Միասնական մաղթանք

Թրքա­հա­յու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը այ­սօր կեդ­րո­նա­ցած է Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ։ Պատ­մա­կան այս սրբա­վայ­րը կը մագ­նի­սաց­նէ մեր ամ­բողջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն խոյս տա­լով Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հայ գաղ­թա­կան­նե­րը։ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի Կե­սա­րիոյ մէջ. Կրկնած­նունդ…

Սա խոր­քին մէջ հա­մազ­գա­յին ա­ղօթք մըն է։ Հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն խոր ցա­ւով ու մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւան­քով մա­հու կե­նաց պայ­քար մղե­լու հար­կադ­րան­քին դէմ յան­դի­ման մնա­ցած հա­յոց դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն։ Այ­սօր ա­նոնց­մէ միայն մէկ մա­սը թէեւ հա­մախմ­բուած է Կե­սա­րիոյ մէջ, սա­կայն սա իս­կա­պէս բարձր ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան հան­գա­ման­քով խումբ մըն է։ Ի­րա­քէն, Սու­րիա­յէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէն փու­թա­լով՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տան գտած հա­յեր այ­սօր ի­րենց հա­րա­զատ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ նուի­րա­կան կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ կ՚ա­ղօ­թեն՝ ա­ռար­կայ դառ­նա­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մա­ծու­թեան, գթու­թեան, կ՚ա­ղօ­թեն՝ որ­պէս­զի Տի­րոջ ա­մե­նա­զօր ու ա­մե­նախ­նամ Ա­ջը ան­պա­կաս ըլ­լայ ի­րենց եւ ի­րենց ճա­կա­տագ­րա­կից­նե­րու վրա­յէն։ Թրքա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն եւ հա­մայն հա­յու­թեան ա­ղօթք­նե­րը կը միա­նան ա­նոնց։ Բո­լո­րի հա­սա­րա­կաց մաղ­թանքն է, որ աշ­խար­հի վրայ տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւն՝ ամ­բող­ջա­կան ու լիար­ժէք ի­մաս­տով։ Բո­լո­րի ան­կեղծ մաղ­թանքն է, որ մար­դոց մի­ջեւ վե­րա­հաս­տա­տուին եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րը, հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը եւ ի­րե­րօգ­նու­թեան տրա­մադ­րու­թիւ­նը։

Աս­տուած ըն­դու­նի Կե­սա­րիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ սըր-բա­զան կա­մար­նե­րէն եր­կինք բարձ­րա­ցող հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթ­քը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2016