ՍԱԿԱՒ ՆԵՐՈՒԺՈՎ ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐ
Թէ ինչպէ՞ս կրնայ ազդուիլ թրքահայ համայնքը երկրի ներքին քաղաքական նոր հաւասարակշռութիւններէն։ Այս անգամ եւս խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներ կան։ Ի՞նչ սպասումներ կարելի է ունենալ, ընդհանուր առմամբ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Ընտրութիւններու սեմին ստեղծուած հաւասարակշռութիւնները, նոր խմորումները յառաջիկայ շրջանին համար համայնքին, նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ դուռ կը բանան զանազան մեկնաբանութիւններու։
Այս անգամուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն ալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիներէն ոմանք երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած են։ Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում (AK) կուսակցութիւնը Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն 9-րդ հորիզոնականի վրայ թեկնածու ցոյց տուած է տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։ CHP-ն ալ Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանէն 23-րդ հորիզոնականի վրայ թեկնածու առաջադրած է Մարգրիտ Տիքմէն։ Կայ նաեւ Մասիս Քիւրքճիւկիլը, որ Թուրքիոյ յայտնի ձախակողմեան գործիչներէն մին է։ Այս անգամ թեկնածու չէ առաջադրուած Կարօ Փայլանը, որ այժմու խորհրդարանի միակ հայազգի պատգամաւորն էր եւ վերջին երկու շրջաններուն միշտ գտնուած էր Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ։
Նախանցեալ շրջանին Թուրքիոյ խորհրդարանի երդիքին տակ ներկայացուած չորս կուսակցութիւններէն երեքի շարքերուն գոյութիւն ունէին հայազգի երեսփոխաններ։ Անոնք էին՝ լուսահոգի Մարգար Էսաեանը (AK կուսակցութիւն), Սելինա Տողանը (CHP) եւ Կարօ Փայլանը (HDP)։ Երկար տասնամեակներ խորհրդարանին մէջ հայազգի որեւէ երեսփոխան չէր գտնուած, ուստի, այդ պահը շատ կարեւոր էր։ Անշուշտ, երկար կարելի է խօսիլ, թէ համայնքը կարողացա՞ւ այդ հնարաւորութենէն օգտուիլ կամ ոչ։ Սա արդէն ուրիշ վէճի մը նիւթն է։ Յաջորդող շրջանին խորհրդարանէն դուրս մնաց Սելինա Տողանը։ Մնացին միայն լուսահոգի Մարգար Էսաեանն ու Կարօ Փայլանը՝ նոյն կուսակցութիւններու շարքերէն։ Գլխաւոր ընդդիմադիր CHP-ի կողմէ Սելինա Տողանին չառաջադրուիլը ընկալուած էր տարակուսանքով։ Ընթացքին, դժբախտաբար, Մարգար Էսաեան զոհ գնաց անողոք հիւանդութեան։ Վերջին տարիներուն Կարօ Փայլան միակն էր խորհրդարանին մէջ։
Մարգար Էսաեանի մահէն վերջ, AK կուսակցութիւնը տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն ընդգրկեց իր շարքերուն մէջ։ Ան դարձաւ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամ։ Այսինքն, բոլոր ազդանշանները կային, որ ան պիտի յաջորդէր Մարգար Էսաեանին։ Ուրեմն, անակնկալ չէ, որ իշխանական ճամբարին կողմէ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու առաջադրուած է երեսփոխանի թեկնածու։ Ինչպէս Մարգար Էսաեանի պարագային, տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն ալ թեկնածու առաջադրուած է Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն, ուր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը բնակի։ Սվաճըօղլուն ալ Էսաեանի նման գրեթէ նոյն հորիզոնականէն թեկնածու ցոյց տրուած է ցուցակին վրայ։
Մարգրիտ Տիքմէի պարագան քիչ մը աւելի տարբեր է։ Եթէ Սելինա Տողան այդ ժամանակ Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանէն՝ կուսակցապետի քոնթենժանէն թեկնածու ցոյց տրուած էր եւ խորհրդարան մուտք գործելը գրեթէ երաշխաւորուած, ապա Մարգրիտ Տիքմէ այս անգամ այդպիսի խրախուսանքի մը չէ արժանացած եւ թեկնածուական ցանկի 23-րդ հորիզոնականին վրայ կը գտնուի։ Յամենայնդէպս, ան տարիներէ ի վեր CHP-ի շարքերէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն ներս ունեցած է կարեւոր դերակատարութիւն։ Թէեւ Իսթանպուլի մէկէ աւելի կարեւոր քաղաքապետարաններէն ներս իշխանութեան գլուխ կը գտնուին CHP-ականներ, սակայն, ըստ երեւոյթին, կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ամենավստահելիներէն է Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլուն, իսկ Մարգրիտ Տիքմէ անոր հետ գործակցելու հնարաւորութիւնը ունեցած է եւ դժուար չէ ենթադրել, որ վայելած է անոր բարեխօսութիւնը։
Թրքահայութեան տեսակէտէ առաջին հերթին բարոյահոգեբանական գործօն մըն է խորհրդարանին մէջ հայազգի երեսփոխանի մը գտնուիլը։ Այսպէսով համայնքը կը համոզուի, թէ խտրականութեան չ՚ենթարկուիր, հասարակութեան հաւասար տարրերէն մին է, ինչ որ անանտեսելի է փոքրամասնական հաւաքականութեան մը պարագային։ Յամենայնդէպս, ակնկալութիւնները անկարելի է նոյն յստակութեամբ բանաձեւել։ Խորհրդարան մտնելու ամենամեծ հաւանականութիւնը ունի տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ անկախ ազգութենէ, դաւանանքէ կամ նման հանգամանքէ, առաջադրուած թեկնածուները կ՚ընտրուին՝ որպէս բովանդակ Թուրքիոյ երեսփոխանները։ Երբեմն նոյնիսկ երկրորդական կը դառնայ, թէ անոնք ո՛ր քաղաքէն կամ ընտրաշրջանէն ընտրուած են։ Բոլորն ալ կ՚երդուեն երկրի շահերուն հետամուտ ըլլալու համար։ Հայազգի երեսփոխանները համայնքին օգուտ կրնան բերել այնքան՝ որքան կարենան արդարացնել այդ երդումը։ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու հարցերը միշտ նուրբ եղած են եւ լուծումներն ալ միշտ պատկերացուած են պետական գիծի մը առանցքով։ Եկող-գացող իշխանութիւնները, թէեւ դերակատարութիւն ունեցած են պետական քաղաքականութեան գործադրութեան մէջ, անոնց քաղաքական կամքէն շատ բան կախում ունեցած է, սակայն, առանցքը միշտ կազմած է պետական գիծը։ Հետեւաբար, խորհրդարանի մէջ հեղինակաւոր հայազգի երեսփոխանի մը գոյութիւնը կրնայ շատ բան պայմանաւորել՝ փոքրամասնութիւններու խնդիրներու բարձրաձայնման եւ լուծումներու հասունացման տեսակէտէ։ Աւելորդ է ըսել, որ քաղաքական կլիման յարմար պէտք է ըլլայ։
Վերջին շրջաններուն նոյնիսկ մէկէ աւելի երեսփոխաններու խորհրդարանէն ներս ներկայութիւնը այդքան մեծ արդիւնք մը չէ ապահոված Թուրքիոյ հայ համայնքին տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ յառաջիկային ալ նոյնը պիտի ըլլայ։ Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու մինչեւ այսօր, նոյնպէս պարզ կուսակցականի մը հանգամանքով բաւական նպաստաւոր աշխատանք տարած է։ Եթէ այժմու իշխանութիւնը մնայ գործի գլուխ, ապա ան՝ այս անգամ պատգամաւորի հանգամանքով կրնայ աւելի օգտակար դերակատարութիւն մը ունենալ։ Եթէ կարողանայ ընտրուիլ, նոյնը չի բացառուիր նաեւ Մարգրիտ Տիքմէի պարագային։ Յամենայնդէպս, այս պահու դրութեամբ շատ հաւանական է, որ լաւագոյն պարագային խորհրդարանին մէջ միայն մէկ հայազգի երեսփոխան աթոռ զբաղեցնէ։ Եթէ իր կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ գտնուի, ապա, անշուշտ, տեսականօրէն տարբեր հորիզոններու մասին խօսիլ կարելի կրնայ ըլլալ։ Այլապէս, ընթացքը այս առումով շատ ալ տարբեր պիտի չըլլայ վերջին տարիներուն բաղդատմամբ։
Այս առումով պէտք է արձանագրել նաեւ, թէ ո՛ր քաղաքական թեւին ալ պատկանին, հայազգի հաւանական երեսփոխանները համայնքային խնդիրներով զբաղելու ժամանակ պէտք է կարողանան մասամբ կուսակցական պատկանելիութիւնը մէկ կողմ թողել ու փորձել կեդրոնանալ պետական շահերու եւ համայնքային կարիքներու առարկայականօրէն համընկնած կէտերուն վրայ։ Քաղաքական-կուսակցական շրջանակները այս անգամ եւս ընտրութիւններուն ընդառաջ շփման մէջ էին փոքրամասնութիւններուն հետ։ Բնականաբար, քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ, բոլոր ընտրողները պէտք է սիրաշահիլ՝ որքան ալ որ փոքրամասնութիւններու ձայները այլեւս որոշիչ չըլլան։ Բոլոր կուսակցութիւնները, թեկնածուները անպայման կը շփուին երկրի փոքրամասնութիւններուն հետ։ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները ո՛չ թէ ազգային, այլ կրօնական փոքրամասնութիւններ են։ Անշուշտ, որ քաղաքական ուժերը կը ջանան սիրաշահիլ փոքրամասնութիւնները, որովհետեւ երբեմն նոյնիսկ մէկ քուէն արժէք կը ներկայացնէ։ Միւս կողմէ, պէտք է ընդունիլ, որ փոքրամասնութիւններու կշիռը, մարդուժը, ընդհանուր առմամբ, ներուժը բաւարար չեն ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազգեցութիւն գործելու։ Հանրապետական շրջանի քաղաքական նախընթացներուն մէջ գրեթէ չենք տեսներ պարագաներ, երբ քաղաքական ուժերը ընտրութիւններէն առաջ խոստումներ տան փոքրամասնութիւններուն ինչ-ինչ կնճռոտ հարցերու քննարկման կամ լուծման համար։ Առաջին հերթին սա ունի գործնական պատճառ մը։ Արդարեւ, հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ազգայնական-պահպանողական թեքում ունի եւ փոքրամասնութիւններու պարագային հրապարակային խոստումները մեծ ընտրազանգուածին վրայ հակառակ ազդեցութիւն կրնան գործել։ Պատմական հանգամանքներով պայմանաւորուած բարոյահոգեբանական գործօնները ցոյց կու տան, թէ գիտակցական կամ ենթագիտակցական հարթութեան վրայ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու համար նախատեսուած քայլերը լայն զանգուածին կողմէ կ՚ընկալւին՝ որպէս օտարներու համար կատարուած զիջումներ։ Հետեւաբար, քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները շատ նրբանկատ կը վարուին եւ ձեռնպահ կը մնան այդպիսի տպաւորութիւններ ստեղծելէ։ Յամենայնդէպս, անոնք իրենց տրամադրութիւնները զգալի կը դարձնեն աւելի նեղ շրջանակի շփումներու ժամանակ։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները կ՚այցելեն փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոնները կամ գլխաւոր աշխարհիկ կառոյցները, որոնց բովէն կ՚անցնին առկայ խնդիրներու լուծման որոնումները։ Կուսակցութիւնները կամ քաղաքական ուժերը փոքրամասնութիւններու մամուլն ալ կ՚օգտագործեն՝ իրենց պատգամը հասցնելու համար այդ հաւաքականութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, քանի փոքրամասնութիւններու հարցերը առաւել չափով պետական գիծի մը հետ կ՚առընչուին՝ բոլոր կուսակցութիւնները նախընտրական գործընթացներուն մէջ նպատակայարմար չեն գտներ տալ այնպիսի խոստումներ, որոնք յաջորդ քայլափոխին կրնան զիրենք հակասական դիրքի մատնել կամ իրենց համար խնդրայարոյց պարագաներ յառաջացնել։
Փոքրամասնութիւնները ունին միակ խաղաքարտ մը։ Որքան որ ալ անոնք չունենան ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ ազդելու ներուժը, ապա, յաջորդ քայլափոխին, այդ ընտրութիւնով ձեւաւորուելիք իշխանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան իր ցուցափեղկը ձեւաւորելու ժամանակ միշտ կարիքը կ՚ունենայ անոնց։ Այսինքն, ամբողջ աշխարհի մէջ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը, անոնց հարցերու լուծման համար ընծայուած զգայնութիւնը կը համարուի Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան ցուցիչը։ Փոքրամասնութիւններու նկատմամբ վերաբերմունքը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ տեսակէտէ կը համարուի չափանիշ մը։ Ուրեմն այս բոլորի հանրագումարին մէջ կը խմորուին նաեւ կուսակցութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու յարաբերուելու եզրերը։
Թուրքիոյ մէջ հայութիւնը երբեք միահամուռ վճիռով կամ միասնական դիրքորոշումով չի մասնակցիր ընտրութիւններուն։ Համայնքը թէեւ բաւական փոքրաթիւ է, սակայն մեծ ներքին տեսակաւորութիւն ունի։ Սա կը բացատրուի այս աշխարհագրութեան բնիկ տարրերէն մին ըլլալու եւ այս հասարակութեան շատ լաւ համարկուած ըլլալու հանգամանքներով։ Իւրաքանչիւր ընտրութեան համայնքի անդամները տարբեր քաղաքական ուժերու կը համակրին եւ տարբեր կուսակցութիւններու կամ թեկնածուներու ի նպաստ կը քուէարկեն։ Պէտք չէ անտեսել, որ բազմաթիւ կուսակցութիւններու շարքերէն ներս կը գտնուին հայազգի գործիչներ եւ քաղաքական գործունէութեան հետամուտ համայնքի անդամներու թիւն ալ կը բարձրանայ։ Բայց այս բոլորը չի նշանակեր, որ համայնքը անտարբեր է ընտրութիւններուն նկատմամբ։ Ընդհակառակն, ընտրութիւնները միշտ կը համարուին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը ապացուցանելու առիթ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ հայ համայնքները ընտրութիւններու ժամանակ կը ջանան՝ իրենց առաջնահերթութիւններուն համապատասխան հնարաւորութիւններ ապահովել կամ առաւելութիւններու հասնիլ։ Մետայլի միւս երեսակին, ամէնուր ալ հայկական կեանքը կարելի չ՚ըլլար հարիւր տոկոսով խնայել տուեալ երկրի կուսակցական մրցակցութիւններէ կամ քաղաքական ուժերու ազդեցութեան պայքարներէ։ Սա համայնքի քաղաքականութեամբ զբաղող անդամներու ճկունութիւններէն, պատասխանատուութեան գիտակցութենէն կամ հասունութենէն կախում ունի։ Փոքրամասնութիւններու հարցերը ամէնուրեք հնարաւոր է լուծել ամուր քոնսենսիւսով։ Հայազգի գործիչները պէտք է անպիսի վարպետութիւնով մը գործեն, որ մէկ կողմէ այդ կուսակցական տեսքերը չխանգարեն, իսկ միւս կողմէ իրենց ինքնութեան հասարակաց յայտարարին վրայ կարողանան այդ քոնսենսիւսը ապահովել։ Սա, անշուշտ, շատ իտէալական վիճակ մըն է եւ միշտ չէ, որ հնարաւոր կ՚ըլլայ ապահովել։ Թուրքիոյ պարագան ալ բացառութիւն չէ այստեղ։
Յամենայնդէպս, թրքահայութիւնը ունի բաւարար փորձառութիւնը՝ նախընտրական իրավիճակներու մէջ անհրաժեշտ նպատակասլացութեամբ ընթանալու տեսակէտէ։ Համայնքի կառոյցները այնպիսի յաճախականութեան մը վրայ կը մնան, որ կարելի չ՚ըլլար համայնքին ընդհանրացումներ վերագրել կամ համայնքը որեւէ քաղաքական ուժի հետ նոյնացնել, պիտակաւորել։ Համայնքային վարիչները քաջ կը գիտակցին, որ ընտրութիւնները կը վերջանան եւ իրենց բուն աշխատանքը կը սկսի յաջորդ քայլափոխին, երբ կը ձեւաւորուի նոր իշխանութիւնը։ Նախընտրական շրջանին համայնքը այնպիսի հեռատեսութիւնով կ՚առաջնորդուի, որ միշտ տեղ մը կ՚ունենայ նոր ստեղծուելիք իշխանութեան հետ աշխատելու։
Թրքահայ ընտրողները անհատապէս կողմնորոշուելու ճանապարհին երբեմն կը մատնուին որոշ պղտորութեան կամ դժուարութեան։ Արդարեւ, կը յառաջանան զանազան վիճակներ, երբ անհատական կենցաղի եւ համայնքի հաւաքական շահուն տեսակէտէ, նախընտրութիւններուն տեսակէտէ հակասութիւններ կրնան ծագիլ քաղաքական ճամբարներու դիրքորոշումներուն եւ հաւանական վերաբերմունքին միջեւ։ Համայնքային վարիչներն ու մամուլը Թուրքիոյ ընտրութիւններուն եւ բոլոր քաղաքական իրադարձութիւններուն կը հետեւին այն գիտակցութիւնով, թէ իրենց մօտեցումները կը վերագրուին ամբողջ համայնքին, որովհետեւ այդ հարթակները կը համարուին թրքահայութեան ձայնն ու հայելին։ Ուստի, գլխաւոր սկզբունքն է ընտրութիւնները տեսնել՝ առաջին հերթին շեշտադրելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացիները ընդհանուրին հետ նոյն նաւուն մէջ կը գտնուին եւ իրենց ձայները կու տան՝ ո՛չ թէ մասնակի, այլ ընդհանրական շահերու հետամուտ։ Առանձնայատկութիւնները այս պարագային կը պարտադրեն գործել շատ նրբանկատ ու վեր մնալ ամէն տեսակ կողմնակցութենէ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին համայնքը ունենայ հնարաւորինս ընդարձակ դաշտ մը գործելու համար։ Առանց քաղաքական շրջանակներու հետ առողջ ու անկեղծ շփուելու, առանց անոնց առջեւ մեր առաջնահերթութիւնները յստակօրէն բանաձեւելու՝ անկարելի է երաշխաւորել համայնքային կառոյցներու բնականոն գործունէութիւնը, ինչ որ համայնքի հայապահպանման պայքարի կիզակէտին կը գտնուի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
(վերջ այս շարքի)