Տեսլական ու պատգամ
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի համազգային յոբելեանին ընդառաջ, երէկ այժմու Հանրապետութեան գլուխը անցաւ նոր դէմք մը։ Արմէն Սարգսեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ։ Իր պաշտօնավարութիւնը կը համընկնի՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններով պայմանաւորուած կառավարման նոր համակարգի մը հաստատմամբ։ Թէեւ այդ նոր համակարգին մէջ երկրի նախագահին համար նախատեսուած է յարաբերաբար աւելի խորհրդա-նըշական դերակատարութիւն մը, սակայն զուգադիպութիւնները այնպէս մը բերած են, որ Արմէն Սարգսեան կը դառնայ նաեւ նորահաստատ կառավարման դրութեան տեսակէտէ խորհրդանշան մը, մեկնարկային կերպար մը։
Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր երկիր ապագայ կ՚որոնէ իր ներուժին համապատասխան։ Ճիշդ է, որ Հայաստան ներուժի, հնարաւորութիւններու տեսակէտէ ճոխութեան մէջ չէ, աւելին, կը գտնը-ւի բաւական բարդ տարածքաշրջանի մը մէջ։ Այլ խօսքով, միջավայրը կը դժուարացնէ իր յառաջընթացը։ Նման իրավիճակի մը մէջ առաւել կարեւոր կը համարուի երկրի ներուժին արդիւնաւէտ օգտագործումը։ Այժմ ընդհանուր սպասումները ուղղուած են Հայաստանի ներուժի օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման։ Սա պիտի բիւրեղանայ ժամանակի ընթացքին։
Նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ-ւան ելոյթին մէջ կատարեց կարեւոր շեշտադրումներ։ Ան խորաթափանց ներկայացուց 21-րդ դարու ընդհանուր պայմանները եւ այդ ամբողջին մէջ շեշտը դրաւ երիտասա՛րդ Հայաստան մը կերտելու վրայ։ Եւ երէկ իր կողմէ փոխանցը-ւած պատգամներուն մէջ իսկապէս ուշագրաւ էր նորընտիր նախագահի տեսլականի կարգախօսը. «Երիտասարդ Հայաստան»։
Թող իր ճանապարհը ըլլայ հարթ ու լուսաւոր՝ որպէսզի Արմէն Սարգսեան իր յառաջիկայ եօթ տարուան պաշտօնավարութեան շրջանին կարողանայ ապահովել Հայաստանի հնարաւորինս առաւել երիտասարդացումը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ