ՉՊԱՌԱԿՏՈՒԻ՛ՆՔ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած երկար տագնապին բերումով համայնքէն ներս բացուած վէրքերուն յուզիչ դրսեւորումները դժբախտաբար կը շարունակուին։ Կասկածէ դուրս է, որ այդ վէրքերը այլեւս ժամ առաջ պէտք է սպիանան, սակայն ընթացքին պաղարիւնութիւն եւ համբերութիւն պէտք է ցուցաբերել՝ որպէսզի այս համայնքը չպառակտուի։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը, որ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ մեր համայնքէն ներս բեւեռացումներէ խուսափելու եւ հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։ Այսպէս, Ս. Պատարագի ընթացքին, երբ հանդիսադիր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի սկսէր քարոզել, ներկայ իգական սեռէ հաւատացեալ մը սկսաւ «Տէր ողորմեա» երգել։ Սա իր կողմէ որդեգրուած բողոքի ձեւ մըն էր։ Իգական սեռէ այդ հաւատացեալը ծանօթ է մեզի եւ արդէն ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս պարզուած է իր ինքնութիւնը։ Յամենայնդէպս, սկզբունքային հարթութեան վրայ մնալու եւ խնդիրը չանձնականացնելու համար մենք չենք տար իր անունը այս սիւնակին մէջ։ Մեր օգտագործած լուսանկարն ալ ընտրուած է նոյն դիտումնաւորութեամբ. ցուցարար-հաւատացեալին դէմքը չ՚երեւիր։
Այս անձնաւորութիւնը մօտաւոր անցեալին ալ բուռն ձեւով, ամենայն պատրաստակամութեամբ ու եռանդով մասնակցութիւն կը բերէր մեր զանազան եկեղեցիներէն ներս կատարուած բողոքի ցոյցերուն, մինչ այդ ցուցարարները կը յայտարարէին, որ իրենց հակազդեցութիւնը կ՚արտայայտեն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ։ Ըստ երեւոյթին, Պատրիարքարանի վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ՝ երէկ ալ այդպիսի նպատակի մը հետամուտ էր ենթական։
Երէկուան իրադարձութեան մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալէ առաջ կ՚արժէ պահ մը միջանկեալ անդրադառնալ այլ հանգամանքի մը։ Այժմ արդէն նախկին տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր եկեղեցւոյ մէջ իրեն համար կազմակերպուած «Հրաշափառ»ի արարողութեան ժամանակ, ոտքը Պոլիս դնելէ անմիջապէս վերջ իր խօսած քարոզին մէջ գնահատած եւ արդարացուցած էր այն բողոքի ցոյցեր կազմակերպած մեր համայնքի անհատները, որոնք այդ շրջանին ալ նման ձեւերով հակազդեցութիւն կ՚արտայայտէին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէմ։ Նախկին տեղապահը յայտնած էր, որ անոնք Աւետարանը բարձր պահած են իրենց գլխուն վրայ։ Երէկուան իրադարձութիւնը կու գայ ապացուցանել, որ նախկին տեղապահը շատ կարճ ժամանակի ընթացքին որքա՜ն լուրջ աւերներ գործած է մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Բարձրաստիճան եկեղեցական մը միթէ ինչպէ՞ս կրնար արդարացնել՝ Սուրբ Աւետարանի բողոքի առարկայի մը վերածուիլը։ Ճիշդ է, որ այդ շրջանի թոհուբոհին մէջ այս հարցադրումները չկատարուեցան։ Բարձրաստիճան հոգեւորական մը ինչպէ՞ս կրնար իր հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն դէմ սրբավայրերու մէջ կատարուած ցոյցերը հանդուրժել։ Իրադարձութիւններու գերարագ հոսքին մէջ այդ ժամանակ այս բոլորը սպրդած էին ուշադրութենէ։ Բայց եւ այնպէս, ուշադրութենէ սպրդած այդ հարցերը ներկայիս արդէն մեր հաւաքական կեանքէն ներս կը յարուցեն նոր դժուարութիւններ։ Կը մնայ մաղթել, որ նախկին տեղապահի պաշտօնավարութեան կարճ ժամանակին ընթացքին ուշադրութենէ սպրդած նման բազում խնդիրներ յառաջիկային նոր բարդութիւններ չյառաջացնեն մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Միջանկեալ այս բաժինը վերջացնելով՝ վերադառնանք երէկուան իրադարձութիւններուն։ Իգական սեռէ այդ հաւատացեալը, երբ սկսած է քարոզի պահուն «Տէր ողորմեա» երգել, բնականաբար, եկեղեցւոյ սրբազան երդիքին տակ ստեղծուած է արտասովոր մթնոլորտ։ Ներկայ միւս հաւատացեալները անհանգստութիւն յայտնած, բողոքած են անոր դէմ եւ ի կարգ հրաւիրած զինքը։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ արդէն այլ հաւատացեալներ միջամտած են բողոքաւորին, արարողութեան ընթացքին ապրուած է քաշքշուք։ Հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան թէեւ եկեղեցւոյ բեմէն զգուշացուցած է այդ բողոքաւոր-հաւատացեալին չմիջամտելու համար, սակայն այդ ալ կարելի չէ եղած դժբախտաբար։ Այդ դրական յորդորով հանդերձ, միւս հաւատացեալները տաճարէն դուրս բերած են բողոքաւորը, իսկ եկեղեցւոյ անմիջական շրջափակին մէջ արդէն ոստիկանութիւնը միջամուխ դարձած է խնդրին։ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդը անվտանգութեան պաշտօնեաներու նկատառման յանձնած է, որ պաշտօնապէս որեւէ գանգատ պիտի չներկայացուի այդ իգական սեռէ հաւատացեալին դէմ։ Աւելի ուշ տեղեկացանք, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդն ալ ոստիկանութեան տեղեկացուցած է իր խնդրանքը՝ որպէսզի ենթական որեւէ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման չմնայ։
Այդ բողոքաւոր-հաւատացեալի եկեղեցիէն դուրս բերուելէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քարոզին մէջ ներկայ հաւատացեալներուն տուած է հայրական խրատներ ու շեշտած է, որ այդ բողոքաւոր հաւատացեալն ալ ի վերջոյ մեր համայնքի զաւակներէն մին է եւ պէտք է համապատասխան հասկացութիւնով վերաբերուիլ իր հետ։
Այսպէսով ձեւով մը վերջացած է երէկուան տհաճ դէպքը եւ բողոքաւոր հաւատացեալը արդէն որեւէ լուրջ խնդիր ալ չէ ապրած ոստիկանութեան հետ։
Երէկուան այս տխուր իրադարձութիւնը կու գայ ապացուցանել, որ մեր համայնքէն ներս զուտ լոզունգ չեն այն կոչերը, որոնք հետամուտ են պառակտումները կանխելու։ Վերջ ի վերջոյ, հաւաքական կեանքի բոլոր հարցերու լուծման բանալին կը համարուի իրարու նկատմամբ սէրն ու յարգանքը։ Այդ սէրն ու յարգանքը կը պարտադրեն նաեւ բոլորի իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն նկատմամբ յարգանք։ Բայց եւ այնպէս, հասկնալի է, որ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւրին իրաւունքներն ու ազատութիւնները կը վերջանան այն կէտին վրայ, ուր կը սկսին ուրիշներու իրաւունքներն ու ազատութիւնները։ Երէկուան բողոքաւոր-հաւատացեալը անտարակոյս որեւէ ստիպողութիւն չունի Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին համակրելու։ Իր հակակրանքով հանդերձ, իրաւունք ալ ունի պաշտամունք կատարելու այն եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութեան կը նախագահէ եւ կը քարոզէ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը։ Եթէ իր հակակրանքը եւ հակազդեցութիւնը հասած է այն մակարդակին, որ չի կրնար հանդուրժել ուրիշի մը, այս պարագային սրբազանի մը քարոզը լսելու, ապա իրեն կը մնայ այդ քարոզին ժամանակ դուրս գալ եկեղեցիէն։ Ոեւէ մէկը ինքզինքին իրաւունք պէտք չէ վերապահէ այլ հաւատացեալներու պաշտամունքի երկիւղածութիւնը խանգարելու։ Մնաց որ, երէկուան արարողութեան ընթացքին միւս հաւատացեալները պարտաւորուած են միջամտելու եւ նախ կարգ ու կանոնը վերահաստատելու սրբազան տաճարի երդիքին տակ, յետոյ ալ երաշխաւորելու իրենց իսկ պաշտամունքի երկիւղածութիւնը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի ընթացքին։
Մինչեւ ե՞րբ մեր համայնքի անդամները պէտք է յայտնուին նման իրավիճակներու մէջ, ուր եղբայրական սիրոյ զգացումներէն եւ գիտակցութենէն ակնյայտ կը հեռացնէ այս հաւաքականութեան զաւակները։ Նո՛յն աւազանէն, նո՛յն միւռոնով մկրտուած հաւատացեալներ միթէ պէտք է այսպէ՞ս վարուին իրարու նկատմամբ։
Երէկուան այդ բողոքը, մեր կարծիքով, աններելի արարք մըն է։ Յամենայնդէպս դէպքը պէտք չէ չափազանցել, պաղարիւնութենէ պէտք չէ խուսափիլ եւ ուշադիր, հեռատես քայլերով պէտք է առաջնորդուիլ՝ որպէսզի այս համայնքի անդամները վայելեն համերաշխութիւնը, միասնականութեան զգացումը եւ մեր հաւաքական կեանքէն կարելի ըլլայ վանել պառակտումները, թշնամանքը, քինախնդրութիւնը եւ ընդհարումները։ Մաղթենք, որ երէկուան դէպքը դաս մը ըլլայ բոլորին համար։ Ու վերջապէս մաղթենք, որ այդ անհրաժեշտ դասերը քաղուին ժամ առաջ եւ ապագային չունենանք հաւաքաբար զղջալու, երկարաժամկէտ ամչնալու տխուր շարժառիթներ։
Մեծ պահոց խորհրդական շրջանի առաջին քայլափոխին մեր համայնքի բոլոր զաւակները պէտք է մտածեն այս մասին եւ իրենց աղօթքին մէջ պէտք է անպայման բաժին մը դուրս բերեն մեր հաւաքական կեանքէ ներս միասնականութեան ու եղբայրական սիրոյ ոգիի յաղթանակին համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ