Ազգ ըլլալու առաքինութիւնը
«Սա առաջին խումբն է, որու հետ կը ճաշեմ», ըսաւ երէկ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչները հիւրընկալելու ժամանակ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը։ Իսկապէս բծախնդիր հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր մեր մամլոյ սպասաւորներուն համար։ Արարողակարգը նրբանկատ էր, սակայն, մթնոլորտն ալ անմիջական։ Ճնշող կացութիւն մը չկար եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը սրտբաց յայտարարութիւններ ըրաւ իր գահակալութեան շրջանի սկզբնական փուլին։ Անշուշտ տակաւին ամէն ինչի համար շատ կանուխ է, սակայն երէկուան զրոյցը թէ՛ շատ հաճելի էր եւ թէ շատ օգտակար։ Երկար ժամանակ վերջ հնարաւորութիւն ունեցանք Աթոռի առաջին դէմքին հետ զրուցել անցումային շրջանի բնորոշ պայմաններէ դուրս։ Իսկ հանդիպման ձեւաչափը թէկուզ ըլլար աննախընթաց։ Նորին Ամենապատուութիւնը ճաշասեղանի մը շուրջ համախմբեց մեր մամուլի սպասաւորները։ Սա Պատրիարքարանի երդիքին տակ կազմակերպուած եզակի ճաշկերոյթ մըն էր։ Նախաձեռնութիւնը իսկապէս արդարացաւ թէ՛ մթնոլորտի ջերմութեան եւ թէ ծաւալուած քննարկումներու խտութեան տեսակէտէ։
«Նոր շրջան մըն է մեզի համար։ Սա ունի իր իւրայատուկ դժուարութիւնները, նաեւ ունինք առաւելութիւն մը։ Տասներկու տարի պատրիարք չունեցանք եւ այս ժամանակաշրջանին բոլորին համար աւելի հասկնալի դարձաւ պատրիարքի մը արժէքը։ Բոլորին համար հասկնալի դարձաւ, որ պէտք չէ այդ պատրիարքին հոգին հանել», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին։ Ճաշասեղանի շուրջ լրագրողներն ալ բաժակ բարձրացուցին իր արեւշատութեան համար։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մի առ մի լսեց համայնքային մամուլի օրկաններու գլխաւոր խմբագիրներու դիտարկումներն ու մօտեցումները։ Իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունեցաւ բացատրելու, թէ համայնքային կեանքի ընդհանուր ընթացքը ինչպէս կը դիտարկեն, իրենց գլխաւորած լրատուամիջոցը ինչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ ինչպէս ապագայ մը կ՚ակնկալէ։ Բնականաբար թէ՛ նմանութիւններ եւ թէ տարբերութիւններ կային խմբագիրներու կողմէ մատնանշուած կէտերուն մէջ։
Իւրաքանչիւրը լսելէ վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ըսաւ. «Ես աւելի մեծ պատկերի մը համար կանչած եմ ձեզ»։
Ան ներկայիս մեծ թափով գործի լծուած է թրքահայ համայնքի տեսանելի ապագան երկարաձգելու նպատակով։ Նորընտիր գահակալը կը ձգտի ապագայ 50-60 տարիները այժմէն ծրագրաւորել եւ համապատասխան պատրաստութիւններ տեսնել։ Եթէ այսպիսի մօտեցում մը չցուցաբերուի, պիտի դանդաղի թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ մեր բոլոր հաստատութիւններու ընդհանուր ընթացքը։ Հակառակ իրենց հետապնդած բարի նպատակներուն, մեր բոլոր հաստատութիւնները յաճախ առանձին կը մնան՝ ներառեալ Պատրիարքարանը։ Ըստ իրեն, առանձին մնալու այդ խնդիրը կը դիմագրաւեն բոլորը։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդհանուր կեդրոնացումի մը անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, որպէսզի մեր համայնքին մէջ որեւէ հաստատութիւն առանձին չմնայ կամ առանձին չզգայ։ Հետեւաբար, այս նոր շրջանի սկիզբին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համայնքային մամուլի առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնն ալ վերամեկնաբանելու հակուած է այս տեսանկիւնէն։ «Այս նոր շրջանին մամուլը ի՞նչ պիտի ընէ, ի՞նչ տեղ պիտի ունենայ», հարց կու տայ ան ու կը մատնանշէ, որ թրքահայութիւնը այսօր հարստութեան մէջ չքաւորութիւն կ՚ապրի։ «Նոյնպէս այդ հարուստ թաղեր կոչուածները վախի վրայ նստած են այսօր», դիտել կու տայ Նորին Ամենապատուութիւնը՝ բիւրեղացնելով, որ առանձին մնալու մտահոգութիւնը համատարած դարձած է մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընդհանուր տրամաբանութիւնը այն է, որ եթէ մեր հաստատութիւնները այդ առանձին մնալու հոգեվիճակէն, մտահոգութենէն փրկուին, ապա հնարաւոր պիտի դառնայ թեթեւցնել մեր ժողովուրդին վիճակած բեռը՝ անոնց կողմէ մատուցուած ծառայութիւններէն օգտուելու ճանապարհին։
«Ինչպէ՞ս տէր դառնանք մեր դրամին, ինչպէ՞ս միացնենք մեր միջոցները։ Այսօր դրամ ունինք, սակայն խնդիրներ կը ծագին։ Դրամի գոյութիւնը չի նշանակեր, որ բոլորը ազատօրէն, քմահաճօրէն կրնան օգտուիլ անկէ։ Կեդրոնացումի մը պէտք ունինք։ Պէտք է կեդրոնացեալ նպատակներ որդեգրենք, պէտք է կեդրոնացեալ միջոցներէ օգտուինք եւ այդ բոլորը ընելու ժամանակ հաշուետու պէտք է ըլլանք համայնքին առջեւ։ Այսպիսի լուծի մը տակ պէտք է մտնենք», համոզուած է Նորին Ամենապատուութիւնը, որու պատկերացումներով համայնքային մամուլը պէտք է վայելէ աջակցութիւն, մինչ մեր դպրոցներու արդիւնաւէտութիւնն ալ պէտք է բարձրանայ։
Այս բոլորի լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կ՚ակնկալէ մեր հաստատութիւններու վարչայիններուն միջեւ ներդաշնակութիւնը։ Իր պատկերացումներով, հոգեւոր պետին վիճակած դերն ալ յստակ է. ան պէտք է ըլլայ արդարութեան ձայնը եւ ան պէտք է ըլլայ յանուն անհրաժեշտութեան ձայն բարձրացնողը։
Թէկուզ շատերու համար վերացական ըլլալ թուին այս բոլորը։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սահակ Պատրիարքն ալ խոստովանեցաւ այդ բանը։ Յամենայնդէպս, ան վճռած է անպայման փորձել՝ հասնելու համար այդ իտէալական վիճակին։ Եւ իր համարձակութեան, լաւատեսութեան ու եռանդին աղբիւրը ան կը հիմնաւորէ խոր փիլիսոփայութիւնով մը. «Ազգ ըլլալու առաքինութիւնը»։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ բազմած 85-րդ գահակալը առաքելութեան ճանապարհը բռնած է՝ ապաւինելով իր ժողովուրդի հասունութեան եւ նոր ապագայ մը կերտելու կամքին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ