Կարեւոր խմորումներ
Մեր համայնքէն ներս ներկայիս արտասովոր կացութիւն մը ստեղծուած է Պէյքոզի նիւթին բերումով։ Հսկայական գումար մը՝ որպէս հատուցում հասած է պետութենէն եւ սա տակաւին գրեթէ կէսն է, որովհետեւ յառաջիկային կ՚ակնկալուի նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն նոր փոխանցում մը։
Մեր համայնքէն ներս նման միջոցները, ընդհանրապէս, կը տնօրինուին փոքր խումբերու, սահմանափակ շրջանակներու հայեացքին համաձայն։ Սա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ վատ է կամ վատ կ՚ըլլայ, սակայն փաստ է՝ որ կառավարման լայնախարիսխ դրութիւն մը հաստատել կարելի չ՚ըլլար։ Թէեւ տակաւին շատ քիչ ժամանակ անցած է վերջնական պատկերացում մը կազմելու համար, սակայն այժմու պայմաններով կարելի է ըսել, թէ Պէյքոզի պարագան բացառութիւն մը կազմելու ճամբուն վրայ է։ Թաղային խորհուրդը տեղին քայլ մը առած է հաւանութիւն տալով՝ որ իրեն յարակից խորհրդատու յանձնախումբ մը գոյութիւն ունենայ։ Այս քայլին շնորհիւ շօշափելի հիմք մը ստեղծուած է՝ ակնկալելու համար, որ առաւել նպատակասլաց ձեւով պիտի օգտագործուին պետութեան կողմէ Պէյքոզին փոխանցուած միջոցները։ Համայնքային շրջանակները կը սիրեն յուսալ, թէ թաղային խորհուրդն ու խորհրդատու յանձնախումբը պիտի ծաւալեն ներդաշնակ գործունէութիւն ու միշտ համայնքային գերագոյն շահերու հասարակաց յայտարարին վրայ հաւատարիմ պիտի մնան իրենց առաքելութեան, որմէ ծանր պատասխանատուութիւններ կը բխին միանշանակ։
Պէյքոզի խորհրդատու յանձնախումբը կը բաղկանայ համայնքային յայտնի գործիչներէ, որոնց ծաւալած գործունէութիւնը մօտէն ծանօթ է մեր ժողովուրդին ու միեւնոյն ժամանակ բոլորն ալ մեր համայնքի կարիքներուն քաջածանօթ անձնաւորութիւններ են։ Վերջին շրջաններուն կարեւոր խմորումներ կ՚ըլլան Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Հետզհետէ կը ձեւաւորուի տեսլական մը։ Անշուշտ, այս բոլորը կ՚ըլլան այնքան՝ որքան կարելի է այս պահու դրութեամբ։ Ներկայ պահուն հիմնական նախապատուութիւնը այն է, որ ամուր ենթագետին մը ձեւաւորուի առաջին քայլափոխին, ինչ որ շարունակութեան համար պիտի ըլլայ մեծագոյն երաշխիքը։
Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան տարածքը՝ որպէս եկեղեցապատկան սեփականութիւն տեղ ունեցած է 1936 թուականի յայտարարագրին վրայ։ Կառավարութեան կողմէ կատարուած մօտաւոր անցեալի բարեփոխումներուն հիման վրայ, նոր հաստատուած օրէնսդրութեան տրամադրութիւններով այդ համայնքապատկան տարածքին համար վճարուած է հատուցում։ Թէեւ նախապէս թաղային խորհուրդը դատական իշխանութիւններուն ալ դիմած էր այդ տարածքի ապասեփականացեալ հատուածի հատուցման ու մնացեալի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման համար, սակայն օրէնսդրական փոփոխութիւնը կանխած է դատավարութեան վերջանալը։ Օրէնքի գործադրութիւնը Պէյքոզի պարագային շատ բարենպաստ արդիւնք մը ունեցած է մեր համայնքին տեսակէտէ։
Վաքըֆներու վերաբերեալ օրէնսդրութեան մէջ, ապասեփականացեալ տարածքի մը կամ կալուածի մը հատուցման գումարներով տուեալ վաքըֆը պէտք է անպայման նոր կալուած մը կամ տարածք մը ձեռք բերէ։ Ուրախառիթ է վկայել, որ մեր համայնքի երկարաժամկէտ շահերուն եւ այդ օրէնսդրութեան միջեւ հակասութիւններ չեն յառաջանար։ Համայնքային շրջանակներու ընդհանուր միտքն ալ կը զարգանայ Պէյքոզի գումարով նոր կալուած մը (կամ կալուածներ) ձեռք բերելու ուղղութեամբ։ Անշուշտ, որոնումներու եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու համար անհրաժեշտ է որոշ ժամանակ մը եւ այդ տրամաբանական ժամկէտի տեւողութեան փոխանցուած գումարները Պէյքոզի թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին վրայ պիտի մնան՝ տոկոսներ բերելով։
Այժմու պայմաններով համայնքէն ներս ընդհանուր տեսլական մը, ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտ մը գոյացած է Պէյքոզի նիւթին շուրջ։ Այս երեւոյթը մեծագոյն երաշխիքն է՝ հաւաքական յաջողութիւն մը արձանագրելու եւ համայնքի միջոցաւ ապահովուած արժէքները ըստ համայնքի կարիքներուն համընդհանուր մօտեցումով, արդարօրէն բաժնելու համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ