ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Թէ՛ միջազգային հանրութիւնը եւ թէ հայկական հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին ընտրութիւններու վերաբերեալ կանխատեսումներուն։ Երկու հաւանականութեան պարագային ի՞նչ հեռանկար կրնայ ստեղծուիլ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին առջեւ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ նախագահ Էրտողան վերընտրուի եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ պետութեան ղեկը ստանձնէ Քըլըչտարօղլու։ Կան մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց ընդդիմադիր թեկնածուի ընտրուելով կրնայ թուլանալ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, կրնայ ուժեղանալ ՆԱԹՕ-ի գործօնը, ինչ որ կրնայ սահմանափակել Թուրքիոյ դերը տարածաշրջանէն ներս։ Անշուշտ, այն ինչ, որ կ՚երեւի դուրսի աչքով, կրնայ միշտ չհամապատասխանել ներքին իրականութեան ի շարունակութիւն ծնունդ առնելիք վարկածներուն, սակայն, առարկայական տուեալը այն է, որ այս պահուն կը քննարկուին նման հարցեր կամ կան այսպիսի ենթադրութիւններ։

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը վերջին աւելի քան երեսուն տարիներուն ընթացքին միշտ գտնուած է օրակարգի վրայ։ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ այս ժամանակաշրջանին երբեք կարելի չէ եղած ապահովել բեկում մը՝ թէկուզ ատեն-ատեն այդ պահը թուած է ըլլալ շատ հասունցած։ Հայկական օրակարգին վրայ սա եղած է շատ հրատապ նիւթ մը, իսկ թրքական օրակարգին վրայ առաջնահերթութիւնը փոխադարձ ձեւով չէ եղած, սակայն նաեւ չէ ստորագնահատուած։ Այժմու ընտրութիւններուն ընդառաջ ալ հայկական հանրային կարծիքի հետաքրքրութեան առարկայ է այն հարցումը, թէ արդիւնքը կրնա՞յ ազդել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման այս նոր գործընթացին վրայ։ Անշուշտ, դժուար է միանշանակ պատասխան մը տալ, ուստի պէտք է կշիռքի վրայ դրուին շատ մը գործօններ։

Ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան կարգ մը նուրբ խնդիրներու պարագային Թուրքիոյ մէջ կայ պետականօրէն որդեգրուած քաղաքականութիւն մը։ Այդ քաղաքականութիւնը կը խմորուի պետական լծակներու կողմէ, մանրակրկիտ կը չափուի, կը կշռուի ու գործադրութեան կը դրուի։ Այդ գիծը տուեալ հարցի պարագային կը ճշդէ սահմանումները, թէկուզ լռելեայն նշելով նաեւ կարմիր գիծեր։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Թուրքիոյ տեսակէտէ այսպիսի հարցերու շարքին է։ Ուստի, հաւանական իշխանափոխութիւններու պարագային քաղաքականութեան արմատական փոփոխութիւններ կամ մեծ տարբերութիւններ կարելի չէ ակնկալել։

Սա չի նշանակեր, որ տուեալ պահու ղեկավարութեան քաղաքական կամքը, իշխանութեան դիրքորոշումը որեւէ ազդեցութիւն չ՚ունենար։ Բնականաբար, այդպէս չէ։ Իւրաքանչիւր իշխանութիւն տուեալ պետական գիծը յառաջ կը տանի իր ոճով, իր խօսոյթով, իր աշխարհահայեացքով եւ իր ընտրազանգուածին առաւել մատչելի մատուցելիք ձեւով։ Ուստի, հաւանական իշխանափոխութեան պարագային Հայաստանի նկատմամբ որդեգրուած Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ չեն բացառուիր երանգաւորումներ, կրնան ոճի փոփոխութիւններ ըլլալ, կամ նոր մթնոլորտ մը կրնայ ստեղծուիլ, սակայն այս բոլորը, վերջին հաշուով, թրքական կողմը չեն շեղեցներ իր հիմնական նպատակներու ճանապարհէն։ Չմոռնանք նաեւ, որ հայկական հարցը Թուրքիոյ մէջ ունի հասարակութեան ամենատարբեր բեւեռները միացնող բնոյթ մը։ Ազգային համախմբման գործօն մըն է այս հարցը Թուրքիոյ տեսակէտէ՝ քանի հասարակաց թշնամիի կերպարը կամ ազդակը նոյնիսկ շատ լարուած իրավիճակներու մէջ կը նպաստեն պահ մը բոլորը հասարակաց յայտարարի մը վրայ ի մի բերելու։

Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած քաղաքական ճամբարը իշխանութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին բուռն ձեւով քննադատուած, շատ վերապահ վերաբերմունքի ենթարկուած է քեմալական ճակատին կողմէ։ Այդքանով հանդերձ, հայկական հարցի պարագային տարակարծութիւններ կամ հակադրութիւններ գրեթէ չեն եղած։ Նախագահ Էրտողան, իրականութեան մէջ, հայկական հարցի կտրուածքով առած է աննախընթաց քայլեր։ Ան սկսած է 24 Ապրիլի առթիւ պատգամներ հրապարակել տարիներէ ի վեր։ Եթէ մինչեւ այդ պահը Թուրքիոյ մէջ ընթացիկ թուական մըն էր այդ մէկը, ապա նախագահ Էրտողանի այդ նախաձեռնութիւնով ստացաւ այլ բնոյթ մը։ Թրքական կողմը առաջին ան-գամ հայկական կողմի յղման կէտին համապատասխան, անոր ընդառաջ քայլ մը առաւ։ Դժբախտաբար, կողմերը իրարու այնքան անհաղորդ են, որ այդ քայլը հայկական կողմէն չունեցաւ արձագանգ, դիպուկ ձեւով չարժեւորուեցաւ ու թաղուեցաւ կաղապարներով պայմանաւորուած կարծրատիպերու, համապատասխան խօսոյթներու մէջ։ Անշուշտ, նման երեւոյթներ կրնան թուարկուիլ նաեւ հայկական կողմէն։ Բայց եւ այնպէս, երբ հարցը կը փորձենք դիտարկել Թուրքիոյ տեսանկիւնէն, ապա, պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի նման՝ մեծ յուսախաբութիւններ խնդրոյ առարկայ են։ Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Թուրքիա ներուժին եւ աշխարհագրական դիրքին բերումով գրեթէ չի տուժեր այդ յուսախաբութիւններէն, իսկ Հայաստան հասած է ճիշդ հակառակ վիճակի մը, երբ գոյութենական վտանգներ կը դիմագրաւէ ներկայիս։

Եթէ հայ իրականութեան պարագային պատմական հարցերն ու միջպետական յարաբերութիւններու բնականոնացումը յարաբերաբար աւելի տարանջատուած կը մեկնաբանուին, ապա Թուրքիոյ պարագային այդ բոլորը նոյն ամբողջին մաս կը կազմեն։

Այժմ, 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած՝ Հայաստանի տեսակէտէ սարսափելի իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նոր գործընթաց մը կ՚ընթանայ։ Այս գործընթացը չէր կրնար սկսիլ, եթէ նախագահ Էրտողանի ամուր քաղաքական կամքը չըլլար։ Հայ իրականութեան կողմէ սա շատ լուրջ պահ մըն է։ Բոլորը պէտք է հասկնան, որ ցեղասպանութեան ճանաչման, պատմական արդարութեան հետամուտ ըլլալով՝ հայաշխարհը այնպիսի ճանապարհի մը հետեւած է, որ ինքզինքին համար նոր ցեղասպանութեան մը ռիսքը ստեղծած է։ Նոյնը կը վերաբերի Արցախի հիմնախնդրին։ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքին հետամուտ պետական քաղաքականութիւն մը որդեգրելէ վերջ՝ Հայաստան այնպիսի վիճակի մը մէջ յայտնուած է, որ գործնականօրէն կտրուած է Արցախէն, չի կրնար երաշխաւորել Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը եւ աւելին՝ սեփական ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգուած է։

Այս բոլոր իրողութիւնները առարկայականօրէն, պաղարիւն ձեւով արժեւորելէ վերջ պէտք է դիրքաւորուիլ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման այժմու գործընթացին նկատմամբ։ Թրքական կողմին ներքին քաղաքական գործօններուն կամ հաւանականութիւններուն վրայ կեդրոնանալը հայկական կողմին այդքան ալ մեծ բան պիտի չապահովէ։ Այս գործընթացին մէջ Հայաստանի խաղաքարտերը այնքան սահմանափակ են, որ Թուրքիոյ ընտրութիւններու ելքին վերաբերեալ վարկածներու հաշուարկը կրնայ ոչինչ տալ։

Աւելի քան երեսուն տարի առաջ, երբ Հայաստան կը վերագտնէր իր անկախութիւնը, Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուէր համախոհական կառավարութիւն մը, որու կազմին մէջ էր այսօրուան գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ այդ ժամանակուան անուանումով։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ շատ աւելի ընդգծեալ քեմալական շեշտադրումներով քաղաքականութեան մը հետամուտ էին այդ օրուան իշխանութիւնները, որոնք սահմանեցին Հայաստանի նկատմամբ քաղաքականութիւնը, Հարաւային Կովկասի պարագային երկրի առաջնահերթութիւնները։ Այդ հիման վրայ զարգացաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը եւ այդ հիման վրայ Հայաստանը երեսուն տարի շրջափակման մէջ մնաց եւ ի վերջոյ նոյնպէս այդ հիման վրայ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ ապրուածները տեղի ունեցան ու եկանք հասանք մինչեւ Շուշիի հռչակագիրը։

Ինչ որ ալ ըլլայ առերեւոյթ տպաւորութիւնը, եթէ Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններուն արդիւնքով ընդդիմութիւնը յաղթէ, ապա երկրէն ներս շատ աւելի ազգայնական մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի՝ նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն բաղդատմամբ։ Կը մնայ որոշել, թէ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ նպաստաւոր կ՚ըլլայ աւելի՞ ազգայնական իշխանութիւն մը, կամ այժմու իշխանութիւնը։ Անշուշտ, ժողովուրդի կողմնորոշման վրայ այս նիւթը որեւէ ազդեցութիւն չ՚ունենար, բայց եւ այնպէս, եթէ հայկական հանրային կարծիքը հակուած է այս գործօնները անպայման հաշուի առնել, ապա անկարելի է անուշադրութեան մատնել սոյն ծալքերը։

Տեսականօրէն եւ տեսանելի ապագային Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ընծայուած աջակցութիւնը թուլանալու հաւանականութիւն գրեթէ չունի՝ քանի երկու երկիրներու շահերը անդառնալիօրէն նոյնացած են եւ միջազգային բոլոր յառաջատար դերակատարները կը վայելեն այդ համագործակցութեան պտուղները։ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին համար պիտի ուժեղանայ, պիտի շարունակէ ուժեղանալ այնքան ատեն, որ կան համատեղ շահեր։ Հայաստանին վիճակած ամբողջ դժուարութիւնը այն է, որ ձեւ մը պէտք է գտնէ, որպէսզի Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորացումը դադրի ի վնաս իրեն աշխատելէ։ Սա թէեւ առաջին հայեացքով կրնայ շատ վերացական թուիլ, սակայն, տարածաշրջանի պայմաններն ու աշխարհագրութիւնը պարզ են բոլորին։

Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը դժուար թէ արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուի երրորդ երկիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու կամ համաշխարհային դերակատարներու ազդեցութեամբ։ Ճիշդ է, որ նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն Թուրքիա հետզհետէ աւելի ինքնուրոյն միջազգային դերակատար մը կը դառնայ։ Եթէ ընդդիմադիր թեկնածուն յաջորդէ իրեն, ի վերջոյ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը յառաջ մղել պիտի շարունակէ Էրտողանի թողած կէտէն սկսեալ՝ համապատասխան ներուժով եւ հնարաւորութիւններով։ Ընդդիմադիր թեկնածուն ալ, եթէ ստանձնէ երկրին ղեկը, պիտի չուզէ տկարացնել երկրի արտաքին քաղաքական դիրքերը։ Բնականաբար, երբեք չեն բացառուիր ձախողումները թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան պարագային, սակայն, Հայաստան այսօր այնպիսի վիճակի մը մատնուած է, որ Թուրքիա դժուար թէ որոշ հաւանական ձախողումներ դիմագրաւելու ժամանակ պարտաւորուի փոփոխութեան ենթարկել քաղաքականութիւնը անոր նկատմամբ։

Նոյնիսկ եթէ Հարաւային Կովկասէ ներս ՆԱԹՕ-ի գործօնը զօրանայ, սա դժուար թէ թուլացնէ Թուրքիոյ դերը կամ Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի ազդեցութիւնը։ Ի վերջոյ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներէն է եւ այդ դաշինքի երկրորդ մեծ բանակը ունի։ Միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը գործէ այդ կշիռով։ Եթէ Հարաւային Կովկասի մէջ ուժեղանայ ՆԱԹՕ-ի գործօնը, ապա առաջին հերթին ո՞վ պիտի թիրախաւորուի։ Անշուշտ, Ռուսաստանն ու անոր դաշնակից Հայաստանը, որու տարածքին մէջ գոյութիւն ունի ռուսական ռազմախարիսխ մը եւ որու սահմանը Թուրքիոյ հետ կը վերահսկուի ռուսական զօրքերու կողմէ։ Տակաւին չենք խօսիր Արցախի «խաղաղապահ»ներուն մասին։ Այսինքն, Հայաստան այնքան խոցելի վիճակի մը մէջ է, որ պարտաւոր է իր ամբողջ ճիգը վատնել, որպէսզի տարածաշրջանէն ներս բոլոր անցումները ըլլան հարթ. անցումներ, որոնք իր կամքէն անկախ պիտի ընթանան, անշուշտ, բայց երկիրը այս վիճակին մէջ չի կրնար դիմադրել մեծերու բախումներէն յառաջանալիք նոյնքան մեծ ցնցումներու։

Հարաւային Կովկասի այսօրուան համայնապատկերին վրայ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը կրնայ տեղ մը հասնիլ, եթէ երկու երկիրները տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւններու մէջ իրենց դիրքերը եւ նպատակները իրատեսօրէն բանաձեւեն։ Մնացեալ գործօնները, նոյնիսկ իշխանափոխութիւնները Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ մեծ նորութիւն մը չեն կրնար ապահովել։ Հայաստան եթէ չմսխէ իր ձեռքը մնացած՝ սահմանափակ խաղաքարտերը, ապա Թուրքիոյ հետ բնականոնացման գործընթացին մէջ կրնայ ճանապարհ կտրել՝ անկախ ներքին քաղաքական գործօններէ կամ իշխանաւորներու ենթակայականութիւններէն։ Մեղք, որ տակաւին ընտրութիւնները չաւարտած, նախընտրական շրջանին արդէն ստեղծուած է մթնոլորտ մը, ուր թերահաւատութիւնը գերակշիռ դառնալ կը սկսի բնականոնացման գործընթացի շարունակութեան տեսակէտէ։ Հազար դժուարութեամբ ապահովուած փոքր ձեռքբերումներէն ետքայլեր կ՚ըլլան։ Թուրքիա որոշած է դարձեալ փակել իր օդային մարզը՝ Հայաստանէն դէպի երրորդ երկիրներ տարանցիկ թռիչքներու համար։ Ճիշդ է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ այս անգամ աննախընթաց ձեւով նախընտրական քարոզարշաւին գրեթէ մասնակից դարձաւ իշխանական ճամբարէն, սակայն ո՞վ կրնայ հանգիստ խղճով պնդել, թէ բնականոնացման գործընթացի շարունակութեան համար Թուրքիոյ հաւանական իշխանափոխութեան վրայ հաշուարկներ ընելու ատեն՝ Հայաստան ունի իշխանութիւն մը, որ լաւագոյնս հաւասարակշռուած ձեւով յառաջ կը տանի այս նոյն բարդ գործընթացը։

Թուրքիոյ հետ շփուելու ժամանակ Հայաստանի տեսակէտէ հիմնական ապահովագրութիւնն է՝ հետամուտ ըլլալ նախ եւ առաջ սեփական տան դրան առջեւը մաքուր պահելու սկզբունքին։ Այլապէս, ժամանակները կ՚անցնին, Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններ կու գան ու կ՚երթան, իսկ Հայաստանի ճակատագիրը՝ Աստուած գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ։ Ի վերջոյ բոլոր ժամանակներու, բոլոր իշխանութիւնները առանց իմաստութեամբ առաջնորդուելու նպատակի մը չեն հասած երբեք։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2023