«ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ»Ի ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ
Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած եւ առեղծուածային ձեւով Հայաստանի մէջ յայտնուած իւղանկարի հարցին շուրջ արձագանգները կը շարունակուին։ Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, այս խնդրին շուրջ երկրի պատկան մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած հարցաքննութիւնը կարճուած է ու որոշուած՝ այդ իւղանկարը վերադարձնել Հայաստանի նոր «տիրոջ», որու անունն է Ժորա (մականունը, ազգանունը մեզի կը մնայ անյայտ)։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քանի մը տարի առաջ այս հարցը ներկայացուցած էր Հայաստանի ոստիկանութեան ուշադրութեան։ Երկարաշունչ հետաքննութեան ծիրէն ներս ոստիկանութիւնը այդ հարցին հետապնդումը փոխանցած էր Քննչական կոմիտէին։ Պաշտօնական մարմիններու երկար լռութենէն վերջ վերջերս այս խնդիրը Հայաստանի մէջ օրակարգի վրայ բերին կարգ մը շրջանակներ, որոնց նպատակն էր խնդրին պատասխանատուութիւնը վերագրել Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Այս զրպարտութեան փորձը միեւնոյն ժամանակ տեղի տուաւ Պատրիարքական Աթոռի հակազդեցութեան եւ ստեղծուած բանավէճի մթնոլորտին մէջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը ակամայ լարուեցաւ պաշտօնական մարմիններուն վրայ։ Երկար լռութիւն պահած պատկան իշխանութիւնները այդ բանավէճի մթնոլորտին մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն փոխանցեցին որոշ տեղեկութիւններ։ Այդ ամբողջին մէջ նշուած էր նաեւ, որ Ռուսաստանէն մասնագէտներ կը քննեն նիւթը ու կը սպասուի անոնց պատասխանին։ Պաշտօնական մարմինները ընդգծած էին նաեւ, որ հետաքննութեան ծիրէն ներս Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ունկնդրուած էր որպէս վկայ։ Այսինքն, այդ ակնարկութիւնները կը վերաբերէին Նորին Սրբազնութեան վերագրուած մեղադրանքներուն կամ զրպարտութիւններուն։ Պաշտօնական մարմիններու սոյն տեղեկութիւններուն զուգահեռ դարձեալ սկսած էր սպասողական շրջան մը։ Ամանորէն շատ կարճ ժամանակ առաջ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտան այս նիւթին վերաբերեալ նոր տուեալներ, որոնք հետզհետէ գտած են լայն տարածում։ Երկրի լրատուամիջոցներն ալ սկսած են հետզհետէ աւելի անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել այս նիւթին նկատմամբ։ Արդարեւ, պատկան մարմինները որոշած են այդ իւղանկարը վերադարձնել Հայաստանի նոր «տիրոջ»։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի տնօրինութեամբ կատարուած է այս կարգադրութիւնը։ Այն տուեալները, որոնք կը գտնուին շրջանառութեան մէջ՝ յստակօրէն չեն պարզաբաներ, որ արդեօք որոշումը տրուած է Ռուսաստանէ՞ն փոխանցուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, թէ ոչ զուտ հայկական մասնագէտներու խորհուրդները բաւարար համարուած են։ Կայ նաեւ ուրիշ պղտոր հանգամանք մը։ Այսպէս, նախապէս կատարուած հաղորդումներուն մէջ տպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ այդ իւղանկարը մասնագիտական ուսումնասիրութեան համար ուղարկուած է Ռուսաստան։ Հետեւաբար, այժմ յառաջացած է այս հանգամանքը վերապարզաբանելու անհրաժեշտութիւնը։ Այսինքն, այդ իւղանկա՞րը ուղարկուած էր Ռուսաստան, թէ ոչ ուղղակի անոր մասին տուեալները փոխանցուած էին այնտեղ։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի տնօրինութեամբ արդէն կարճուած է սոյն հետաքննութիւնը։ Պատկան մարմինները «Եպիսկոպոս» պայմանական անունը տուած են այդ իւղանկարին։ Ըստ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ շրջանառութեան մէջ մտած մանրամասնութիւններուն, այս գեղանկարի ներկայ նիւթերու փորձանմոյշներու պարագային ստուգուած է, որ կը բացակային «ֆթալաթ» պարունակող կամ այդ բնոյթով նիւթեր։ Ծանօթ է, որ այդ մէկը կ՚օգտագործուի զանազան նիւթերու ճկունութիւնը ապահովելու համար։ «Ֆթալաթ»ի բացակայութիւնը, ըստ մամուլին փոխանցուած տուեալներուն, կը նշանակէ՝ որ ուսումնասիրուած ներկայ նիւթերը պատրաստուած են մինչեւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսը։ Իւղանկարի կտաւի հէնքի եւ թեզանի կազմին շուրջ ալ տարուած է աշխատանք։ Այսպէս, բնական վուշէ անգոյն մանրաթելերու գոյութիւնը ստուգուած է, ինչ որ կը համապատասխանէ «Եպիսկոպոս» պայմանական անունով գեղանկարի ստեղծման ժամանակաշրջանին։ Փորձագէտները կը մատնանշեն, որ խնդրոյ առարկայ իւղանկարը հաւանաբար ստեղծագործուած ըլլայ Յովհաննէս Այվազովսքիի կողմէ։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն սոյն հետաքննութիւնը կարճելու որոշման հիմնաւորումներուն մէջ նկատի առած է նաեւ, որ այդ իւղանկարը ունի գեղարուեստական արժէք։ Այդ մէկը բնօրինակ մըն է՝ 134.5x80.5 սանթիմեթր չափերով։ Գործը դիմանկար մըն է, 19-րդ դարավերջին բնորոշ իրապաշտ ոճով կատարուած աշխատանք մը։ Իւղանկարը ստեղծագործուած է 19-րդ դարավերջին՝ ենթադրաբար Ռուսաստանի մէջ։
Քննութեան արդիւնքով ձեռք բերուած վերոյիշեալ ապացոյցներուն լոյսին տակ պատկան մարմինները հասած են գնահատականի մը՝ թոյլատրելիութեան, վերաբերելիութեան, իսկ ամբողջ ապացոյցները իրենց համակցութեան մէջ՝ գործի լուծման համար բաւարարութեան տեսակէտէ։ Ձեռք չեն բերուած փաստական տուեալներ, թէ այդ մէկը 2005 թուականին Պոլսոյ Պատրիարքարանէն անհետացած նկարիչ Արամ Խաչատուրեանի հեղինակած նկարն է։ Այլ ապացոյցներ ձեռք բերուած են, թէ այս իւղանկարը սեփականատիրոջ կողմէ ապահովուած է 1971 թուականին Խրիմի մէջ։ Այս պայմաններուն ներքեւ կը բացակայի խարդախութեամբ առանձնապէս խոշոր քանակութեամբ գումար յափշտակելու փորձ մը կատարած ըլլալու յանցագործութեան դէպքը։
Այս վերջին իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ հետեւած են նաեւ Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրները։ Գումգաբուի մէջ վերջին իրադարձութիւնները ցաւ յառաջացուցած են ու կը համարուին որոշ չափով անհասկնալի։ Խնդրայարոյց հանգամանքներէն մին հետեւեալն է. այս խնդիրը Հայաստանի պատկան մարմիններու նկատառման յանձնուած է ուղղակիօրէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Հետեւաբար, հետաքննութեան արդիւնքին շուրջ պէտք է պաշտօնապէս տեղեակ պահուէր Պատրիարքարանը, ինչ որ չէ եղած։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տարակարծութիւն կը յայտնեն նաեւ երկրորդ հիմնական կէտի մը շուրջ։ Այսպէս, Աթոռի հաւաքածոյէն անհետացած իւղանկարը տեղ գտած է զանազան գիրքերու եւ արձանագրութիւններու մէջ եւ Հայաստանի մէջ յայտնուած գեղանկարին կը համապատասխանէ։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքարանի հաւաքածոյէն անհետացած գործը չունի ուրիշ օրինակ մը եւ զայն ցայսօր չէ գտնուած կամ չէ վերադարձուած՝ Պատրիարքարանի շրջանակները բաւարարուած ըլլալ չեն թուիր այս վերջին տուեալներով։ Հարկ է յիշեցնել, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Հայաստանի մէջ տեսակցած է իւղանկարի նոր «տիրոջ» հետ եւ ան իրեն յայտնած է, թէ իր մօտ գոյութիւն ունին նաեւ նմանօրինակ ուրիշ իւղանկարներ։ Նորին Սրբազնութիւնը համոզուելու համար փափաք յայտնած է տեսնել այդ գործերը, սակայն ենթական ցայսօր այդպէս ալ չէ կրցած ցոյց տալ այդ միւս նմանօրինակ գործերը, ինչ որ ներկայիս պատճառ կը դառնայ, որ Պատրիարքարանը յամառի իր տեսակէտներուն վրայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ