Անշեղ առանցք
«Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ այս օրերուն կազմակերպուած քննարկումները ունին շատ հետաքրքրական բնոյթ։ Հայկական մշակութային արժէքները կը գտնուին աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։ Ի տարբերութիւն ճարտարապետական ժառանգութեան յուշակոթողներէն, մնացեալի պահպանութեան համար ներկայիս կան անհրաժեշտութիւններ։ Արդի աշխարհի պայմաններով, գրեթէ կորստեան դատապարտուած են այն բոլոր արժէքները, որոնք համացանցային միջավայրի մէջ շրջանառութեան մէջ չեն դրուիր։ Ուստի, հայկական արժէքներու պարագային թուայնացման ծրագրերը ունին կենսական նշանակութիւն։ Անոնց պահպանման ու ճանաչելիութեան առընթեր թուայնացումը եւ համացանցային միջավայրի մէջ համախմբումը կրնայ ապահովել նաեւ ֆիզիքական հեռաւորութեան հետեւանքներու յաղթահարումը։ Հայկական մշակութային արժէքները կը ներկայացնեն ամբողջ մը՝ որքան որ ալ գտնուին իրարմէ հեռու, որքան որ ալ արտադրուած ըլլան տարբեր միջավայրերու մէջ ու նոյնիսկ երբեմն տարբեր մշակոյթներու ազդեցութիւնով կամ ներշնչանքով։ Աշխարհով մէկ սփռուած ժողովուրդի մը ժառանգութիւնը չի կրնար սահմանափակ աշխարհագրական տարածութեան մը մէջ խտացած ըլլալ։ Հետեւաբար, հին ձեռագրերէ սկսեալ մինչեւ գիրքերն ու շարժանկարի ժապաւէնները՝ մեր մշակութային արժէքներու թուայնացումը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Այս գործին ծանր պատասխանատուութիւնը ներկայիս կը վիճակի Հայաստանի կամ սփիւռքի գիտամշակութային յառաջատար օճախներուն։ Անոնց շարքին կը գտնը-ւին Հայաստանի Ազգային գրադարանը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը։ Այս պատճառով, անոնց ներկայացուցիչները ողջունելի հիւրեր են Իսթանպուլի մէջ, մեր համայնքին տեսակէտէ։
Հայ ժողովուրդը համախմբող անշեղ առանցքը կը մնայ մեր մշակոյթը։ Ու մեր ժամանակներուն մէջ մեր մշակոյթի ձգողական ուժի երաշխաւորման տեսակէտէ անհրաժեշտ է անոր վերաբերեալ բոլոր արժէքներուն հնարաւոր առաւելագոյն ներկայութիւնը համացանցային միջավայրի մէջ։ Հետեւաբար թուայնացման ծրագրերը, որոք «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կողմէ հրաւիրուած հիւրերուն կողմէ կ՚արծարծուին, կ՚առընչուին ուղղակիօրէն մեր մշակոյթի եւ ինքնութեան ապագային հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ