պարտէզի փոքրիկ աւազանին նայելով արդէն սկսած էր տագնապիլ, թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլար պահպանել այդ վրայ հասած նոր անկախութիւնը։ Հայրական ժպիտով մը արտայայտուած այդ վաղահաս հեւքը ինծի համար վերածուեցաւ դասի մը։ Ազգի նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութեան հաւատարիմ մնալու դասն էր այդ մէկը, որու ընկալումը բիւրեղացաւ յաջորդող տասնամեակներուն եւ որքան, որ բիւրեղացաւ՝ երախտագիտական զգացումս ալ այնքան խորացաւ Նազարէթ Սրմաքէշի նկատմամբ։

Հողը թեթեւ գայ վրան…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020