Փորձաքար
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր ու շատ տեղին յայտարարութիւններով։ Շուրջ երկու ամիսէ ի վեր, անհամեմատօրէն, մթնոլորտը շիկացած է Թուրքիոյ մէջ։ Օր չ՚անցնիր առանց մտահոգութեան, իրերայաջորդ կը պատահին արիւնալի, տմարդի դէպքեր, որոնց զոհ կ՚երթան զինուորներ, ոստիկաններ։ Ամբողջ երկիրը կը սգայ այս կորուստները, միեւնոյն ժամանակ պինդ ու հաստատակամ մնալով ահաբեկչութեան սպառնալիքին դէմ, որ կը վտանգէ Թուրքիոյ կայունութիւնը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Պատրիարքարանին յայտարարութիւնները կը ներկայացնեն խոր իմաստ։ Աթոռը ճի՛շդ ժամկէտով, ճի՛շդ պատգամներ փոխանցած է ինչպէս պետական աւագանիին եւ միջեկեղեցական շրջանակներուն, այնպէս ալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն եւ հանրային կարծիքին։ Գումգաբուէն բարձրացած ձայնը, միանշանակ, կը ցոլացնէ մեր համայնքին ընդհանուր տրամադրութիւնները։ Մեղք, որ ցայսօր փոքրամասնութիւն ըլլալով հանդերձ, մեր համայնքին մեծագոյն բաժին վիճակած է նման բարդութիւններէն։ Այս համայնքի դիմադրութեան մեծագոյն ուժը այն է, որ անոր անդամները միշտ հաւատարիմ կը մնան իրենց քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն։
Ամէն անգամ, որ ցասումի ալիք մը բարձրանայ երկրին մէջ՝ կարգ մը շրջանակներ չեն վարանիր շինծու ձեւով հայոց անունը օրակարգի վրայ բերել ու զանոնք ներկայացնել՝ որպէս առկայ հարցերուն հիմքը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, ամբողջ պետական աւագանին վերջին օրերուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի չապրուին խափանարարութիւններ, գրգռութիւններ եւ պառակտումներ չյառաջանան ժողովուրդին մօտ։ Այս բոլորով հանդերձ, ըստ երեւոյթին, կարգ մը շրջանակներ ինքզինքնին չեն կրնար զսպել ու կ՚երգեն նոյն յանկերգը։ Տասնամեակներէ ի վեր անոնց այդ տխուր մտայնութիւնով ու խտրական, նախապաշարեալ մօտեցումներով որեւէ խնդիր չէ լուծուած այս երկրին մէջ։ Տակաւին բոլորի յիշողութեան մէջ թարմ են իննիսունականներուն ապրը-ւածները, մեր համայնքի հասցէին յառաջ քշուած անհիմն պնդումներն ու զրպարտութիւնները։ Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը։ Թէեւ անցնող տարիներուն ընթացքին ոչինչ փաստուեցաւ, ոչինչ արդարացաւ, սակայն այսօր ոմանք կ՚երգեն նոյն յանկարգը։ Սա ակնյայտ ապացոյց մըն է՝ ապրուածները շիլ աչքերով դիտելու, զանոնք թիւր պատկերացնելու եւ որպէս հետեւանք նախապաշարեալ չարաշահումներով երկրին վնաս հասցնելու ուղղութեամբ։ Կարճ խօսքով, երկրէն ներս յառաջացած արդար պոռթկումին փոխարէն շինծու թիրախներ փնտռելու փորձերը դատապարտուած են ձախողման։ Այս ամբողջին մէջ առանցքային նշանակութիւն ունին պետական աւագանիին կողմէ հնչեցուած դրական կոչերը։ Այս դժուար իրավիճակէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու հիմնական ճանապարհն է՝ հայրենակիցներուն միջեւ եղբայրութեան գիտակցութեան եւ անկեղծ զօրակցութեան ամրապնդումը։
Այսօր բոլորը կ՚ըսեն, որ ներկայիս ապրուածներով հանդերձ՝ Թուրքիան շատ տարբեր է իննսունական թուականներէն։ Ճիշդ է. երկիրը կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցած է ընթացքին։ Անանտեսելի փորձառութիւն կուտակուած է՝ իրարու հակադիր չընկալելու համար երկրի ամբողջականութեան երաշխաւորումն ու ժողովրդավարութեան ամրապնդումը։ Եթէ Թուրքիան տարբեր է իննսունական թուականներէն, ապա այս հանգամանքին գործնական փորձաքարերէն մին կարելի է համարել՝ առկայ մթնոլորտին մէջ հայ համայնքին հանդէպ վերաբերմունքը։
Պատրիարքարանին կողմէ փոխանցուած վերջին պատգամները ահա կու գան բիւրեղանալ այս համատեսքին մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ