Չափ ու սահման

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս այս շրջանին ծագած է փոթորիկ մը։ Շուրջ ամիս մը առաջ իսկապէս արհեստական լոզունգներով, շինծու պատճառներով հրահրուած տագնապ մը ներկայիս կը բնորոշէ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը։ Խումբ մը մարդիկ ասպարէզ կը կարդան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դէմ։ Տխրահռչակ խումբ մը ձեռնոց նետած է մեր հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մերօրեայ յաջորդին դէմ։ Խումբ մը մարդիկ կը փորձեն մթագնել համայն հայութեան սրբութիւն սրբոց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երկինքը։ Կը ջանան խուճապ ստեղծել սուրբ գրական Արարատի հովանիին տակ խարսխած հայոց ընդհանրական հոգեւոր կեդրոնէն ներս։

Շաբաթներէ ի վեր, ըստ էութեան, Երեւանի եւ Վաղարշապատի մէջ, նաեւ Հայաստանի այլ քաղաքներէն ներս տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր, երթեր, հաւաքներ, որոնք վերջին օրերուն խայտառակութեան եզրին հասան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան գրաւումով։ Ի՞նչ է այս բոլորին նպատակը։ Կը պահանջուի Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը։ Պատճա՞ռ... Ուրեմն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն, կատարուած է ղեկավարութեան փոփոխութիւն եւ պէտք է փոխուի նաեւ կաթողիկոսը։ Լոզունգ մըն ալ որդեգրած է այդ տխրահռչակ խումբը. «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ»: Սա լոզունգէ անդին բթամտութեան խոստովանութիւն մըն է արդէն։ Ինքզինքը այդ լոզունգով անուանած տխրահռչակ խումբին գլուխը կը գտնուին երկու-երեք հոգեւորականներ։ Առաջնորդողն ալ իբրեւ թէ աբեղայ մըն է՝ Հայր Կորիւն։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ շաբաթներէ ի վեր՝ լիուլի բաւարար է ծնունդ տալու կասկածներու, թէ այս խումբը բեմահարթակի ետին կանգնած կարգ մը մութ ուժերու գործակատարն է, կը ծառայէ յետին նպատակներու։ Ուրիշներու ձեռքին կամայ թէ ակամայ գործիք դարձած այս տխրահռչակ խումբի անդամները, դժբախտաբար, զաւեշտական երթերու կամ բողոքի ցոյցերու ատեն չեն վարանիր իրենց ձեռքին մէջ գործիք դարձնել հաւատացեալ քրիստոնեայի ամենանուիրական խորհրդանշանը՝ Տիրոջ Սուրբ Խաչը։ Կասկածները կամ ենթակայական մեկնաբանութիւնները մէկ կողմ, երէկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը վերջնաժամկէտ մը սահմանեց այս անհանդուրժելի վիճակին համար։ Թէեւ դանակը հասած է ոսկորին, սակայն, մաղթենք՝ որ ԳՀԽ-ի նախատեսած սա յաւելեալ շաբաթը չմսխուի։ Օրերը արժեւորուին ողջմտութեամբ, պաղարիւնութեամբ եւ առողջ դատողութեամբ։ Սա վերջին յոյսի նշոյլն է։ Զգօնութենէ պէտք չէ հեռանալ։ Ծայրայեղութիւններէ եւ մոլեռանդութիւններէ զերծ պէտք է մնալ։

Ամենայն Հայոց Հայրապետի հեղինակութիւնը չէ ու չի կրնար ըլլալ սակարկութեան առարկայ։ Սա գերագոյն արժէք է։ Հայոց Վեհափառի թիրախաւորումը կրնայ ենթադրուածէն ա՛լ աւելի սուղ արժել։

Ի վերջոյ ամէն ինչ ունի չափ ու սահման մը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 11, 2018