Նոր հարթութիւն (11)

Նախագահ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի տեսակէտէ կամ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել անոր քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տունէն ցեղասպանութեան յայտարարութիւնը հնչած է այնպիսի ժամկէտով մը, երբ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւան ինքնիշխանութեան ճակատագրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Առկայ պահը Հայաստանի տեսակէտէ այնպիսի պահանջներ կը թելադրէ, որ նախորդ շրջանի տրամաբանութիւնը հիմնովին հարցաքննելու հրամայականը կը ստեղծէ։ Ուստի, հիմնական նիւթերու առանցքով վերատեսութեան մը պէտք է ձեռնարկէ Երեւան։

Թէեւ որոշ չափով պատերազմէն առաջ ալ այդպէս էր, սակայն, մանաւանդ յետպատերազմեան պայմաններու ներքեւ Հայաստան իր ապահոված ուղղակի կամ անուղղակի առաւելութիւնները յառաջիկայ շրջանին պէտք չէ հակադրանքներու համար օգտագործել։ Այժմու իրավիճակով սա աններելի մսխումի մը կրնայ վերածուիլ։ Այդ առաւելութիւնները բացառապէս պէտք է օգտագործուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդման ու երաշխաւորման համար։

Յառաջիկայ շրջանին Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր երանգաւորումներ կրնան ըլլալ։ Անոնք պիտի բխին ինչպէս նոր իրադրութենէն, այնպէս ալ նոր առաջնահերթութիւններէն։ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրադարձութիւնները Հայաստան միշտ օգտագործած է յաչս սփիւռքի ձգողականութիւնը բարձրացնելու համար։ Յամենայնդէպս, Պայտընի պատգամով ստեղծուած խաղաքարտի օգտագործման ձեւին այս անգամ աւելի տարբեր ուղղութիւն մը տալու անհրաժեշտութիւնը կրնայ ըլլալ։ Սփիւռքը այս փուլին պէտք է լաւ ըմբռնէ նոր իրադրութենէն բխած հրամայականները։

Այս տեսանկիւնէն ուշագրաւ էին ամերիկացի վերլուծաբանի մը կանխատեսումները, ըստ որոնց Պայտընի պատգամէն վերջ սփիւռքը այլեւս կրնայ նախկին եռանդով չաջակցիլ Հայաստանին։ Հայկական կողմը նման անհեռատեսութիւններու դէմ պէտք է ինքզինք ապահովագրէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 10, 2021