ՃՊՈ՞Տ, ՍԼԱ՞Ք, ԹԷ ԿՈՂՄՆԱՑՈՅՑ…

Եկուր-տե՛ս, որ ուղեւորութիւնները միշտ ալ յղի են անակնկալներու։ Նիւ Եորքի մէջ, բոլորովին անսպասելիօրէն կը վերագտնեմ անձնաւորութիւն մը, որուն հետ նախորդ հանդիպումը եղած էր բոլորովին այլ միջավայրի մը մէջ։ Եւ այս մէկը, ահա՛, կը դառնայ կեցութեանս վառ եւ անմոռանալի փուլերէն մին։ Վերադարձի թռիչքին կը մտածեմ, թէ աշխարհի վրայ միակ անժամանցելին բարեկամութիւնն է՝ ո՛ւր կամ ե՛րբ որ ալ ձեռք բերուած ըլլայ…

Շողակ Յովհաննէսեան, որ այնքան սիրելի դէմք մըն է եւ իսկապէս ազնուական, Նիւ Եորքի մէջ զիս կը մէկտեղէ մաէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանի հետ, որ անվիճելի հեղինակութիւն մըն է երաժշտական աշխարհէ ներս։ Շողակ Յովհաննէսեանի հետ մեր բարեկամութիւնը խմորուած է՝ Երեւան-Պոլիս-Նիւ Եորք եռանկիւնին վրայ։ Մաէսթրօ Օրբելեանի հետ սա երկրորդ հանդիպումս է։ Առաջինը տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքէն ներս, 21 Սեպտեմբերի պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, երբ կը գտնուէր մայրաքաղաքի օփերայի գլուխը։ Այս երկրորդ հանդիպումը Մենհեթթընի մէջ է եւ ան արդէն կը գտնուի Նիւ Եորքի քաղաքային օփերային գլուխը։ Այդ ատեն նախագահական ապարանքի պարտէզի ծառերն էին, իսկ այս անգամ «Սենթրըլ փարք»ի արեւմտեան կողմի ծառաստանին ենք։ Թէեւ եղանակը նոյն աշունն է, նոյնպէս օրը ցերեկով, բայց, տարբեր են քաղաքները, ցամաքամասերը, նաեւ պաշտօնը՝ որքան որ ալ նոյն անձը ըլլայ, նաեւ նոյն արուեստագէտը։ Անակնկալի ու զուգադիպութեան տարուբերումին մէջն եմ։ Նիւ Եորք երթալու ատեն, անշուշտ, գիտէի, որ մաէսթրոն այնտեղ է եւ այդ փայլուն դիրքին հասած, սակայն, չէի կրնար ենթադրել, թէ հանդիպման հնարաւորութիւն պիտի ունենայի։ Այդ տարուբերումը թէ՛ ստեղծեց եւ թէ հարթեց Շողակ Յովհաննէսեանը։

*

Ուրեմն, մենք երեքով իսկապէս անմոռանալի պահեր ապրեցանք՝ քանի զրոյցը շատ բովանդակալից էր։ Մաէսթրօ Օրբելեանի հետ շփումը բացառիկ էր, նաեւ երանգաւորուեցաւ այն առումով, որ տեսակցութիւնը կ՚ընթանար հարազատ բարեկամուհիի մը ներկայութեամբ։ Օրբելեանի պատկերը մտքիս մէջ կ՚ամբողջանար, որովհետեւ մէկ կողմէ իր հետ կը զրուցէի՝ որպէս արուեստագէտ, միւս կողմէ աչքիս առջեւն է, թէ ան՝ որպէս անհատ, ինչպէ՞ս կը վերաբերուէր իր բարեկամուհիին հետ, ի՛նչ աստիճանի մարդկային նրբանկատութեան մը հասած էր… Վերջին հաշուով, երկուքս ալ կը զգայինք, թէ Շողակ Յովհաննէսեանը այնտեղ պարզ միջնորդ մը չէր, այլ իր հաղորդակցութեան կարողութիւններով կը լուծէր մեր երկուքին՝ իրարու հասանելիութեան հարցը։

Թէեւ իսկապէս դժուար է այսպիսի խտացեալ ապրումներու պահերը ամփոփել, բայց, փորձենք ներկայացնել մեր զրոյցի սղագրութիւնը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 2

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024