ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Թէ ինչ օ­րա­կար­գով թրքա­հայ հա­մայն­քը մուտք գոր­ծած է 2017 թուա­կա­նը։ Գում­գա­բուի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած տա­ղա­ւա­րի ա­ւան­դա­կան ըն­դու­նե­լու­թեան եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ան­ցեալ տա­րուան վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ծա­ւա­լուած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ար­դէն ո­րոշ չա­փով յստա­կե­ցու­ցին 2017 թուա­կա­նի վե­րա­բե­րեալ հա­մայն­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Բնա­կա­նա­բար այդ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին գլխա­ւորն է պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը։ Թրքա­հայ հա­մայն­քի 2017 թուա­կա­նի օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ մեր այս յօ­դուա­ծա­շար­քի ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ կ՚անդ­րա­դառ­նանք պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրին։ Այս ա­ռա­ջին յօ­դուա­ծին մէջ սոյն նիւ­թը ներ­կա­յաց­նե­լէ վերջ միւս խնդիր­նե­րուն ալ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ա­ռանձ­նա­պէս։

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը թէեւ շուրջ ութ տա­րիէ ի վեր հրա­տապ ձե­ւով կը զբա­ղեց­նէ հա­մայն­քին օ­րա­կար­գը, սա­կայն, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ խնդի­րը այլ հար­թու­թեան մը վրայ է։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ կա­րե­ւո­րու­թեամբ խօ­սե­ցան այս խնդրին շուրջ։ Հա­մայն­քա­յին աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներն ալ VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ընդգ­ծած էին, թէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ հա­մայն­քի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ կայ ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն մը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան այս շրջա­նին հա­մայն­քին կը փո­խան­ցեն դրա­կան պատ­գամ­ներ։ Սա, մեր դի­տար­կու­մով, կը ստեղ­ծէ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ա­պա­գայ հա­ւա­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ա­նոնց մի­ջեւ գո­յա­ցած է հա­մա­խո­հու­թիւն մը կամ փո­խըմբռ­նում մը։ Մեր հա­մոզ­մամբ, դրա­կան ազ­դակ մըն է ան­տա­րա­կոյս այս ե­րե­ւոյ­թը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի միա­ձայն ո­րո­շու­մով Մես­րոպ Պատ­րիարք Մու­թա­ֆեա­նի հանգս­տեան կո­չուե­լուն եւ գա­հի թա­փուր հռչա­կուե­լուն զու­գա­հեռ հա­սուն­ցած ե­րե­ւոյթ մը ըլ­լալ կը թուի այս մէ­կը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի տա­ղա­ւա­րի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին շեշ­տեց, որ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը միա­ձայ­նու­թեամբ ա­ռած է հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շու­մը։ Իր խօս­քե­րով, Մես­րոպ Պատ­րիար­քը գա­հըն­կէց չէ ե­ղած։ Ան կը շա­րու­նա­կէ մնալ պատ­րիարք, բայց կո­չուած է հանգս­տեան։ Երբ որ վախ­ճա­նի, պի­տի յու­ղար­կա­ւո­րուի որ­պէս պատ­րիարք։ Այս շեշ­տադ­րու­մը ը­նե­լէ վերջ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը յայտ­նեց, որ նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար պատ­րաս­տուած է նա­մակ մը։ Այս վեր­ջի­նը պի­տի յանձ­նուի պե­տու­թեան նկա­տառ­ման՝ որ­պէս­զի պատ­կան մար­մին­նե­րը պատ­շա­ճը տնօ­րի­նեն ան­հրա­ժեշտ թոյլ­տուու­թեան հա­մար։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նշեց, որ նա­մա­կի պատ­րաս­տու­թեան զու­գա­հեռ դի­մած են նաեւ կու­սա­կա­լու­թիւն՝ խնդրե­լով ժա­մադ­րու­թիւն։ Վեր­ջին շրջա­նի զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լը ու­նի չա­փա­զանց ծան­րա­բեռ­նուած ժա­մա­նա­կա­ցոյց մը, հե­տե­ւա­բար այդ դի­մու­մէն վերջ հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած ա­պա­հո­վել ժա­մադ­րու­թիւն մը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յայտ­նեց, որ ե­թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ալ կա­րե­լի չըլ­լայ ժա­մադ­րուիլ կու­սա­կա­լին հետ, ա­պա ի­րենք այլ ձե­ւով մը կու­սա­կա­լու­թիւն պի­տի ու­ղար­կեն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ դի­մում-նա­մա­կը։

Մինչ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ խնդրի ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ե­րե­սա­կին շուրջ, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան խօ­սե­ցաւ հա­մայն­քէն ներս այս նիւ­թին շուրջ զօ­րակ­ցու­թեան մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Իր խօս­քե­րով, ութ տա­րիէ ի վեր հա­մայն­քին գոր­ծե­րը կ՚ըն­թա­նան այս կամ այն ձե­ւով։ Ճիշդ է, որ կան թե­րու­թիւն­ներ, կա­ղա­ցում­ներ կամ դժուա­րու­թիւն­ներ, սա­կայն այդ բո­լո­րով հան­դերձ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, հա­մայն­քին գոր­ծե­րը ըն­թաց­քի մէջ են։ Այս ա­ռու­մով լուրջ դեր մը կը կա­տա­րէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ իր ստանձ­նած պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան բե­րու­մով։ Ան կ՚ը­նէ ի­րեն վի­ճա­կած գոր­ծը, որ­քան որ ալ նկա­տուին պա­կաս­ներ՝ հա­մայն­քի ըն­թաց­քը կը մնայ ան­խա­թար։ Հե­տե­ւա­բար, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­ռող­ջու­թիւն եւ հոգ­ւոյ ան­դոր­րու­թիւն մաղ­թեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի վերջ ընդգ­ծեց նաեւ, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու բո­լոր ան­դամ­ներն ալ այս պա­հուն ար­ժա­նի են յար­գան­քի։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք եր­բեք չպա­ռակ­տուե­ցան ու միաս­նա­կան ջան­քե­րով, նուի­րու­մով կը կրեն մեր Սուրբ Ա­թո­ռի դրօ­շը։

Հասկ­նա­լի է, որ տա­ղա­ւա­րի ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րը կ՚ար­տա­սա­նուին ընդ­հան­րա­պէս տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ, քա­ղա­քա­վա­րա­կան նկա­տում­նե­րով։ Բայց եւ այն­պէս, մեր տպա­ւո­րու­թեամբ այդ խօս­քե­րը զուտ քա­ղա­քա­վա­րա­կան կամ ձե­ւա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ պէտք չէ ըն­կա­լուին։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ հա­սուն­ցած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գին կրնայ ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան խնդրի միան­գա­մընդ­միշտ լուծ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

2017 թուա­կա­նի տա­րե­մու­տին թրքա­հա­յու­թեան օ­րա­կար­գի հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րէն մին է թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու կամ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թեանց մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լի քան ե­րեք տա­րիէ ի վեր այս հար­ցը կը զբա­ղեց­նէ մեր օ­րա­կար­գը։ Խնդի­րը թէեւ կը վե­րա­բե­րի ընդ­հան­րա­պէս երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի պա­րա­գա­յին դրսե­ւո­րու­մը կ՚ըլ­լայ տար­բեր։ Մեր հա­մայն­քէն ներս այս հար­ցը չա­փա­զանց կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րուն յա­ճախ կը ստեղ­ծուին շրջա­դար­ձա­յին ո­րո­շում­ներ առ­նե­լու ստի­պո­ղու­թիւն­ներ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը կը նա­խընտ­րէ, որ այդ­պի­սի քայ­լե­րը առ­նուին ժո­ղովր­դա­կան ա­մուր յե­նա­րան­նե­րով վար­չա­յին­նե­րու կող­մէ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Գում­գա­բուի տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այս հար­ցին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նշեց, որ մաս­նա­ւոր նո­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նի այս խնդրին շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղիլ այս խնդի­րով, ո­րու մա­սին վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը պի­տի տրուի պե­տու­թեան կող­մէ։

Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) տա­րե­վեր­ջի եզ­րա­փա­կիչ ժո­ղո­վին նման Գում­գա­բուի տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան հա­մայն­քի նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Գաղտ­նիք մը չէ, որ ելմ­տա­կան ա­ռու­մով թրքա­հա­յու­թիւ­նը ներ­կա­յիս դէմ յան­դի­ման մնա­ցած է լուրջ խնդիր­նե­րու։ Ա­ւե­լի՛ն, մեր երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը այն­պի­սի ըն­թացք մը ու­նի, որ հա­մայն­քի այդ ելմ­տա­կան խնդիր­նե­րը կրնան խո­րա­նալ ա­կա­մայ։ Ե­թէ աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­հա­զան­գով խօ­սե­ցան մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէի բա­ցե­րուն շուրջ, ա­պա Գում­գա­բուի մէջ ընդգ­ծուե­ցան Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց կա­րիք­նե­րը։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէի բա­ցե­րը կա­րե­լի չ՚ըլ­լար հա­ւա­սա­րակշ­ռել տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղան­նե­րու հան­գա­նա­կու­թիւ­նով, ինչ որ ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան կը տագ­նա­պեց­նէ մեր աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ Գում­գա­բուի մէջ ման­րա­մաս­նեց Պատ­րիար­քա­րա­նի խնդիր­նե­րը։ Ար­դա­րեւ, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը նա­խա­ձեռ­նեց «Յո­վա­կիմ 1461» վա­քը­ֆի հիմ­նադ­րու­թեան՝ որ­պէս­զի կա­րե­նայ այ­լընտ­րան­քա­յին լու­ծում­ներ գտնել իր տնտե­սա­կան հար­ցե­րուն հա­մար։ Ներ­կա­յիս նոյ­նիսկ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն թո­շակ­նե­րը կը վճա­րուին ոչ թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, այլ՝ ի­րենց ծա­ռա­յած ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն կող­մէ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, հանգս­տեան կո­չուած հո­գե­ւոր հայ­րե­րը կը զրկուին այդ հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։ Մէկ կող­մէ մեր հա­մայն­քը նոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կա­րիք ու­նի, իսկ միւս կող­մէ հո­գե­ւոր հայ­րե­րու վար­ձատ­րու­թեան խնդի­րը ար­դէն հետզ­հե­տէ կը խո­րա­նայ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­ղե­կա­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին մեր քա­հա­նա­յից դա­սէն ե­րեք ան­դամ­ներ պի­տի դադ­րին սպա­սա­ւո­րու­թիւն մա­տու­ցե­լէ։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը գտած է մի­ջան­կեալ լու­ծում մը։ Այ­սօր ու­նինք կարգ մը ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնց մէջ եր­կու հո­գե­ւո­րա­կան­ներ կը ծա­ռա­յեն։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այդ երկ­րորդ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ծա­ռա­յու­թեան պի­տի կո­չուին այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­ռանց հո­վի­ւի չմնան։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ներ­կա­յիս միայն մէկ ժա­ռան­գա­ւոր սան ու­նի Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ, ուր ու­սում կը ստա­նայ հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նա­լու հա­մար։

Տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան խօ­սե­ցաւ Պէյ­քո­զի նախ­կին գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման եւ ար­ժե­ւոր­ման խնդրին շուրջ։ Այս հար­ցը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած էր նաեւ VADİP-ի տա­րե­վեր­ջի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Պէյ­քո­զի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այս նիւ­թին շուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ փոր­ձեց թէ՛ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան եւ թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հետ։ Իւ­րա­քան­չիւր տար­բե­րա­կը իր հետ բե­րաւ զա­նա­զան դժուա­րու­թիւն­ներ։ Ի վեր­ջոյ հա­սուն­ցաւ ա­ւե­լի լայ­նա­խա­րիսխ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը մթնոլ­որ­տը։ Այ­սինքն, թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նը, թէ՛ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը եւ թէ Պէյ­քո­զի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շե­ցին միաս­նա­բար ներգ­րա­ւուիլ այս աշ­խա­տան­քին մէջ։ Սա բնա­կա­նա­բար ող­ջու­նե­լի ար­դիւնք մըն էր։ VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րուն կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն ի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ տա­րե­մու­տի ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ անդ­րա­դար­ձաւ այս նիւ­թին։ Այս­պէ­սով Պատ­րիար­քա­րա­նին ա­նու­նով ալ ձե­ւով մը հրա­պա­րա­կաւ հաս­տա­տուած ե­ղաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան այս նոր ձե­ւա­չա­փը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ներ­կա­յիս մեծ յոյ­սեր դրած են այս ծրագ­րին վրայ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մատ­նան­շեց, որ յանձ­նա­խումբ մը պի­տի ստեղ­ծուի Պէյ­քո­զի ծրա­գի­րը յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար։ Այս­պէ­սով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ խու­սա­փիլ նաեւ նոր վէ­ճե­րու ծա­գե­լէն։ Պէյ­քո­զի այդ տա­րած­քի պա­րա­գա­յին դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­ներ եւ հա­տուց­ման հե­ռան­կար­ներ խնդրոյ ա­ռար­կայ են Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ։ Գում­գա­բուի մէջ ալ շեշ­տուե­ցաւ, որ սա եր­կա­րա­շունչ գոր­ծըն­թաց մը կ՚են­թադ­րէ, սա­կայն ար­դիւն­քը կրնայ մշտա­կան մի­ջոց­ներ ստեղ­ծել մեր հա­մայն­քին հա­մար։

Ամ­փո­փե­լով յայտ­նեք, որ 2017 թուա­կա­նի տա­րե­մու­տին հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գի խնդիր­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը յստակ է։ Որ­քան որ ալ հար­ցե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին նոր ե­րանգ­ներ կամ չա­փում­ներ ստա­նան, ըստ էու­թեան, այս տա­րե­մու­տի հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գը այդ­քան ալ տար­բեր չէ նա­խորդ­նե­րէն։ Պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի խնդիր­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր քիչ թէ շատ նոյն պատ­կե­րը կը պար­զեն, սա­կայն ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը յոյժ ան­բա­ւա­րար է։ Այ­սինքն, հար­ցե­րը յստակ են, սա­կայն ա­նոնց լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րը հա­մե­մա­տա­բար պղտոր։ Այլ խօս­քով, այս ե­րե­ւոյ­թը ինք­նին վիթ­խա­րի օ­րա­կարգ մը կը նշա­նա­կէ՝ որ­քան որ ալ հա­մայն­քի առ­կայ խնդիր­նե­րուն լու­ծում­նե­րը եր­բեմն պայ­մա­նա­ւո­րուած ըլ­լան նաեւ հա­մայն­քէն դուրս լծակ­նե­րէ կամ հա­մայն­քի կամ­քէն ան­կախ։ Հուսկ, պէտք է հա­մա­ձայ­նիլ, որ մեր հա­մայն­քը ա­ռա­ջին հեր­թին պար­տի միա­հա­մուռ ձե­ւով կեդ­րո­նա­նա­լու այն աշ­խա­տան­քին, այն գոր­ծին վրայ, որ հա­րիւր տո­կոս կա­խում ու­նի իր­մէ։ Մնա­ցեա­լը ար­դէն կրնայ ինք­նա­բե­րա­բար ա­ւե­լի դիւ­րա­նալ։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2017