ՆԱԽԱԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր արդէն կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երէկ գիշեր ան Իսթանպուլէն անցնելով մեկնած է Երեւան։ Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երկու շաբաթ առաջ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնած էր, որ շուտով կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Եւ ահա, այս առաւօտեան դրութեամբ արդէն սկսած է այս սպասուած այցելութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղապատ ընտրուելէ վերջ առաջին անգամ մեկնած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։
Նախքան իր Քէօլնէն հրաժեշտ առնելը, երէկ երեկոյեան, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Այս օրերուն ան կը հիւրընկալուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ընտրեալ-տեղապահը մեզի յայտնեց, որ Նորին Սրբութեան հետ պիտի խորհրդակցին Պոլսոյ Աթոռի շուրջ ստեղծուած տագնապին եւ առկայ փակուղիի վերջին կացութեան շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի միջեւ այս օրերուն ծաւալուելիք քննարկումները, ըստ երեւոյթին, ունին նախախորհրդակցութեան մը բնոյթը։ Արդարեւ, Մայիսի 16-ին նախատեսուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ընթացքին ալ օրակարգի վրայ պիտի գան Պոլսոյ Պատրիարքութեան վերաբերեալ հարցերը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ԳՀԽ-ի այս մօտալուտ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի Թեմի հիւրընկալմամբ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան 15 Մայիսին Վեհափառ Հայրապետին հետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի մեկնի Մոսկուա։ Ընտրեալ-տեղապահը ժողովներուն մասնակցելէ վերջ՝ Մոսկուայէն հրաժեշտ պիտի առնէ 19 Մայիսին ուղղակիօրէն վերադառնալու համար Քէօլն՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմը։ Ուրեմն, մինչեւ ԳՀԽ-ի Մոսկուայի նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրապետը եւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը խորհրդակցին անմիջական ձեւաչափով, ինչ որ ժողովի ընթացքին ծաւալուելիք քննարկումներուն ենթագետինն ալ կը պատրաստէ բնականաբար։
Երէկուան մեր հեռախօսազրոյցին ժամանակ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին հարց տուինք նաեւ իրեն հասած վերջին լուրերուն շուրջ՝ մանաւանդ, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին հետ Իսթանպուլէն բաժնուելէ առաջ ունեցած էր հանդիպում մը, Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) համակարգման խորհուրդի ձեւաչափին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու խոստացած էր յաւելեալ ջանքեր գործադրել՝ պատրիարքական ընտրութեան փակուղիի յաղթահարման համար։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց, որ տակաւին չկան իրեն հասած նոր լուրեր եւ ինք կը սպասէ կատարուելիք կարգադրութիւններու արդիւնքին։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ Պետրոս Շիրինօղլու կը յարգէ իր խոստումը եւ հնարաւոր անհրաժեշտը կ՚ընէ լուծման մը հասնելու նպատակով։ Իր խօսքերով, պետութեան զգայնութիւնները անտեսելու ուղղեալ տրամադրութիւն մը երբեք չունի, սակայն ներկայիս օրինապէս ի՛նքն է Պատրիարքական Աթոռին գլուխը։
Մինչ այդ, ընտրեալ-տեղապահը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ աշխատանք կը տանի նաեւ՝ յառաջիկայ ամիս Մայր Աթոռի մէջ կայանալիք Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին Պոլսոյ Աթոռին անունով մասնակցելիք հոգեւորական ու աշխարհական ներկայացուցիչներուն կազմը ճշդելու ուղղութեամբ։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այս սպասման մթնոլորտին մէջ՝ երէկ կարծիքը շօշափեցինք նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Վաքըֆներու շաբթուան սկիզբին առթիւ անցեալ Երկուշաբթի ան մասնակցած է «Հալիչ» համագումարներու կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ։ «Բազմամարդ հաւաքոյթ մըն էր, հնարաւոր չեղաւ որեւէ ձեւով շփուիլ պարոն նախագահին հետ։ Արդէն գրաւոր դիմում մը կատարած ենք ժամադրութեան համար՝ կը սպասենք արդիւնքին», ըսաւ ան։ Միեւնոյն ժամանակ Պետրոս Շիրինօղլու փոխանցեց այլ մանրամասնութիւններ՝ իր անպաշտօն լսումներուն հիման վրայ։ Այսպէս, վերոյիշեալ ձեռնարկի ընթացքին, Էրտողան կարճ միջոց մը առանձնացած է՝ փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի, Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ։ «Անպաշտօն ձեւով լսումներ կը հասնին, թէ այդ սեղմ շրջանակին մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ ամփոփ ձեւով քննարկուած են մեր հարցերը։ Հաւանական է, որ մինչեւ ամսավերջ կարգադրութիւն մը կամ տնօրինութիւն մը կատարուի, սակայն վերջնական, ստոյգ տուեալներ առայժմ չունինք, պիտի սպասենք ու տեսնենք», ըսաւ Շիրինօղլու։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ԼՍՈՒՄՆԵՐ
Միւս կողմէ, Գումգաբուի շրջանակներէն անպաշտօն ձեւով տեղեկացանք, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ներկայիս՝ 16 Ապրիլի հանրաքուէին յաջորդած մթնոլորտին մէջ վերստին թափ տուած է իր ջանքերուն՝ որպէսզի տեղաշարժ մը ապահովէ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Ըստ նոյն լսումներուն, տակաւին որեւէ բան չէ հասունցած՝ որպէսզի Պատրիարքարանը պաշտօնապէս յայտարարութիւն մը ընէ մեր համայնքին համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ