Ըլլալ պաղարիւն ու չափաւոր

Ան­ցեա­լի մէջ դա­ւա­նա­փոխ կամ կրօ­նա­փոխ ե­ղած հա­յոց մե­րօ­րեայ շա­ռա­ւիղ­նե­րուն վե­րա­դար­ձի հար­ցը ու­նի բարդ ե­րե­սակ­ներ։ Հա­յաս­տա­նի մէջ մկրտուե­լու ցան­կու­թիւն յայտ­նած ու մերժուած ե­րեք ծպտեալ հա­յե­րու հար­ցը վառ օ­րի­նակ մըն է այս ա­ռու­մով։ Յայտ­նի է, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ներ­դաշ­նակ ձե­ւով կը գոր­ծեն թէ՛ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու հա­մար Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սկզբունք­նե­րուն եւ նուի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն եւ թէ թիւր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու նպա­տա­կով։

Այս ամ­բող­ջին մէջ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի է Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Ա­րա­գած Ա­խո­յեա­նի պնդու­մը։ Ըստ ի­րեն, ե­րեք ծպտեալ­նե­րը չեն կրցեր մկրտուիլ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ այս­պէ­սով «վե­րա­հաս­տա­տուեր ու ա­պա­ցու­ցուեր է», որ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը գոր­ծէ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ցուց­մունք­նե­րով։ Ե­րե­ւոյ­թը քննա­դա­տե­լի է քա­նի մը տե­սան­կիւ­նէ։ Նախ, ար­դեօք ի՞նչ փաս­տե­րու եւ ա­պա­ցոյց­նե­րու հի­ման վրայ կը խօ­սի Ա­խո­յեան։ Ե­թէ ու­նի, թող ը­սէ, իսկ ե­թէ ոչ, մի­թէ պատ­գա­մա­ւո­րի մը յա­րի՞ր է նման գոր­ծե­լաո­ճը։ Այս նիւ­թը ար­դէն ցա­ւոտ է հայ­կա­կան աշ­խար­հի տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­խո­յեան, որ­պէս կնքա­հայ­րի թեկ­նա­ծու, ինչ­պէ՞ս կրնայ ինք­զին­քին վե­րա­պա­հել ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան դէմ ըմ­բոս­տա­նա­լու ի­րա­ւունք։

Ու վեր­ջա­պէս… Ա­խո­յեան ե­րես­փո­խան է Հա­յաս­տա­նի, որ չու­նի բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ Թուր­քիոյ հետ։ Այս վի­ճա­կին մէջ, Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րուն հետ հա­կա­սե­լով՝ ան յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Կա՞ն Թուր­քիա­յէն ալ ե­րես­փո­խան­ներ, ո­րոնք իր նման կ՚եր­թան Հա­յաս­տան։ Ջու­րի ճամ­բա՞յ… Եւ այս­քա­նէն վերջ, երկ­րի հայ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դի պա­րա­գա­յին զրպար­տու­թիւն­ներ, նաեւ ան­տե­ղի ու ա­նօ­գուտ ակն­կա­լու­թիւն­ներ՝ երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հաս­ցէին։

Ին­չո՞ւ չըլ­լալ ա­ւե­լի պա­ղա­րիւն ու չա­փա­ւոր։ Ին­չո՞ւ չգոր­ծել ա­ւե­լի կշռա­դա­տուած ու շրջա­հա­յեաց։ Ին­չո՞ւ հե­ռու չմնալ կրօ­նա­կան զգա­ցում­նե­րու կե­ղե­քու­մէ։ Ին­չո՞ւ չխու­սա­փիլ ա­ժան պի­տա­կա­ւո­րում­նե­րէ։

Շար­քը ա­ւե­լի չեր­կա­րենք, որ­պէս­զի Պա­րոն Ա­խո­յեա­նին հա­մար չփա­կուի ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան ճա­նա­պար­հը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015