Եւ հիմա… (4)

Հայոց արդի պատմութեան բոլոր հիմնական ողբերգութիւնները, ներառեալ ցեղասպանութիւնն ու Առաջին Հանրապետութեան անկումը, ընդհանրապէս, համաշխարհային գործընթացներու ամբողջին մէջ պատահած են, ըստ էութեան, խօսքը կը վերաբերի Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին համընկնած է Կարմիր յեղափոխութիւնը, որ նոր վիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանի մէջ։ Ուժերու այդ նոր յարաբերակցութիւնը խթանած է Աթաթիւրքի եւ Լենինի վարչախումբերու համագործակցութիւնը, ինչ որ լուրջ գործօն մը եղած է Առաջին Հանրապաետութեան փլուզման ճանապարհին։ Հայոց հաւաքական յիշողութեան մէջ մինչեւ այսօր կը քննարկուի այս նիւթը։ Կայ ընդհանրացած համոզում, թէ եթէ չըլլար համայնավարներու յեղափոխութիւնը եւ եթէ ցարական վարչակարգը շարունակուէր, ապա Ռուսաստան երբեք անտէր չէր թողուր Հայաստանը, այսինքն Առաջին Հանրապետութիւնը։ Սա հայոց պատմութեան այն փուլերէն մին է, երբ Ռուսաստանէն մեծագոյն յուսախաբութիւններէն մին խնդրոյ առարկայ դարձած է եւ, հասկնալիօրէն, այդ մեկնաբանութիւնները կամ հետեւութիւնները չեն կրնար հարիւր տոկոս զերծ համարուիլ երանութեան կամ ափսոսանքի բնոյթէն։ Յամենայնդէպս, կարծես պատմութեան հեգնանքը եղած ըլլար, որ 2020 թուականին մեծ անկումին, որ հայոց պետականութիւնը գրեթէ դար մը անց վերստին անդունդի եզրին հասցուց, Ռուսաստանի ղեկին կանգնած նախագահ Փութին արար աշխարհի կողմէ կը համարուի «արդի ցար»։ Մոսկուայի մերօրեայ վարչակարգին աշխարհահայեացքն ու ընդհանուր մտայնութիւնը շատ աւելի մօտ է ցարական շրջանի Ռուսաստանին՝ քան համայնավարական Խորհրդային Միութեան տասնամեակները, թէեւ պետական շարունակականութեան տրամաբանութիւնով քիչ կրնան չըլլալ նաեւ զուգահեռականները։ Անցնինք… Մեծ հաշուով, Արցախի առաջին պատերազմն ալ կլոպալ գործընթացի մը քոնթեքստին մէջ էր, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան փլուզման ժամանակաշրջանին կը զուգադիպէր։ Նոյն պահու զանազան իրադարձութիւններ փոխեցին աշխարհի ընթացքը եւ կամ այնպէս մը հասունցան, որ յեղաշրջեցին մարդկութեան երթը։

Արցախի երկրորդ պատերազմը բոլորովին երկկողմանի գործօններով պայմանաւորուեցաւ։ Այստեղ Ատրպէյճան-Թուրքիա թանտեմը մէկ ամբողջութիւն կը դասուի, որովհետեւ երեք տասնամեակէ ի վեր այս առումով անկանխատեսելի կամ անակնկալ ոչինչ եղած է հայկական կողմին համար։ Ուստի, 44-օրեայ պատերազմի զուտ երկկողմանի գործօններով պայմանաւորուած ըլլալու հանգամանքը կը նուազեցնէ հաւանականութիւնը, թէ Հայաստանի կամքէն կամ հաշուարկներէն անկախ իրավիճակներ խնդրոյ առարկայ դարձած են։

2018 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ, ընդ որում շատեր հակուած են այդ մէկը յեղափոխութիւն որակել ընդգծեալ ձեւով, Հայաստանի իշխանութիւնը կրնար իր վայելած ժողովրդականութիւնը ծառայեցնել բանակցային գործընթացին մէջ խաղաղութեան կամքը ընդգծելու համար։ Ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեան չկարողացաւ բեկում մը մտցնել կարգաւորման գործընթացին մէջ՝ ի տարբերութիւն իրեն նախորդած այն ղեկավարներուն, որոնց կեղծուած ընտրութիւններու արդիւնքով իշխանութեան գլուխ եկած ըլլալուն վերաբերեալ պնդումները ամենավառ ձեւով կը բարձրաձայնուէին իր իսկ կողմէ։ Մինչդեռ, այսօր շատ աւելի յստակ կ՚երեւի, որ ամբոխավարական խօսոյթը ինքնին գործօն մը դարձած է հայկական կողմի խաղաղութեան կամքին վրայ ստուեր ածելու եւ բանակցութիւնները տապալելու առումով։

Քաւ լիցի, որ մեր նպատակը ըլլայ մարդոց չգացումները կամ զգայնութիւնները անարգել, բայց քիչ մը աւելի ուշադիր պէտք է նայիլ՝ հասկնալու համար, թէ ի վերջոյ 2018 թուականին ի՛նչ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ։ Անշուշտ, կան բաներ, որոնք այսօր կը բիւրեղանան յետադարձ հայեացքով եւ, բնականաբար, ճիշդ չէ այդ բոլորը կանխատեսածի հովեր առնելով հասնիլ բախտագուշակ ընկալուելու շեմին։ Բայց եւ այնպէս, կան նաեւ բաներ, որոնք առաջին իսկ պահէն եղած են ակներեւ ու այդ յեղափոխութիւն ըսուածը անխուսափելիօրէն կը բանան հարցաքննութեան։ 2018-ին իշխանութեան հասնելու ճանապարհին Նիկոլ Փաշինեան քանիցս յայտարարած էր, որ իրենց յեղափոխութիւնը փոփոխութեան պիտի չենթարկէր Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Առ երեւոյթ, այդ խօսքերը կը համարուէին շատ բնականոն։ Արդարեւ, յեղափոխութեան լարուած մթնոլորտին մէջ Փաշինեան կը հանգստացնէր Հայաստանի՝ չափազանց ռուսամէտ հասարակութեան պահպանողական լայն խաւերը։ Բաց աստի, քանի ինք կ՚ընկալուէր արեւմտամէտ, այդ խօսքերով ան հետամուտ էր Մոսկուային պատգամներ կամ երաշխիքներ տալ, թէ իր շահերը վտանգուած չեն։ Գործնականօրէն այս բոլորը հասկնալի են, կը ցոլացնեն տրամաբանութիւն մը։ Մետայլի միւս երեսակին, սակայն, կը ծնի ուրիշ հարցում մը. կարելի՞ է միթէ առանց արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան ընել լիարժէք յեղափոխութիւն մը՝ մանաւանդ Հայաստանի նման երկրի մը պարագային։ Այս ծրարումով, ժողովուրդին այսպէս մատուցուած յեղափոխութիւն մը՝ այսօր արդէն աւելի պարզ կը դառնայ, որ թերարժէք է։ Հաւնինք կամ ոչ, Հայաստանի մէջ քաղաքական բոլոր գործընթացները կը խմորուին Ռուսաստանի յղումով։ Միջանկեալ համեմատական օրինակով մը փորձենք մանրամասնել։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը Թուրքիոյ մէջ քաղաքական կուսակցութիւնները կը դասաւորուէին՝ ըստ Քեմալականութեան նկատմամբ իրենց դիրքաւորման։ Սա, անշուշտ առաջին հերթին ներքին գործօն մըն է։ Հայաստանի մէջ ալ քաղաքական դերակատարները կը դասաւորուին՝ ըստ Ռուսաստանի նկատմամբ իրենց վերաբերմունքին։ Հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ սա առաջին հերթին արտաքին ազդակ մըն է։ Երբ քաղաքականութիւնը կ՚իրացուի նման գերակշիռ գործօնի մը յղումով, ապա տուեալ երկրի պարագային դժուար թէ խօսիլ՝ առանց արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան լիարժէք յեղափոխութիւն մը ընելու մասին։

2018-ին իշխանութեան գլուխ գալէ վերջ, մեր կարծիքով, Նիկոլ Փաշինեան պէտք է կեդրոնանար առաւել չափով Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները բնականոնացնելու վրայ, իր վայելած ժողովրդականութիւնն ու անով պայմանաւորուած ճկունանալու լուսանցքը ծառայեցնելով այդ նպատակին։ Ակնյայտ է, որ երեք տասնամեակէ ի վեր սա կը մնայ Հայաստանի օրակարգի ամենակնճռոտ խնդիրը։ Փաշինեան ո՛չ միայն նոր նախաձեռնութիւն մը չէ ըրած այս մասին, այլ կացութիւնը ա՛լ աւելի վատթարացուցած է նախորդ շրջաններուն բաղդատմամբ։ Այլ խօսքով կա՛մ չէ գիտակցած այս խնդրի լրջութիւնը եւ կամ նոր քայլ մը առնելու համարձակութիւնը չէ ունեցած՝ իր կողմէ ատուած ու միշտ թիրախաւորուած նախկին նախագահներուն համեմատ։ Արդարեւ, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան մեծ յարգանք կը վայելէր Թուրքիոյ կողմէ։ Իր հրաժարականէն վերջ, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան թէեւ այդքան նախընտրելի կամ համակրելի կերպար մը չէր եղած թրքական կողմին համար, սակայն Անգարա-Երեւան երկխօսութիւնը, շփումները չէին ընդհատուած։ Թէեւ համեմատաբար նուազ ջերմ, սակայն շրջանի Հանրապետութեան նախագահ Սիւլէյման Տեմիրէլի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի միջեւ հանդիպումներ տեղի ունեցած էին Եալթայի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Որքան որ ալ այդ մակարդակի վրայ ամէն ինչ չէր արդարացած, հարեւան երկու պետութիւնները ուղղակի կապի մէջ էին։ Արտաքին գործոց նախարարներ Իսմայիլ Ճեմ եւ Վարդան Օսկանեան բանակցութիւններ յառաջ կը տանէին դրական ոգիով։ Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն ալ պատմական իրադարձութիւններ եղան։ Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը առիթ ընձեռեց նախագահներու մակարդակով, զուտ երկկողմանի շարժառիթով այցելութիւններու փոխանակման։ Ապտուլլահ Կիւլ եղաւ Թուրքիոյ առաջին Հանրապետութեան նախագահը, որ այցելեց Հայաստան։ Սերժ Սարգսեանն ալ փոխադարձեց։ Անշուշտ, ամենակարեւորը՝ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան արձանագրութիւններ։

Միջանկեալ նշենք, որ այս բոլորը, վերջին հաշուով, եղան ամուլ գործընթացներ, որովհետեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման որոնումներուն մէջ բեկումնային պահը ապահովելէ հեռու մնացին։ Սա միայն յետադարձ հայեացքով չէ, որ կը պարզուի։ Նոյնիսկ այդ իրադարձութիւններու ապրուած շրջանին, գագաթնային պահերու կային վերապահութիւններ, զգուշութիւններ, նաեւ որոշ թերահաւատութիւն։ Քննադատութիւններ կը կատարուէին եւ անհանգստութիւններ կը բարձրաձայնուէին, թէ Թուրքիան պարզապէս կը ջանար ժամանակ շահիլ առանց գործնական քայլ մը առնելու, կը փորձէր շոու սարքել միջազգային հանրութեան համար, որպէսզի նուազեցնէր կամ հաւասարակշռէր երրորդ երկիրներու ճնշումները իր վրայ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ակնկալութիւններու պայմաններով։ Այս բոլորը այսօր արդարացած կրնան համարուիլ, բայց այժմ նոյնքան եւ աւելի յստակ է, թէ Հայաստանի նախկին նախագահները որքան ճի՛շդ ու հեռատես էին այդ գործընթացներուն ներգրաւուելով։ Անոնք լաւ կ՚ընկալէին, թէ ի դէմս Թուրքիոյ «որո՛ւ հետ պար կը բռնեն» եւ ամենակարեւորը՝ միշտ զգալի կը դարձնէին քաղաքական կամքը՝ դրական նպատակներու ուղղութեամբ։ Անոնք, բնականաբար, միամիտներ չէին ու կը հասկնային, թէ սա էր տուեալ պայմաններով ծայրայեղութիւնները արժանապատիւ ձեւով կանխելու ճանապարհը։ Արդարեւ, այդ գործընթացներու տրամաբանութենէն չէր բխղեր լայնածաւալ պատերազմի մը հրահրումը։

Ցիւրիխեան արձանագրութիւններու ձախողումէն վերջ կողմերու յարաբերութիւնները մտան երկար դադարի մը շրջանին, ինչ որ անակնկալ չէր։ Առիթ մը պէտք էր նոր տեղաշարժի մը համար։ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալը ճիշդ այդ փուլին եւ անոր պայմանաւորած իրավիճակին զուգադիպեցաւ, սակայն, վարչապետը կարծես անտարբեր ըլլար այս ճակատին նկատմամբ։ Իրադարձութիւնները այնպէս մը զարգացան, որ Թուրքիա առաջին անգամ Հայաստանի նոր ղեկավարի նոյնիսկ զարկերակը զգալու, զինքը ճանչնալու կարիքը չզգաց։ Երկու մայրաքաղաքներէն մետիայի միջոցաւ սուր պատգամներ փոխանակուեցան եւ յարաբերութիւնները շարունակեցին մնալ փակուղիի մէջ։ Կողմերը անհաղորդ մնացին իրարու, ինչ որ պէտք չէր Հայաստանին, որու համար նպաստաւոր կրնար ըլլալ քաղաքական դրական կամքի թարմացումը յաչս Թուրքիոյ եւ ամբողջ միջազգային հանրութեան։ Եթէ այս ճակատին վրայ բան մը փորձէր ու մանաւանդ՝ յաջողութեան հասնէր, ապա Փաշինեան իսկապէս յեղափոխութիւն մը ըրած պիտի ըլլար, որովհետեւ երկրի ամենաբարդ հարցերէն մէկուն գծով տեղաշարժ ապահոված պիտի ըլլար։ Եթէ նոյնիսկ իր փորձը ձախողէր, հայկական կողմը պիտի չվնասէր, աւելի՛ն, ինք մեծ քայլ մը առած պիտի ըլլար՝ որպէս պետական գործիչ կայանալու, ինքնահաստատուելու ճանապարհին։

Երիտասարդ պետութիւններու պարագային շատ բան կախեալ է ղեկավարներէն։ Հայաստանի նման երկրի մը ղեկը պէտք է յանձնուի պետական մտածելակերպը ամբողջութեամբ իւրացուցած գործիչներու։ Այլապէս, պետականութեան գոյութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան մարտահրաւէրները եթէ հրապարակաւ համեմատութեան մէջ դրուին ժողովուրդի բարեկեցութեան հետ, ապա արտաքին աշխարհը անխուսափելիօրէն կը հետեւցնէ, որ այդ բոլորը սակարկութեան առարկայ կրնան ըլլալ։ Մշտականի եւ ժամանակաւորի տարանջատումը խորաթափանց պէտք է կատարուի պետութեան ղեկավարին կողմէ։ Այլապէս, վերոյիշեալները ժողովուրդին կողմէ դժուար թէ ընկալուին որպէս միանշանակ արժէք, հասարակաց յայտարար։ Հայութիւնը, դժբախտաբար, այս դառն փորձառութիւնը ճաշակած է՝ սեփական պետականութեան ճակատագիրը էապէս վտանգելով։ Պետականութեան ամբողջական պատկերացումով, լիարժէք մտածելակերպով որեւէ ղեկավարութիւն ամենայն հաւանականութեամբ կրնար կանխել այս պատերազմը եւ կամ առնուազն կրնար ապահովել, որ այս մակարդակի ձախողում մը, անկում մը չի յառաջանար։ Բայց, ափսոսանք յայտնելը, երանի տալը ոչինչ կրնայ փոխել։ Առկայ իրողութեան հետ պէտք է պաղարիւն ձեւով հաշուի նստիլ ու պէտք է նայիլ դէպի ապագայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 11, 2021