Մրցաշարք եւ գայթակղութիւն - գ
«Ռուբէն Սէմէրճեան» միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքին շրագծով ծագած գայթակղութիւնը ունի նաեւ այլ ծալքեր։ Այն երկու ասորի երիտասարդները, որոնց մասնակցութիւնը դարձած է խնդրայարոյց, ընդվզած են՝ պատճառաբանելով իրենց նախորդ մասնակցութիւնները, նաեւ շեշտած են, թէ Հայաստանի մէջ մասնակցած են Համահայկական խաղերուն։ Մեր ստացած տեղեկութիւններով, անոնցմէ մին մաս կազմած է Սասունի խումբին։ Այս մանրամասնութիւններով արդէն կը բիւրեղանան մեր մտայնութենէն բխած խնդիրները։ Առաջին իսկ օրէն վերապահ եղած ենք «Իսթանպուլ» անունէ դուրս խումբերով մեր համայնքին կողմէ Համահայկական խաղերուն մասնակցութիւն բերուիլը։ Ահա վառ օրինակ մը հաւանական անպատեհութիւններուն մասին։ Սակայն խնդիրը միայն այսքանով չի սահմանափակուիր։ Մեր իրականութեան մօտ թէ՛ միջմիութենական մարզական մրցաշարքերը եւ թէ Համահայկական խաղերը կ՚ընկալուին բուռն մրցակցութեան մը շրջագծին մէջ։ Մինչդեռ, այս բոլորը պէտք է ընկալուին որպէս մեր երիտասարդներու համախմբման առիթներ եւ բուն շեշտը պէտք է դրուի մասնակցութեան, ներկայացուցչութեան հանգրուանին վրայ։ Չափազանց մրցակցութեան ոգին, այդ մրցաշարքերուն վերագրուած պայքարին իմաստը պատճառ կը դառնան նման մրցաշարքերու նպատակէն շեղելուն։ Այս օրինակի պարագային ալ ի զօրու է սոյն վատառողջ մտայնութիւնը։ Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ վարչայիններն ալ ունին իրենց տխուր դերը այս ուղղութեամբ։ Նման մրցաշարքերը բարդոյթներ յագեցնելու միջավայրեր չեն, այլ՝ մեր երիտասարդները եղբայրական միջավայրի մէջ համախմբելու շարժառիթներ։
«Ռուբէն Սէմէրճեան» մրցաշարքին շրջագծով ծագած գայթակղութիւնը ընկերային առումով ալ ունի մտահոգիչ չափումներ։ Արդարեւ, փոքրամասնական հաւաքականութիւնները Իսթանպուլի մէջ ընդհանրապէս կը բնակին նոյն թաղերուն մէջ, կողք կողքի։ Բոլորը հարեւաններ են։ Այս մթնոլորտին մէջ խտրականութեան տպաւորութիւն ստեղծելը ճիշդ չէ մեր համայնքին տեսակէտէ, որ ամենաբազմանդամն է փոքրամասնութիւններու շարքին։ Փոքրամասնական բոլոր համայնքները ունին ծրագրեր, որոնք միայն իրենց անդամներուն համար նախատեսուած են, կը կազմակերպեն նաեւ ձեռնարկներ, որոնք բաց են բոլորին համար։ Այստեղ արտառոց ոչինչ կայ։ Մէկը միւսին հետ պէտք չէ շփոթել։ Զոյգ համայնքի մը անդամներուն համար կազմակերպուած ձեռնարկ մը չի նշանակեր միւսներուն դէմ այլամերժութիւն մը։ Հարեւաններու նկատմամբ անկեղծութեան կամ յարգանքի տեսակէտէ կասկած յարուցելիք երեւոյթներէն պէտք է խուսափիլ։ Այլապէս, անկարելի է հարեւանի դրական վերաբերմունք ակնկալել ոչ միայն միւս փոքրամասնական համայնքներէն, այլ նաեւ՝ լայն հասարակութենէն։ Սա խնդիր մըն է, որու նկատմամբ թրքահայութիւնը վաղուց եղած է շատ նախանձախնդիր ու դժբախտաբար այս մրցաշարքի ընթացքին ստեղծուած երեւոյթը ստուեր կրնայ ածել այդ վերաբերմունքին վրայ։
Մրցաշարքի կարգադիր յանձնախումբը աններելի սխալ մը գործած է այս ուղղութեամբ։ «Ռուբէն Սէմէրճեան» աւանդական մրցաշարքը այս տարի կազմակերպուած է առանց պաշտօնապէս տեղեակ պահելու մեր մամուլը։ Կարգադիր յանձնախումբի անփորձութեան կամ մոռացութեան չքմեղանքները բացարձակապէս համոզիչ չեն։ Դժբախտաբար, հերթական անգամ կը հաստատուի այն ճշմարտութիւնը, թէ թափանցիկութենէ հեռու իւրաքանչիւր քայլ կամայ կամ ակամայ խնդրայարոյց կը դառնայ մեր իրականութեան մօտ։
Պասքեթպոլի այս մրցաշարքին շրջագծով ստեղծուած առկայ ամօթալի երեւոյթը պէտք է անպայման սրբագրուի։ Միեւնոյն ժամանակ, կարգադիր յանձնախումբը պէտք է գիտակցի, որ նման ծրագրերու պարագային կանոններու նկատմամբ հնազանդութիւնը յաջողութեան հիմնական գրաւականներէն մին է։ Եթէ իսթանպուլահայ վարժարաններու շրջանաւարտներուն միութիւնները մրցաշարք մը կը կազմակերպեն, ապա շատ պարզ է, թէ ովքեր կրնան մասնակցիլ անոր։ Այսքան յստակ պարագայի մը շուրջ վէճ յարուցելը, գայթակղութիւն մը ստեղծելը չափազանց հմտութիւն կը պահանջէ։ Երանի, մեր վարպետութիւնները ի գործ դրուին աւելի դրական արդիւնքներու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ