Անթիլիասի Համահայկական մամլոյ համաժողովի լոյսին տակ (գ.)

Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովի օրակարգը բաւական ծանրաբեռնուած էր։ Համահայկական հարթութեան խնդիրներու առընթեր, միասնական մթնոլորտի մէջ շօշափուեցան նաեւ այն հարցերը, որոնք Հայաստանի կամ սփիւռքի լրատուամիջոցներու առանձնայատկութիւններուն հետ կապ ունին։ Առաջին հայեացքով սա գուցէ խնդրայարոյց կրնար համարուիլ արդիւնաբերութեան տեսակէտէ, սակայն փոխադարձ ճանաչողութեան, իրարու իրականութեան հաղորդ դառնալուն տեսակէտէ օգտակար էր։

Այս սիւնակին մէջ երէկ թուարկած էինք հիմնական երեք ուղղութիւններ, որոնց վրայ ծանրանալով կարելի է յառաջ տանիլ համագործակցութիւնը։ Ինչպէս Արամ Ա. Կաթողիկոս համագումարի ընթացքին ալ ընդգծեց, համագործակցութիւնը խորքին մէջ վերացական յղացք մըն է եւ անոր յստակութիւնը կախում ունի երկխօսութենէ։ Հետեւաբար, այս եւ նման համագումարները կարեւոր են երկխօսութեան հարթակ դառնալու իմաստով։ Բայց եւ այնպէս, ժամանակն է նաեւ աւելի շօշափելի արդիւնքներ ակնկալելու, որովհետեւ արդէն շուրջ քսան տարիէ ի վեր կը կազմակերպուին նման ձեւաչափով հաւաքներ։ Ատենը հասած է աւելի շօշափելի արդիւնքներ պահանջելու։

Համագումարի մեր ելոյթին ժամանակ ալ փորձեցինք անդրադառնալ, որ համագործակցութեան մը, նո՛ր որակով համագործակցութեան մը հասնելու համար անհրաժեշտ է հայկական լրատուամիջոցները պատկերացնել որպէս աշխարհատարած ցանց մը։ Եւ այդ ցանցէն ակնկալուածը քաղելու, անոր մէջ մասնագիտական զօրակցութիւն մը ունենալու համար պէտք է առաջնահերթօրէն կեդրոնանալ զուտ բնագաւառի վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ։ Բնականաբար, մամուլը մէջ մէջի է քաղաքականութեան հետ, ինչպէս ընդելուզուած է նաեւ այլ ոլորտներու հետ։ Մամուլի խնդիրները չեն կրնար դիտարկուիլ քաղաքականութենէ անկախ կամ անոր համագործակցութեան հեռանկարները չեն կրնար ուրուագծուիլ քաղաքական ազդեցութիւններէ բոլորովին զերծ։ Հետեւաբար, մամլոյ գործիչներու օրակարգէն բոլորովին դուրս չի կրնար ըլլալ քաղաքականութիւնը։ Յամենայնդէպս, նման ձեւաչափով բոլոր հաւաքներուն ժամանակ քաղաքականութիւնը այնպիսի խտութիւնով մը կը խօսուի, որ մամուլի բուն խնդիրներու քննարկումը կը մնայ շուքի տակ։ Համաժողովներու ընթացքին մասնակից լրագրողները եւ կազմակերպիչները հաշ-ւի պէտք է առնեն էական պարագայ մը։ Լրագրողներու առաքելութիւնն է հետեւիլ քաղաքականութեան, սակայն, իրենք, վերջին հաշուով, քաղաքականութիւն որոշող դերի մէջ չեն։ Ուստի, պէտք է ապահովել, որ անոնք կարենան շատ աւելի ծանրանալ այն խնդիրներուն վրայ, որոնք ուղղակիօրէն կախում ունին իրենցմէ։ Մինչդեռ, քաղաքականութեան ընթացքը ուղղակիօրէն կախում չունի լրագրողներէն։

Կայ նաեւ ուրիշ էական հանգամանք մը։ Քաղաքական հարցերու պարագային հայկական լրատուամիջոցներու ցանցէն ակնկալուած օգուտը քաղելու համար անյետաձգելի հրամայական մըն է անոր արհեստավարժութեան մակարդակի բարձրացումը։ Հայկական լրատուամիջոցներու ցանցը այժմու իր ներուժով եւ հնարաւորութիւններով բաւական հեռու կը մնայ այդպիսի դեր մը խաղալէ։ Ուստի, քաղաքական տեսակէտէ առաջնահերթ խնդիրներու շուրջ այդ մեծ սպասումները կրնան հայկական լրասփիւռները հասցնել՝ լրատուամիջոցի եւ քարոզչամիջոցի միջեւ մոլորուելու վտանգին, ինչ որ կրնայ նոյնիսկ հակառակ ազդեցութիւն ստեղծել։

Նման համաժողովները թէեւ պէտք է ատեն-ատեն նախատեսուին ընդլայնուած կազմով, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ հաւաքներու գործնականութիւնը կախում կրնայ ունենալ՝ իրերանման լրատուամիջոցներու կամ հրատարակութիւններու որոշ չափով տարանչատումէն։ Շատ աւելի տրամաբանական է, որ օրաթերթերը, հեռուստակայանները, ձայնասփիւռի կայանները եւ լրատուութեան կայքէջերը առանձին խմբաւորումի մը մէջ համագործակցութիւն որոնեն՝ իրենց պարբերականութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։ Այլապէս, լրատուամիջոցներու գործունէութեան պարբերականութենէ անկախ պատկերացումը կամ հաւասարեցումը կ՚ամլացնէ գործակցութեան հորիզոնները, ինչ որ առկայ է ներկայիս։

Նոյն սկզբունքով գործակցութեան եւ համակարգման մթնոլորտ պէտք է ստեղծուի ոչ-հայերէն հայկական լրատուամիջոցներու պարագային՝ նոյնպէս պարբերականութեան հասարակաց յայտարարին վրայ։ Տակաւին կ՚արժէ խօսիլ նաեւ միջազգային մամուլի աշխատակից բազում հայ լրագրողները այսպիսի գործընթացի մը ներգրաւելու շուրջ։

Այս բոլորին հիման վրայ է, որ կրնայ ստեղծուիլ իրատես համագործակցութիւն մը, որու տրամաբանութիւնը պիտի ենթադրէ նաեւ մեր երէկ թուարկած հիմնական երեք առաջնահերթութիւնները։ Այսինքն իսկապէս աշխատող լրագրողներու ցանց մը կրնայ ստեղծուիլ, մասնագէտներու կարիքը կրնայ դիմագրաւուիլ եւ լիարժէք լրատուամիջոցները կրնան աւելի կատարելագործուիլ ու կենսունակ դառնալ։ Նոյն ամբողջին մէջ տակաւին կարելի է խօսիլ գովազդի միասնական հարթակ մը ձեւաւորելու հնարաւորութեան եւ մարդուժի պատրաստութեան շուրջ։

Ընդհանրացած բանաձեւումով՝ այսօրուան աշխարհը կ՚ապրի հաղորդակցութեան դարը։ Այս միջավայրը մեծ մարտահրաւէրներ կը բերէ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն։ Այդ մարտահրաւէրները անուղղակիօրէն կապ ունին նաեւ Հայաստանի եւ համայն հայութեան ճակատագրին հետ։ Ուստի, յաւակնոտ նպատակներու հասնելու համար պէտք է ընել՝ ցայսօր կատարուածներէն դուրս, աւելի տարբեր բաներ։ Պէտք է մտածել առնելու մասին այնպիսի քայլեր, որոնք հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու որակն ու դիմագիծը պիտի փոխեն եւ անոնց միջոցաւ կամ ազդեցութեամբ ձեւաւորուելիք հանրային կարծիքով նոր հորիզոններ պիտի բացուին հայութեան հաւաքական մտքին առջեւ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•վերջ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019